Զինք բնաւ մօտէն չէի ճանչցած: Տարին քանի մը անգամ զիրար ջերմօրէն կը բարեւէինք՝ Հ.Մ.Մ.-ի ձեռնարկներուն եւ Արաքս թաղի՝ նախկին Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի հարեւանութեամբ իր՝ շապիկներու վաճառատան առջեւէն անցած ժամանակս: Երբեմն «գործերու թեթեւ» շրջանին վաճառատան դուրսը կեցած կ’ըլլար: Քայլերս դանդաղեցնելով մայթին հակառակ կողմն անցնելով կը բարեւէի, «հալ ու քէֆ» փոխանակելով ճամբաս կը շարունակէի: Այդքան:
Վաստակաշատ դերասան ընկեր Ղազարոս Ալթունեանի տան մէջ, վերջինիս կենսագրականը մշակելու համար «նօթ»եր կը մեկտեղէի: Նիւթէ-նիւթ թռչկոտելով կանգ առինք Հ.Մ.Մ.-ի երբեմնի գրադարանին վրայ: Հոն յարգելի հայրենակիցէս իմացայ, որ ընկեր Համբիկ Օհանեանը եղած է Հ.Մ.Մ.-ի վարչական եւ վերադասաւորած է Հ.Մ.Մ.-ի գրադարանը:
1988 թուականին, ակումբին 2-րդ յարկը, համեստ սենեակներէն մէկուն, նոյնքան համեստ պայմաններու մէջ խոնարհ ծառայութիւնս բերած էի Հ.Մ.Մ.-գրադարանի կարգաւորման աշխատանքներուն: Այն ատեն գաղափար չունէի, որ ինձմէ առաջ այսքան բծախնդրօրէն գրադարանը պատսպարողը ընկեր Համբիկն էր: Որոշեցի ընկեր Օհանեանին հետ մեր յաջորդ պատահական հանդիպումը «Հ.Մ.Մ.ի գրադարան»ին յատկացնել: Առիթը չուշացաւ: Գրեթէ իր անակնկալ մեկնումէն մէկ տարի առաջ՝ 14 Սեպտեմբեր 2023-ին, Հինգշաբթի: Այո՛, մեր վերջին հանդիպումն էր, սակայն հոն է, որ ճանչցայ Համբիկ կամ Համբարձում Օհանեան մարդն ու միութենականը: Թէեւ առողջական վիճակէն գանգատներ ունեցաւ, զանոնք յատկապէս կապելով «քորոնային» հետ, սակայն լաւատես էր եւ ուրախ:
Այսօր, Հ.Մ.Մ.-ի «Էջ»ին վրայ երկու յուշակոթողներէն մին յատկացուցինք թէեւ միութենական կարճ շրջանով գործնական աշխատանք տարած, սակայն սիրտն ու հոգին ընդմիշտ Հ.Մ.Մ.-ին նուիրած եւ հարկ եղած ժամանակ քսակը լայն բացած երբեմնի վարչականին:
Ընկեր Համբիկ Օհանեան Հ.Մ.Մ.-ի բոլոր ձեռնարկներու քաջալերող եղած է: «Երբեմն մեծ թիւով ծանօթներուս ալ կը յորդորէի, յատկապէս պարահանդէսներու տոմսերը՝ գնման քաջալերելու իմաստով», կ’ըսէր ան: Հ.Մ.Մ.-ի ակումբի մուտքին, 1984-ին, Փարամազի կիսանդրիի ականահարման օրերուն, երբ ըստ երեւոյթին մարդուժի անկումը տիրական էր, ղեկավարութիւնը մեծ ջանքեր գործադրելէ ետք համոզած է ընկեր Օհամեանը՝ ստանձնելու վարչական պատասխանատուութիւն: «Ակումբին վնասները մեծ էին, միութենական գործերը՝ կանգ առած, նիւթական մտահոգութիւնները՝ շատ»: Ինք առաջարկած է ստանձնել Սկաուտական խորհուրդի դիւանը եւ երբ ստացած է վարչական կանաչ լոյսը, անմիջապէս անցած է գործնական քայլերու: «Որպէս տարազներու վաճառական, հաշուարկ մը կատարելով անմիջապէս 300 սկաուտական լման տարազ ապսպրեցի: Շուտով Սկաուտական խորհուրդին շուրջ յաջողեցանք հաւաքել մեծ թիւով սկաուտներ եւ արենուշներ», կը պատմէ ընկերը:
Այս աշխատանքներուն զուգահեռ, նաեւ ընկեր Օհանեանը սկսած է դասաւորել Հ.Մ.Մ-ի արժէքաւոր գրադարանը, նկատի ունենալով որ ան ակումբի պայթումէն մեծապէս տուժած էր: «Մաքրեցի, վերադասաւորեցի զանոնք, այրած կամ կիսով վնասուածները վերամշակեցի եւ ցանկագրեցի: Ընկեր Արմէն Ղարիպի դպրոցէն ալ խնդրեցի բերել գրադարանային կարասիներ: Սակայն նաեւ գրադարանին մէջ հաստատեցի խստագոյն կարգապահութիւն եւ օրինականութիւն: Ոչ մէկուն կ’արտօնէի գիրքերը Հ.Մ.Մ.-ի գրադարանէն դուրս տանիլ: Նոյնիսկ՝ վարչութեան ատենապետին: Այս պատճառով ալ շատեր ակամայ վշտացուցի», կը հաստատէ ընկերը:
Ընկեր Համբիկ համոզուած էր որ միութենական աշխատանքներուն հիմքը կարգապահութիւնն է: Այս համոզումով ալ ան կրցած էր մոխիրներէն ու քանդումէն յառնել Հ.Մ.Մ.-ի գրադարանն ու սկաուտութիւնը: «Ինծի համար վարչական ժողովներուն սուրճին շուրջ անիմաստ օրակարգերը բնաւ չէին հետաքրքրեր,- կը շարունակէ ընկեր Համբիկ,- կը նախընտրէի գրադարանին մէջ ըլլալ կամ սկաուտութեան քով»:
Թէ ուրիշ ի՞նչ պատմեց Հ.Մ.Մ-ի նախկին վարչականը, չեմ յիշեր: Հաւանաբար հետաքրքրական տեղեկութիւններ ալ պիտի պատմուէր եթէ հանդիպումները կրկնուէին: Սակայն իր մահազդի գուժէն ետք, ամէն անգամ վաճառատան դիմացէն անցած ժամանակ, կը մտաբերեմ պատմածները, Հ.Մ.Մ.-ի գրադարանին գիրքերը, պատերազմական իրավիճակներու բերումով սփիւռքեան մարդուժի նուազման տագնապները, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան վերականգնումը, իր ժպտերես դէմքը, հանդարտ խօսելաոճն ու թեթեւ խնդուքին ձայնը:
Ուրեմն մեր վերջին հանդիպումն էր այդ:
Ն.Ճ.