«Էն.Պի.Սի»-ն մէջբերած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի խօսքերը, որ Իրանը շատ շուտով կրնայ հիւլէական ռումբ արտադրել: Մէկ հիւլէական ռումբի արտադրութիւնը կրնայ տեւել մէկ շաբաթ եւ վտանգները երթալով կը մեծնան: Պըրնզ յայտնեց, որ իրենք որեւէ ապացոյց չեն տեսներ, որ Իրանը հիւլէական ռումբ ստեղծելու որոշում կայացուց, եւ իրենք կանգնած են Միջին Արեւելքի իրավիճակի սրման վտանգի առջեւ, չնայած Իրանը եւ Իսրայէլը չեն ցանկար համապարփակ հակամարտութիւն։ Իրանի բանակի սպայակոյտը սպառնացած է Իսրայէլին լայնածաւալ եւ համակողմանիօրէն ոչնչացնել իր ենթակառուցուածքը, եթէ վերջինս արձագանգէ հրթիռային յարձակման: