Լիբանանահայու ծոցէն հասակ նետած երեք գրողներ՝ ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ, ՄԱՆՈՒԷԼ ԱԴԱՄԵԱՆ եւ ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ:
Անոնց կենսագրականներով պիտի զարդարենք այս «Մշակութային էջ»ը, պարտք համարելով նշել վերոյիշեալ գրական նուիրեալներուն ծննդեան կամ մահուան տարեդարձները, որոնք կը համընկնին Հոկտեմբերի առաջին շաբթուան հետ:
Արեւմտահայ երեք գրիչներ, որոնց գրական «ժանր»երը կու գան պահիկ մը նոյնանալու համար եւ յանկարծ կը զատորոշուին գրական տարբեր սեռի առկայութեամբ:
Սարգիս Վահագնը ու Մանուէլ Ադամեանը թատերգութիւններ գրած են, բայց ահա վերջինս կը նոյնանայ Արամ Սեփեթճեանի հետ որպէս վիպագիր: Սեփեթճեանն ու Վահագնը խմբագրութեամբ զբաղուած են, սակայն Արամ Սեփեթճեանը բանաստեղծական գործեր չունի, Սարգիս Վահագնի եւ Ադամեանի նման:
Մեր այս մտաւորականներէն միայն մէկը՝ Սարգիս Վահագնը ողջ է, կ’ապրի Լոս Անճելըսի մէջ: Թէեւ 97 տարեկան, սակայն արտադրելու եռանդով՝ երիտասարդ, որուն համար կը յղենք առողջութեան եւ երկարակեցութեան բարեմաղթանքներ:
Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Արամ Սեփեթճեանը 4 տարի առաջ՝ 5 Հոկտեմբեր 2020-ին մահկանացուն կնքեց Պէյրութի մէջ:
Իսկ կրթական մշակ, բանասէր Մանուէլ Ադամեանը կեանքէն հեռացաւ 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, հեռաւոր Լոնտոնի մէջ:
Պարտք կը սեպենք վերջին երկու գրողներուն յիշատակը անմահացնել «Մշակութային Էջ»ի համեստ սիւնակներով:
Ձեր վարձքը կատար, Հայ գիրի ու գրականութեան անխոնջ նուիրեալներ:
ՄԱՆՈՒԷԼ ԱԴԱՄԵԱՆ. ՄԱՀՈՒԱՆ 4-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
(գրող, բանաստեղծ, թատերագիր եւ հրատարակիչ կրթական մշակ)
Կեանք եւ գործունէութիւն.
Ծնած է Պէյրութ։ 1952 թուականին աւարտած է Պէյրութի Աբգարեան ազգային վարժարանը, իսկ 1968 թուականին՝ Երեւանի պետական համալսարանը։
1971-1987 թուականներուն եղած է Պէյրութի Սահակ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն, միաժամանակ դասաւանդած է ՀԲԸՄ Երուանդ Հիւսիսեան համալսարանին մէջ։ Հիմնադրած է «Կոչնակ», «Նոր սերունդի ձայն» (հայերէն–անգլերէն), Պէյրութ։
Ադամեան եղած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ` ծաւալելով կուսակցական, ազգային, հասարակական, կրթական եւ գրական բեղուն գործունէութիւն Լիբանանի եւ Լոնտոնի մէջ:
Որպէս գրող ու բանաստեղծ ան հեղինակն է բազմաթիւ հատորներու: Եղած է խմբագիրը Լոնտոնի մէջ հրատարակուած «Նոր Սերունդ» պարբերականին:
Ադամեան եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ:
Մրցանակներ եւ պարգեւներ
Արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու եւ պարգեւներու:
ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութեան մետալ (2010),
ՀՀ «Մովսէս Խորենացի» մետալ (2010),
Հայ եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշան (2013),
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալ (2013)։
Լոյս ընծայած է «Կռունկները երգեցին» (1963),
«Տաք մոխիր» (1984),
«Հատուցում» (1990),
«Քարէ ծաղիկ» (1991) բանաստեղծութիւններու, եւ
«Փաստեր եւ մտորումներ» (1997) հրապարակախօսական յօդուածներու ժողովածուները։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
Աւելի լաւ է պատառ մը չոր հաց
Գոհունակութեամբ, խաղաղութիւնով,
Քան լեցուն տուն մը՝ զոհ ու մեղրահաց,
Վէմ ու հիմ սարսող անհաշտ կռիւով:
Ուրախ սիրտըն է դեղէն աւելի
Բուժիչ բալասան, դարման ճշմարիտ,
Նոյնիսկ մեղքի մէջ թաղուած մեռեալի:
Ահա՛ կը զղջայ հոգին ամբարիշտ՝
Որպէս երաժիշտ, նաեւ տաղերգու
Մունետիկըն է խաղաղ գոյութեան,
Եւ սիրոյ ձայնին որպէս խնկարկու՝
Կը վառէ ջահը լոյսի, գթութեան:
Ընդդէմ մթութեան եւ խաւարի դէմ,
