Եթէ Նոյն միջավայրին մէջ ապրող երկու կամ աւելի տարբեր ցեղային հաւաքականութիւններ կամ ազգեր իրար միջեւ յարաբերութիւնները խաթարող վարուելակերպ դրսեւորեն, հարցը կը յանգի անհամեմատ անախորժ կացութեան ստեղծման, մինչեւ իսկ՝ ջարդերու։ Ազգ մը իր արժանիքները դրուատող եղելութիւններէ եւ խօսքերէ հեռու մնալու իմաստութիւնը պէտք է ունենայ եւ միշտ զուսպ վարուի։ Նոյնպէս մէկ հաւաքականութիւն մը միւսին սպառնալիքներով հրապարակաւ հանդէս գալը մեծ սխալ է։ Դիւանագիտութիւնը կը պահանջէ նախ զուսպ ըլլալ որեւէ հարց մը դրսեւորելու մէջ եւ ապա կեդրոնանալ հարցերու խաղաղ լուծման անկեղծ առաջարկներու վրայ եւ նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ՝ քարոզչութեան։ Խաղաղ լուծումներու հասնելու նպատակով, առաջնահերթութիւնը կը տրուի երկխօսութեան, որուն մասին քանի մը հայ քաղաքական մարդիկ եւ գրագէտներ շատոնց խօսած են։
1914-ի ամառը պատերազմ յայտարարուած էր։ «Մեծ պետութիւնները ահազանգի մէջ էին, իսկ հայ ժողովուրդը, թէ Կովկասի եւ թէ Օսմանեան պետութեան սահմաններուն մէջ երկունքի ահաւոր ցաւերով եւ բազմադարեան պոռթկացող յոյսերու փոթորիկով մը կը գալարէր․․։ Ոչ ոք հաւատք կ’ընծայէր «մեծ ծրագրի» մը կարելիութեան, նկատելով որ մարդկային նախապատմական շրջաններէն ասդին, ազգերու պատմութեան մէջ նմանօրինակ պարագայ մը, «ազգերու բռնազբօսիկ տեղահանութիւն» երբեք չի յիշուիր։ Ցաւալիօրէն, վերջին երեսուն տարուան արիւնոտ փորձառութիւնը դեռ չէր զգաստացուցած հայը եւ չէր կրցած նուազ անկեղծ եւ աւելի վերապահ ընել զայն․․․» (Գրիգորիս Ծ․ Վրդ․ Պալաքեան (հետագային եպիսկոպոս))։
Այս ուղղութեամբ Գրիգորիս Ծ․ Վրդ․ իր «Հայ Գողգոթան» խորագիրով երկհատոր աշխատութեան նախաբանին մէջ կ’ըսէ․ «Պոլսոյ հայերն այնքան ակնյայտ կերպով սկսած էին արտայայտել իրենց զգացումները, որ թրքերէն թերթերը, ինպէս «Գարակէօզ»ը, հեգնօրէն կը գրէին, թէ օրուան պատերազմական յաջողութիւնները կամ ձախողութիւնները իմանալու համար, ձեզի հանդիպող առաջին հայուն երեսը նայեցէք, եթէ ուրախ է՝ Ռուսիան է յաղթողը, եթէ տրտում է՝ ուրեմն՝ Գերմանիան»։
Տակաւին՝ Պոլսոյ մէջ 1915-ի սկիզբը մեծ շուքով հայութիւնը կը նշէ հայոց այբուբենի գիւտին (405 Ք․Ե․) 1500-ամեակը, թուրք քաղաքական եւ մտաւորական դէմքեր հրաւիրելով։ Այդ հանդիսութեան հայերը հրապարակ կու գան հայ ազգի արժանիքներն ու մշակոյթը օտարներու անհաշտ ու նախանձոտ աչքերուն առջեւ գովաբանելով։ Այս տեսակի վարուելակերպ մը արդեօք կրնա՞ր օգտակար դեր կատարել հայութեան համար․․․
Զինեալ ինքնապաշտպանութիւնը միշտ օրինական եւ արդարացի ըլլալով հանդերձ, հայկական դիւանագիտութեան կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ երկխօսութեան վրայ, ինչպէս կը յորդորեն փորձառու հայ մտաւորականներ ու դիւանագէտներ։ Այս ուղղութեանբ հայրենի գրող Աբգար Ափինեան կը ներկայացնէ մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խոհերը։ Աբգար Ափինեան կ’ըսէ թէ Վահան Թէքէեան մեր մէջ առանձինն եւ առաջինն էր, որ յառաջ քաշած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ երկխօսութիւններու բարելաւման հարցը ի շահ հայ ազգի, մեր ապահովութեան եւ մեր ազգային նպատակներու հետապնդման եւ իրագործման համար: Ան Թէքէեանի յորդորական գրութիւններէն մէջբերում մը կատարած է. «Մենք ամէն ինչ որ կ’ընենք, մեր դէմ կը տրամադրենք բոլորը: Մտած ենք մենք մեր գաղափարին մէջ եւ դուրս չենք նայիր ու տեսներ թէ ի՞նչ բանը ճիշդ է ու արդար մեր գաղափարին մէջ: Մեր կատարածը բոլորովին տարբեր արձագանգ կը գտնէ մեր գաղափարէն դուրս: Մենք մեր դատը կը հետապնդենք՝ առանց հաշիւի նստելու այն ուժերուն հետ, որոնք աշխարհը կը կառավարեն: Մենք կ’ապրինք միայն մեր գաղափարով ու մեր այդ գաղափարի իրականացումը երազն է համայն հայութեան, բայց արդեօ՞ք բնաւ հարց տուա՞ծ ենք՝ ո՞ւր հասանք կամ պիտի հասնինք Ա՛յս ճանապարհով: Այսպէս մինակ, աշխարհէն կտրուած, աշխարհի կամքին դէմ» (էջ 53, Ափինեան):
Աբգար Ափինեան ազգային հարցերու եւ քաղաքականութեան վերաբերեալ Վահան Թէքէեանի ողջմտութեան ու պայծառատեսութեան ակնարկելով կ՛ըսէ. «Թէքէեանը բանաստեղծ էր, մեծ բանաստեղծ ու երեւելի դէմք քաղաքական մտքի ասպարէզում: Դեռ շատ պիտի առաջանանք, դեռ շատ պիտի առաջ շարժուենք, որ հասնենք ու մօտենանք իրեն: Թէքէեանը հայ մտքին սթափութիւնն է՝ ամէնից զգաստ հոգին (ընդգծումը իմս է, -Յ․Ի․)։
Երկխօսութեան շուրջ մտաւորական եւ հրապարակագիր Սիմոն Սիմոնեանի խոհերը նոյն ծիրին մէջ կ’իյյնան։ Արշակ Փօլատեանի «Զրոյց» խորագիրով հատորին մէջ կը կարդանք հետեւեալը․ «Ի՞նչ ընել թիւրքին հետ» հարցումին Սիմոն Սիմոնեան կ’ըսէ․ «Կրնա՞նք Թիւրքը համոզել որ իրեն համար շահաւոր պիտի ըլլայ Հայուն իրաւունքները վերադարձնել։ Գիտենք թէ այս հարցումը կրնայ նշանակել՝ գայլէն պահանջել իր կերած ոչխարները ողջ-առողջ վերադարձնել։ Փորձա՞ծ ենք անցեալին, Թիւրքին հետ բանակցիլ» (էջ 132)։
Հայկական իրականութեան անել վիճակին իբրեւ լուծում, այլ կէտերու կարգին Սիմոն Սիմոնեան կ’առաջարկէ՝ «ՓՈՐՁԵԼ ՑԱՐԴ ՄԵՐ ԸՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԱԿՈՏՆԵԱՅ ԲԱՆԵՐ՝ Այրել ինչ որ պաշտած ենք եւ պաշտել ինչ որ այրած ենք։ ․․․Մեր պաշտածները, մեր դրական կարծած բոլոր բաները (դէմքեր թէ դէպքեր), զորս չենք յիշեր չզայրացնելու համար աւանդապաշտ հոգիներ, մեզի չեն կրցած բերել բախտաւոր ճակատագիր, մինչ չեղած բաներէն շատեր գուցէ կրնային մեզի բերել աւելի բախտաւորութիւն, զօրութիւն եւ ապահովութիւն։ Խոր վերլուծութեան արժանի է այս վարկածը» (էջ 133-134):
Ներկայ միջազգային տիրող պայամաններու տակ, այլեւս պոռչտուքը եւ կեղծ յեղափոխութիւններն ու ցուցադրական արարքները նպատակի չեն ծառայեր։ Անոնք ժամանակավրէպ դարձած են։ Նոյնիսկ զինեալ պայքարը այլեւս ներկայ դարուս արհեստագիտական յառաջացման դիմաց անկարող պիտի ըլլայ ծառայելու իր նպատակին, մանաւանդ մեզի պէս փոքր ազգի մը համար։ Օգտակար պիտի ըլլար ըլլալ զուսպ, խոհեմ եւ հաւասարակշուած ձեւով դիմել երկխօսութեան եւ անկէ քաղել դրական արդիւնքներ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