Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԹԻՐԱԽՆԵՐ    

October 9, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԹԻՐԱԽՆԵՐ    

Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմին դադրեցման հրադադարի ջանքերը լիբանանեան եւ միջազգային դիւանագիտական, կրօնական ու քաղաքական մակարդակի վրայ շարունակուեցան նաեւ երէկ, որոնք սակայն ի դերեւ ելան: Միւս կողմէ, Իսրայէլ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ իր թիրախաւորումները եւ օդային թռիչքները նոյն ձեւով շարունակեց: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ պահանջեց ռազմական յաւելեալ զօրքեր՝ հարաւային Լիբանանի մէջ որոշակի գործողութիւն սկսելու համար: Առ այդ 146-րդ խումբը միացաւ մնացեալ խումբերուն եւ գործողութիւնը սկսաւ: Նշենք, որ այս պահեստային խումբը կը կռուի «Հիւսիսային նետեր» արշաւի շրջագիծին մէջ, եւ այս ուժերը կը պատերազմին հրետանային ուժերու հետ՝ բացայայտելու եւ ոչնչացնելու համար Հըզպալլայի ենթակառուցուածքները: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Հըզպալլան առանց ղեկավարութեան կազմակերպութիւն է, անոր ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլան սպաննուեցաւ, թերեւս իր յաջորդն ալ մաքրագործուեցաւ:             Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն Ղատիր, Հարըթ Հըրէյք շրջաններուն վրայ իսրայէլեան օդուժը քանի մը յարձակումներ գործեց: Ըստ իսրայէլեան բանակին, Պէյրութի մէջ ճիշդ հարուածով Իսրայէլ սպաննեց Հըզպալլայի սպայակոյտի համակարգի պետ Սուհէյլ Հուսէյն Հուսէյնին: Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Քասեմի խօսքի պահուն Լիբանանէն Հայֆայի ծոցի ուղղութեամբ 100 հրթիռներ արձակուեցան: Իսրայէլեան բանակը Կոլանի զօրամասէն ուժերով իր հսկողութեան տակ առաւ Հըզպալլայի պատկանող համալիր մը: «Մայատին» հաղորդեց, որ Հըզպալլա մեծ գործողութիւն մը կատարեց Լապւոնայի մօտ իսրայէլեան յատուկ ուժի մը դէմ եւ արձանագրուեցան մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Share62Tweet39
Previous Post

Հ.Մ.Մ.Ի «ՊԱՊԱ»-Ն. ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԱՖԵԱՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ (7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020)

Next Post

ՔԱԹԱՐԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Next Post
ՔԱԹԱՐԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

ՔԱԹԱՐԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.