Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԲԱՒ ՎԱՅԵԼՈՂ ՖՐԱՆՔ ՔԱՓՐԻՕ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

October 8, 2024
in Գաղութային
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԲԱՒ ՎԱՅԵԼՈՂ ՖՐԱՆՔ ՔԱՓՐԻՕ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

 

 

Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիօն: Դատաւորը իր ընթացիկ դատական աշխատանքներուն առընթեր, անցնող տարիներու ընթացքին դատական յատուկ պարագաներ, ընկերային ցանցերու ճամբով, սեփականութիւնը դարձուցած է հանրութեան եւ ունեցած է մեծ թիւով հետեւորդներ: Դատերու նկատմամբ անոր ունեցած արդար մօտեցումներուն առընթեր, դատաւոր Քափրիօ նաեւ ցուցաբերած է հասկացողութիւն ու զգայուն մօտեցում: Դատական շրջանակներէ ներս ան կը վայելէ մեծ յարգանք:

 

Լսելով Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Փրաւիտընս՝ դատաւորը ուզած է հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրեր եւ ազգային վարչութեան անդամներ:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանք Քափրիօ դատաւորին՝ դատական հարցերու նկատմամբ անոր ցուցաբերած յաճախ գթասիրտ մօտեցման ու հասկացողութեան համար: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու առաքելութեան:

 

Share62Tweet39
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post

ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՓՈԽԱՐԷՆ)

Next Post
ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ  (ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՓՈԽԱՐԷՆ)

ՄԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՓՈԽԱՐԷՆ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.