Ընդդէմ քաոսի եւ մասամբ նորին,
Ընդդէմ մեղանչաց խաղերուն դժխեմ,
Սաղմոսերգուի հաւատքով խորին:
ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ. ԾՆՆԴԵԱՆ 97-ԱՄԵԱԿ
(Գրող, թարգմանիչ, խմբագիր թատերագիր, վիպագիր)
Սարգիս Վահագնը (Սարգիս Գաբրիէլի Փաթափութեան) ծնած է 7 Հոկտեմբերի 1927-ին, Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Ֆրանսական լիսէի մէջ, 1945 թուականին աւարտելով առեւտուրի եւ հաշուապահութեան բաժինը: Դեռ մանկուց զբաղուած է գրականութեամբ, բանաստեղծութիւններ գրելով: 1950-ականներուն անդամակցած է գրական, մշակութային շարք մը խմբակներու: Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Պէյրութի «Գրական շրջանակ»-ի կազմաւորման եւ հետագայ գործունէութեան: 1954 թուականէն ի վեր իր ստեղծագործութիւնները լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Կամար» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ: Մօտ տասը տարի՝ մինչեւ 1986 թուականին ԱՄՆ մեկնիլը, թղթակցած է «Շիրակ» ամսագրին, եղած է խմբագրական կազմի անդամ՝ վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը: Գրականութեան առընթեր մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է շարժապատկերի եւ թատրոնի նկատմամբ: 1958-59 թուականներուն Պէյրութի մէջ հրատարակած է Սփիւռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ համարուող «Նոր սինեմա» պարբերագիրքերը՝ ֆիլմարուեստի վերաբերեալ: 2008-ին Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ.-ի կողմէ արժանացած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանին, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանին:
Ամուսնացած է Հայկուհի Աճեմեանի հետ, ունի երեք զավակ՝ Հուրի (այժմ՝ Ճէրէճեան), Արա եւ Արտեմ (գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր): Ունի 3 թոռներ:
1986 թուականէն ի վեր կ’ապրի Լոս Անճելըսի մէջ:
Հրատարակուած երկերը.-
- «Մատանիներ» (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1969 (արժանացած է «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակին):
- «Արմատներ» (պատմուածքներ), Երեւան, 1981:
- «Նայիրեան մորմոք» (թատերգութիւն), Պէյրութ, 1982 (արժանացած է «Ալեք Մանուկեան» գրական մրցանակին):
- «Աշոտ ողորմած» (թատերգութիւն), Լոս Անճելըս, 1991:
- «Տագնապը» (պատմուածքներ), Լոս Անճելըս, 2000:
- «Արշիլ Գորկի» (վէպ), Լոս Անճելըս. 2004 (արժանացած է Հայաստանի «Թէքէեան մշակութային միութեան» եւ «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակներուն):
- «Գրական hամաստեղութիւն» (փորձագրութիւններ, գրախօսականներ), Լոս Անճելըս, 2008:
- «Շուրջը՝ ոչինչ» (Շահան Շահնուրի (Արմէն Լիւբէն) ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններու ժողովածուի հայերէն թարգմանութիւն), 2010:
- «Ծաղկաքաղ» (պատմուածքներ), 2017, «Թէքէեան մշակութային միութիւն»:
- «Հաճընը Սիրուն» (վէպ), 2017 (գիրքը նուիրուած է հեղինակի մեծ մօր, երեք երիտասարդ հօրաքոյրերուն, ինչպէս նաեւ հերոսական Հաճըն քաղաքի վեց հազար նահատակներու յիշատակին):
- «Ինքս Ինձ Հետ» (Յուշավէպ), Լոս Անճելըս, 2019:
Կրակմար
Փակէ՛ փեղկերդ,
Դուռ ու պատուհանդ,
Փակէ՛ ինչ որ կրնաս.
Աչքերդ, շրթներդ, ունկերդ,
Ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ:
– Դուրսը՝ կրակմար է, տագնա՛պ:
Դուրսը՝
Գիշերը առանձինն՝
Կը ճանկէ աչքը աստղերուն:
Ամայութեան սալայատակները
Կը սրսփան, կը դողան
Կաղկանձներուն տակ լռութեան:
Դուրսը՝
Անձաւներէն իջեր է մարդը,
Մերկ նստեր է
Ու գիշերուայ յեսաքարին վրայ,
Կը սրէ ժանիքները ատելութեան:
Նախամարդը՝ հրազէնի երախներով
Կը գոռայ վախը:
Շո՛ւտ,
Փակէ՛ դուռ ու պատուհան,
Կղպէ սիրտդ ալ,
Հաւաքէ՛ երազներդ,
Ծալլէ՛ տերեւներդ,
Կապկպէ ունեցած-չունեցածդ
Փակէ՛ ինքզինքդ.
