Մոսկուայի մէջ կայացած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը:
Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ Ռուսիան Հայաստանի տնտեսութեան առաջատար ներդրողն է: Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան շատ յաջող, ապրանքաշրջանառութիւնը նախորդ տարի հասած է 7,4 միլիառ տոլարի, իսկ առաջին կիսամեակին աճած է 2,5 անգամ՝ գերազանցելով 8,3 միլիառ տոլար։ «Եթէ մենք ընթանանք այս կշռոյթով, ատիկա կը նշանակէ, որ մինչեւ տարեվերջ աճը պիտի կազմէ 14-16 միլիառ, ասիկա մրցանշային ցուցանիշ է», ըսաւ Փութին:
Փաշինեան իր հերթին նշեց, որ վերջին ամիսներուն շատ աշխոյժ քաղաքական երկխօսութիւն եղած է երկու երկիրներուն միջեւ: Ան ըսաւ, որ Հոկտեմբերի սկիզբը Երեւանի մէջ կայացաւ ԵԱՏՄ միջկառավարական վեհաժողովը, որու շրջանակին մէջ իրենք մանրամասն քննարկեցին իրենց գործընկերութեան հարցերը:
Բացի անկէ, Ռուսիոյ նախագահը Փաշինեանը հրաւիրած է մասնակցելու Քազանի մէջ կայանալիք ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին:
Նախքան այս Փութինը հանդիպած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: