– Աղաթօն Երուանդ, «Պոլսոյ 1860-ի եւ Գահիրէի 1906-ի Բարեգործականներուն ծնունդը եւ պատմութիւնը», Գ. հրատարակութիւն, Գահիրէ, 2023: Հրատարակուած է Եգիպտոսի Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամի միջոցներով:
– Անտոնեան Արամ, «Մեծ ոճիրը», արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէնի վերածեց Արթուր Անդրանիկեան, «Լուսաբաց» հրատարակչատուն, Երեւան, 2024, 224 էջ (14,4 x 20,3 սմ.): Գիրքը տպագրուած է «Ապրիլ 24» հայկական բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Ռուդիկ Մաթեւոսեանի հովանաւորութեամբ:
– Անսըրեան Պետրոս, «Առանց պայուսակի դիւանագէտը» (Diplomat Without Portfolio), «Նիւմէն սփրինկզ» (Newman Springs) հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 31 Յուլիս 2024, 184 էջ (15,1×22,7 սմ.) (18 Ապրիլ 1983-ին Պէյրութի մէջ Ա.Մ.Ն.ի դեսպանատան պայթեցման՝ 63 սպանեալ ձգած գործողութենէն վերապրած, Ա.Մ.Ն.ի Պէյրութի եւ Աթէնքի դեսպանատուներուն միջեւ կապաւոր հայազգի պաշտօնեայի յուշերը այդ դէպքի մասին) (անգլերէն):
– Արշարունի Վիքթորիա, «Նուպար փաշա – Եգիպտոսի մեծ ծառան 1825-1899», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Կարօ Թապաքեան, Երեւան, 2024, 269 էջ (16×23 սմ.) (Եգիպտոսի հայազգի երբեմնի վարչապետի կեանքն ու գործունէութիւնը, 19-րդ դարուն գահակալած օսմանեան սուլթաններու եւ Եգիպտոսի խտիւներու ցանկեր, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ) (արաբերէն): Հատորը լոյս տեսած է Եգիպտոսի Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամին միջոցով: Թարգմանիչը իր աշխատանքը ձօնած է «Հայ-եգիպտական մշակութային յարաբերութիւններու հոգեւոր հայր՝ տիար Պերճ Թերզեանին»:
– Երամեան Մարուշ (կազմող, խմբագիր, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ), «Որբուհիներուն տուները – Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա», տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2023 (նամակներ, բազմաթիւ լուսանկարներ եւ փաստաթուղթերու պատճէններ): Հրատարակուած է Եգիպտոսի Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամի միջոցներով:
– Թէքէեան Վահան, «Կեսարիա – Ճամբորդական նոթեր» (Césarée – Notes de voyage), հայերէնէ թարգմանեց Հուրի Վարժապետեան, «Փարանթէզ» (Paranthèses) հրատարակչութիւն, Մարսէյ, 13 Սեպտեմբեր 2024, 132 էջ (16,5 x 23 սմ.) (հեղինակին՝ Կոստանդնուպոլիսէն Կեսարիա 1913-ի Սեպտեմբերէն 1914-ի Յունուար ուղեւորութեան նկարագրութիւնը, լուսանկարներ, հին քարտէսներ) (ֆրանսերէն):
– Հոֆման Թեսսա (Hofmann Tessa), «Օսմանեան Պետութեան քրիստոնեայ բնիկներու նկատմամբ ցեղասպանութիւնը – Հայեր, յոյներ, ասորի/արամէացի/քաղդէացիներ» (Der Genozid an den indigenen Christen des Osmanischen Reiches – Armenier, Griechen, Syro-Aramäer/Assyrier/Chaldäer), «Հազէ եւ Քէօհլեր» (Hase & Koehler) հրատարակչութիւն, Պերլին, 2024, 384 էջ (օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ) (գերմաներէն):
– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Հնչակեան կուսակցութեան արմատները Ժնեւի մէջ եւ Քսան կախաղաններու ժառանգութիւնը» (The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows), երկրորդ՝ լրամշակուած հրատարակութիւն, «Կիլիկիա» հրատարակչութիւն, Հալէպ-Ժնեւ, Յուլիս 2024, 216 էջ (անգլերէն):
– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» (The Deaconesses of the Armenian Church), Ֆրիպուրկի համալսարանի էքումենիք ինստիտուտի Studia Oecumenica Friburgensia մատենաշար թիւ 113, «Աշենտորֆ (Aschendorff)» հրատարակչութիւն, Միւնսթեր – Գերմանիա, 15 Օգոստոս 2024, 192 էջ (օգտագործուած գրականութեան ցանկ, ձեռագրերու ցանկ, անձնանուններու, տեղանուններու եւ եզրերու ցանկ) (անգլերէն)։
– « «Մասիս» շաբաթաթերթի 75-ամեակի յուշամատեան», կազմող՝ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան, Պէյրութ, 304 էջ (Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Մասիս» շաբաթաթերթի մասին բազմաբնոյթ գրութիւններ): Տպուած է Գրիգոր, Քրիսթիան եւ Քերոբ Ճապուրեաններու եւ Ժան Պ. Մինասեանի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ ծնողներուն:
– «Վաւերագրեր առնչուած Տարօնի եւ Կիլիկիոյ ազգային կրթական գործունէութեան», տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2023 (Տարօնի շրջանի ազգային դպրոցներու ընդհանուր տեսուչ Սիմոն Զաւարեանի երկու զեկուցագրերը + Կիլիկիա ճեմարանի ստեղծման պատմութիւնն ու անոր կրթական ծրագիրը): Հրատարակուած է Եգիպտոսի Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամի միջոցներով:
– Քեթիպեան Արա (աշխատասիրեց), «Անդրկովկասի հայոց դէմ ատրպէյճանական նախայարձակումը. Տեղեկագիրներ Մ.Ն.ի մամուլէն (1905-1921)» (Azeri Aggression against Armenians in Transcaucasia: Reports from the U. S. Press (1905-1921)), երկրորդ՝ լրամշակուած հրատարակութիւն, «Արեգ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023 (տեղեկատուական եւ/կամ վերլուծական բնոյթի 505 հրապարակում Ա.Մ.Ն.ի մամուլէն՝ լոյս տեսած յայտնի թերթերէ մինչեւ գաւառական կամ նուազ կշիռ ունեցող պարբերականներու մէջ) (անգլերէն):
Պատրաստեց
ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)