Դուրսը՝ կրակմա՛ր է…
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ. ՄԱՀՈՒԱՆ 4-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
(հրապարակագիր, արձակագիր, խմբագիր, մշակութային եւ հասարակական գործիչ, վիպագիր)
Կենսագրութիւն
Արամ Սեփեթճեան ծնած է 22 Փետրուար 1934 թուականին, Ալեքսանտրէթ, Կիլիկիա։
1938-ին ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր բնակած է մինչեւ իր մահը: Նախակրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Մ. Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանին եւ Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին մէջ։
Աւարտած է Պէյրութի École Technical de Commerce-ի ճարտարագիտական գնահատողի (cost engineer) ճիւղը։ Ճարտարագիտութեան մէջ վկայական կը ստանայ Լոնտոնէն (հեռակայ ուսմամբ): Անդամ եղած է Լոնտոնի Architects & surveyors institute-ին։ Մասնագիտութեամբ՝ ճարտարապետական գնահատող: Հետեւած է նաեւ լրագրութեան եւ նորավիպագրութեան (short story writing)։
1958-ին, Պէյրութի եղբայրասպան կռիւներուն պաճառաւ ճամբայ կ’ելլէ դէպի Քուէյթ, ուր կը մնայ մինչեւ 1964։
1967-ին Պէյրութի մէջ կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը, ամուսնանալով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախկին Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկի դասընկերուհիներէն Մելինէի հետ։ Կը բախտաւորուի երեք զաւակով։
Իր ասպարէզին բերումով յաճախ ճամբորդած է Սէուտական Արաբիա, Նիճերիա, Միացեալ Նահանգներ (1986), Ապու Տապի (1988–1992) եւ այլն։
Արամ Սեփեթճեան սեփականատէրն էր «ՍԻՓԱՆ» հրատարակչատան: Իր գործին առընթեր վարած է գրա-հրատարակչական գործունէութիւն մը. հիմնած է Սիփան գրա-հրատարակչատունը, անձնական միջոցներով։
Արամ Սեփեթճեան աշխատակցած է սփիւռքի եւ հայրենի գրական մամուլին:
1967–2004 թուականներուն՝ խմբագրակազմի անդամ «Շիրակ» պարբերաթերթին:
Աշխատակցած է «Պայքար» օրաթերթին, «Արմէն Հրաչ» գրչանունով։
2005-ին՝ խմբագրակազմի անդամ «Կամար» պարբերաթերթին:
1991–2006 թուականներուն՝ գլխաւոր խմբագիր ՝ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» ամսագրին:
Գրական գործունէութիւն
Արամ Սեփեթճեան որպէս գրականութեան ուսուցիչ եւ առաջնորդ ունեցած է Վահէ-Վահեանը։ 1951-ին Պոսթընի (ԱՄՆ) «Պայքար» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Արամ Սեփեթճեանի առաջին պատմուածքը:
«Անլոյս Գիշերներ», պատմուածքներ (1964)
«Կեանքի կարօտով», պատմուածքներ (1969)
«Ողջակէզ», վիպակ (1978)
«Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ», վիպակ (1985)
«Հող եւ մորմոք», ժողովածու,(2001) Երեւան
«Բանաստեղծութիւնը տագնապի ընդմէջէն», գականագիտական (2009)
«Գրական հանդիպումներ», գրականագիտական (2014)
«Ժամանակայոյզ խոհեր», հրապարակագրական (2005)
«Ձայներ լռութեան մէջ», հրապարակագրական (2014)
«Սիփան» իր հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած հատորներէն շատերուն խմբագիրը եղաւ։ Անոնց մէջ էին Վահէ-Վահեանի բանաստեղծական հատորներու եւ Վահան Թէքէեանի «Նամականի»ի հրատարակութիւնը, որոնք փայլքը կազմեցին իր հրատարակչական եւ խմբագրական վաստակին։
Արաբերէնով՝ «Ողջակէզ»ի թարգմանութիւնը «Ազ-զապիհա» (2014):
1996-էն Արամ Սեփեթճեան անդամ եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան:
Մասնակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան 9-րդ համագումարին եւ ՀԳՄ-ի գրական երկամեայ համաժողովներուն (2002-էն 2014):
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ.-
«Զտարիւն հայ մարդն ու գրողն էր Արամ Սեփեթճեան։ Գրական արձակի մեծ վաստակ թողուց իր ետին։ Իսկ իր հրապարակագրական բերքը չափազանց հարուստ եղած է։ Գրականագիտական իր հատորները կը վկայեն իր գրական հմտութեան եւ անաչառ դատումներուն մասին։ Ան վեր էր հատուածական հաշիւներէ եւ գրական գործերը կը մեկնաբանէր կշռադատուած գրիչով»։