Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ.Մ.Մ.Ի «ՊԱՊԱ»-Ն. ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԱՖԵԱՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ (7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020)

October 8, 2024
in Այլազան, Գաղութային, Յօդուածներ
0
Հ.Մ.Մ.Ի «ՊԱՊԱ»-Ն. ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԱՖԵԱՆ  ՄԱՀՈՒԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ (7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020)

 

Տիգրան Սարաֆեան ծնած է 1927-ին, Աղեքսանտրէթէն 25 քմ արեւելք՝ Պէյլանի մէջ: Փոքր տարիքէն անդամակցած է Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շարքերուն: Ան 20 տարիներ ստանձնած է Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, իսկ 1985-2009 տարիներուն վարած է յաջորդաբար հինգ կեդրոնական վարչութիւններու ատենապետութիւնը: Որպէս Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) երկարամեայ ատենապետ, իր միութենական առաքելութեամբ ան գտնուած է Հ.Մ.Մ.–ի կազմակերպական գրեթէ բոլոր շրջանները եւ լուրջ աշխատանք տարած է անոր բազմազան յանձնախումբերէն ներս, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Ան իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է ՀՄ.Մ.-էն ներս, գլխաւորաբար ծառայելով սկաուտական եւ երիտասարդական շարքերուն:

Տիգրան Սարաֆեան եղած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի երկարամեայ անդամ:

Տիգրան Սարաֆեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան եւ ազգային համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանման մէջ: Ատենապետն էր հայկական կուսակցութիւններուն կողմէ յառաջացած «Պատերազմի միացեալ մարմինի»ն: Ան դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան կնքահայրերէն մին էր, որուն պատճառով լիբանանահայութիւնը եւ հայկական թաղամասերը նուազագոյն վնասով դուրս եկան:

Եղած է երկարամեայ ազգային գործիչ: Ան Միջին Արեւելքի հայ համայնքներէն ներս երկար տարիներ ծառայեց ի խնդիր սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին:

Կեանքի վերջին տարիներուն, բարեբախտաբար, ընկ. Սարաֆեան հասցուց գրել Հ.Մ.Մ.-ի պատմութիւնը: «Հ.Մ.Մ.ի պատմութեան հետքերով» գիրքին գինեձօնը տեղի ունեցած է Հ.Մ.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հ.Մ.Մ.-ի տեղական վարչութիւններուն կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 12 Սեպտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ: Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուցած է տոքթ. Յարութիւն Սաղրեանը: Իսկ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան ներկայացուցած է հեղինակը եւ իր շնորհաւորութիւններն ու յարատեւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքները յայտնած:

Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ անդամ, Հ.Մ.Մ.-ի երկարամեայ ատենապետ եւ Հ.Մ.Մ.-ի պատմագիրքերուն հեղինակ Տիգրան Սարաֆեան կը մահանայ 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, 93 տարեկանին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, Լոս Անճելըս: Երկարամեայ ազգային գործիչ վեթերան ընկերը կը հեռանայ իր ետին ձգելով կուսակցական, ազգային հասարակական ու մարզական բնագաւառներուն մէջ հարուստ ժառանգութիւն մը:

Ամուսնացած է Վարդուհի Սարաֆեան-Թաթուլեանի հետ: Ունի մէկ մանչ՝ Համբարձում Սարաֆեան (այժմ՝ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ) եւ երկու դուստրեր՝ Նորա Սարաֆեան-Միհրանեան եւ Հուրի Սարաֆեան-Սաթեան:

 

Երկու վկայութիւն  ընկեր Տիգրան Սարաֆեանէն:

Ա. «Հայաստանի անկախացումէն ետք, Տիգրան Սարաֆեան իր ծանօթութիւններուն բերումով կարեւոր դեր ունեցաւ հիմնելու Հ.Մ.Մ.-ը Հայաստանի մէջ»։

Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ՄԻՍԱՔ ՆԱՃԱՐԵԱՆ:

 

Բ. «Տարբեր ժամանակներու, տարբեր արժէքներու, տարբեր մտքի եւ իմացականութեան, հարուստ փորձառութեան եւ հանդարտաբարոյ նկարագրի տէր լիարժէք հայ մարդ: Յարգանք իր յիշատակին: Կը խոնարհիմ»:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի գործադիր տնօրէն ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ:

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՈՉ-ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐԸ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԹԻՐԱԽՆԵՐ    

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԹԻՐԱԽՆԵՐ    

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԹԻՐԱԽՆԵՐ    

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.