Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇԷՅԽ ՔԱՍԵՄԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

October 9, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՇԷՅԽ ՔԱՍԵՄԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

 

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նաիմ Քասեմ պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին ընդգծեց, որ սիոնական ​​կազմակերպութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մեծ հանդիպումը իրենց վրայ ճնշում բանեցնելու համար է, որպէսզի վախնան, սակայն ոչ մէկ բան զիրենք կը վախցնէ:

Ան մատնանշեց, որ նահատակ ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի բացակայութեան իրենց իրավիճակը շատ դժուար է, բայց իրենք ոգեշնչուած են անոր ուժով:            Քասեմ բացատրեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»ը բացառիկ իրադարձութիւն է եւ սկիզբ՝ Միջին Արեւելքի դիմագիծը փոխելու:            Ան յայտնեց, որ Համասի եւ ամբողջ Պաղեստինի ժողովուրդի մարտիկներուն պայքարը 100 առ հարիւր օրինական աշխատանք է, եւ աւելցուց, որ բռնագրաւման նպատակը ոչ թէ «Աքսայի ջրհեղեղ»ին արձագանգելն էր, այլ ամբողջութեամբ վերջ տալ դիմադրութեան եւ ոչնչացնել Պաղեստինի ժողովուրդը։            Քասեմ հաստատեց, որ Լիբանանի աջակցութեան ճակատը 11 ամիս հիւծած է թշնամին եւ վտարած վերաբնակիչները հիւսիսէն: Ան նշեց, որ Լիբանանը թիրախաւորուած է, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն բազմիցս յայտարարած է, որ կը ցանկայ տեսնել նոր Միջին Արեւելք մը, նշելով որ պատմութիւնը ապացուցած է, որ սիոնական ​​կառոյցը վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանին եւ աշխարհին համար:   Ան յայտնեց, որ «հիւսիսի մէջ գտնուող բնակավայրերը կը գտնուին մեր հրթիռներու շառաւիղին մէջ, եւ մեր կարողութիւնները լաւ են»։    Շէյխ Քասեմ ըսաւ նաեւ, որ «ղեկավարումը, վերահսկումը, կառավարումը եւ դիմադրութիւնը խնամքով կազմակերպուած են, եւ հարուածները յաղթահարած ենք»:

Share62Tweet39
Previous Post

ՔԱԹԱՐԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Next Post

ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀՈՍՔ    

Next Post

ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀՈՍՔ    

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.