Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԸԶՊԱԼԼԱ. «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ Է»

October 8, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԸԶՊԱԼԼԱ. «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ Է»

 

 

«Աքսայի ողողում» գործողութեան առաջին ամեակին առթիւ Հըզպալլա յայտարարեց, թէ անցեալ տարուայ 8 Հոկտեմբերին որոշուած էր բանալ Կազային զօրակցող լիբանանեան հարաւի ճակատը՝ որպէս աջակցութիւն պաղեստինեան իրաւունքին եւ պաշտպանութիւն՝ Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին: «Պարտութիւններու ժամանակաշրջանը աւարտած է», յայտարարեց Հըզպալլա:

Համաս շարժումի զինեալ թեւ «Քասսամ»-ի բանբեր Ապու Օպէյտա յայտնեց, որ Կազան տակաւին վճռակամ է, հակառակ տարի մը երկարած յարձակումներուն: «Աքսայի ողողում» գործողութեան առաջին ամեակին առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, Ապու Օպայտա նշեալ գործողութիւնը համարեց արդի պատմութեան մէջ յատուկ ուժերու ամէնէն արհեստավարժ եւ յաջող գործողութիւնը: «Մեր ժողովուրդը կը դիմակայէ վայրագ յարձակումները, հակառակ արտաքին օգնութիւններու բացակայութեան եւ թշնամիին մեծ կարողութիւններուն», ըսաւ Ապու Օպայտա եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանէն, Իրաքէն եւ Եմէնէն իսրայէլեան թիրախներուն ուղղուած հարուածներուն: «Սպաննեցինք եւ վիրաւորեցինք հազարաւոր թշնամի զինուորներ ու կործանեցինք հարիւրաւոր մեքենաներ, շարունակելով հերոսական դիմադրութիւնը Կազայի մէջ», ըսաւ Քասսամի բանբերը: Անոր համաձայն, Իսմայիլ Հանիէի եւ Հասան Նասրալլայի նման ղեկավարներու նահատակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլ տակաւին չէ ըմբռնած Դիմադրութեան աշխատելաձեւը: «Հըզպալլայի մեր եղբայրներուն կ’ըսենք, թէ վստահ ենք թշնամիին ծանր վնաս պատճառելու իրենց կարողութեամբ», յայտարարեց Ապու Օպայտա, խոստանալով աւելի ծանր հարուածներ ուղղել Իսրայէլին: Համասի համաձայն, շրջանի երկիրներուն ուղղութեամբ իսրայէլեան գործողութիւններուն ընդարձակումը ցոյց կու տայ, որ Թել Աւիւ իսկական վտանգ կը սպառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան:

Համաս երէկ յայտարարեց, թէ «M90» տիպի հրթիռներով վերստին թիրախաւորած է Թել Աւիւը, աւելցնելով որ գործողութիւնները պիտի շարունակուին, որպէս հակադարձութիւն իսրայէլեան ոճիրներուն: Իսրայէլեան ազգային անվտանգութեան հարցերով ուսումնասիրութեանց հիմնարկը յայտարարեց, թէ տարի մը տեւած պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած է աւելի քան 19 հազար իսրայէլացի, մինչ շուրջ 143 հազար հոգի հեռացած է Կազայի եւ Լիբանանի հետ սահմանային գօտիի մերձակայ բնակավայրերէն:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վերահաստատեց, որ պատերազմը պիտի աւարտի երբ իրագործուին նախանշուած բոլոր նպատակները: Ան քաղաքական խորհրդակցութիւններու հրաւիրեց քաղաքական ուժերն ու պատասխանատուները՝ քննարկելու Իրանի յարձակումին հակադարձնելու ծրագրերը, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ Լիբանանի սահմանային գօտիին վրայ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն ընթացքն ու ծրագրերը: Նեթանիահու սակայն խորհրդակցութեանց չհրաւիրեց պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը, բացայայտելով զայն փոխարինելու մտադրութեան առկայութիւնը: Ազգային անվտանութեան հարցերու նախարար Իթմար Պեն Ղաֆիր շեշտեց, որ «Թել Աւիւ պիտի շարունակէ զինուիլ եւ ուժային միջոցներով հետապնդել իր նպատակները, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ»: Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդ Լաիր Լափիտ պահանջեց հարուածել Իրանի քարիւղային կեդրոնները եւ միջազգային դաշինք կազմել՝ հարուածելու հիւլէական դիրքերը եւս:

Իսկ գերեվարուած իսրայէլացիներուն հարազատները վարչապետին յայտնեցին, թէ իրավիճակը չի կրնար բնականոնանալ, առանց բոլոր գերիներու ապահով տունդարձին:

Իրանի յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօրավար Հըսէյն Սալամի միւս կողմէ իրանցիներուն հաւաստիացուց, որ պահակագունդը պատրաստ է  արժանի հակահարուած տալու թշնամիին եւ պաշտպանելու երկրին շահերը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԷԿ ՏԱՐԻ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱԴԻ ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

Next Post
ԶԻՆԱԴԱԴԱԴԻ ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

ԶԻՆԱԴԱԴԱԴԻ ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.