Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած թեմերը եւ յիշողութեան ուժը. ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին պէտք է պահպանէ իր պատմական թեմերուն յիշատակը 

October 3, 2024
in Յօդուածներ
0

 

 

Արդ հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ այս աւանդոյթը յաչս Հռոմէական կաթո­ղիկէ եկեղեցւոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կրցած է իր եպիսկոպոսական դասուն համար պահպանել, մինչդեռ Հայց. առաք. Եկեղեցին, ունենալով հանդերձ պատմական բազ­մաթիւ կորուսեալ թեմեր, զլացած է իր առաջնորդները տիտղոսաւորել անոնց անուան յիշատակներով՝ իր հնաւանդ աւանդութիւններուն եւ ծէսին ընդմէջէն պահել-պահպա­նել կարենալու համար զանոնք իր հայկազուն հօտին հաւաքական վառ յիշողութեան մէջ։

«Պահը հզօր է, բայց աւելի հզօր է յիշողութիւնը»։

Մտածումը գերմանացի ականաւոր բանաստեղծներէն Շիլլերի կը վերագրուի, որ իբրեւ նշանաբան մէջբերած էինք այս գրութեան սկիզբը։ 1759–1805 թուականներուն հեղինակած իր խոհաիմաստասիրական կարգ մը բանաստեղծութիւններուն մէջ Շիլլեր գեղեցիկ պատկերներով կ’անդրադառնայ յիշողութեան ուժին՝ հիմնականօրէն կեդրոնանալով հետեւեալ երեւոյթներուն վրայ.

ա.- Յիշողութիւնը իբրեւ հոգեւոր-իմացական երեւոյթ

Շիլլեր յիշողութիւնը կ’ընկալէ իբրեւ հոգեւոր-իմացական ուժ մը, որ կենդանի կը պահէ անցեալը: Ան հզօր երեւոյթ մըն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ վերապրելու անցեալի իրադարձութիւնները, դէմքերն ու դէպքերը, որոնցմէ կը ներշնչուինք եւ կ’ուժաւո­րուինք։

բ.- Յիշողութիւն եւ ինքնութիւն

Վերոնշեալ ստեղծագործութիւններուն մէջ Շիլլեր առանցքային նիւթ կը դարձնէ այն փաստը, թէ ինչպէ՛ս յիշողութիւնը կը նպաստէ մարդու ինքնութեան ձեւաւորման: Արդարեւ, յիշողութիւնն է, որ կը ձեւաւորէ անհատը ու ներկային մէջ կը սահմանէ անոր «ես»-ը:

գ.- Անցողիկութիւն եւ յաւերժութիւն

Շիլլեր կ’անդրադառնայ պահի անցողիկութեան եւ յիշողութեան յաւերժութեան գաղափարին: Պահը ընդամէնը ակնթարթ մըն է, հետեւաբար իսկոյն կ’անցնի ու կ’անհետա­նայ, յիշողութիւնը սակայն կը մնայ եւ կը դառնայ մարդու գոյութեան էական ու անբա­ժանելի մասը:

դ.- Յիշողութիւնը իբրեւ մխիթարութիւն պարգեւող երեւոյթ

Յիշողութիւնը կը հանդիսանայ մխիթարութիւն պարգեւող եւ յոյս ներշնչող երեւոյթ մը։ Ամենադժնդակ ժամանակներու եւ անյաղթահարելի թուող իրավիճակներու մէջն ան­գամ ան երջանկառիթ պահերու յիշատակով կ’օգնէ ամենաթանձր խաւարին մէջ տես­նելու լոյսի նշոյլ մը եւ թէկուզ անկումային ծանր կացութիւններու մէջ վերագտնելու ներքին ուժ մը՝ կեանքի փոթորկոտ բաւիղներուն վերստին կանգնիլ կարենալու համար։

Արդարեւ, փաստարկը արդարացի եւ կիրարկելի է՝ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգը պատուաստելով տիտղոսաւոր եպիսկոպոսներու, թէկուզ վիճակաւոր վարդապետներու դրուածքով։ Հակառակ պատճառաբանութիւնը արդարացի չէ՝ ըսելով «հի­մա եղածը պահենք, անցեալը անցած է»։ Անցեալին հետ ծուլաբար հաշտուելով չի զարգանար ապագան, որովհետեւ կայ անցեալ, որ ունի ապագայ, երբեմն մօտակայ, իսկ երբեմն հեռակայ։ Ժամանակի յաւիտենական հոլովոյթին մէջ ոչինչ կը կորչի, այլ կը վերադառնայ, վերստին կը դառնայ ներկայութիւն, եթէ պահպանուի անոր հանդէպ հոգեկան կապը, պատկանելիութեան գիտակցութիւնն ու անմեռ յիշատակը։

Անշո՛ւշտ պէտք է ի գին ամէն զոհողութիւններու պահպանել ու պաշտպանել եղածը՝ այն ինչ որ ունինք, սակայն կարելի չէ բռնազաւթուածը անցած-վերջացած եւ յատկա­պէս մոռցուած համարել, այլ հարկ է միշտ կենսաւորել անոր յիշատակը մեր ազգային հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Արդարեւ, իրապաշտութիւնը գնահատելի է, սակայն ան ամէն ինչ չէ եւ չի ներկայացներ բովանդակ ճշմարտութիւնը։ Փաստօրէն մտածում­ներու այս համատեքստին մէջ ան շքադրամին դիմերեսն է միայն, կայ նաեւ անոր դարձերեսը։ Մեր իմացած իրականութենէն այն կողմ միշտ գոյութիւն ունի ուրիշ իրա­կանութիւն մը, որ կ’որոշուի ոչ թէ ժամանակի հերթական յառաջացումով, այլ անոր քայ­քայող ուժին դիմակայելու եւ անցողիկութեան դիմանալու ունակութեամբ։ Այլա­պէս մոռնա՞նք ուրեմն Ադամակերտը, Ատանան ու Ալաշկերտը, Ամասիան ու Այն­թա­պը, Արաբկիրն ու Արղանան, Արծկէն, Արճէշն ու Բաղէշը, Բաբերդը, Պայազիտն ու Բերկրին, Դատվանն ու Տիատին, Եդեսիան, Երզնկան ու Եւդոկիան, Զէյթունն ու Թոր­թումը, Խարբերդը, Խլաթը, Խնուսն ու Խոզաթը, Կարսն ու Կարինը, Կերճանիսն ու Հաճընը, Մելիտինէն ու Մարաշը, Մուշն ու Սասունը, Շատախն ու Սեբաստիան, Սիսն ու Սղերթը, Վանն ու Տիգրանակերտը, Տրապիզոնն ու Տեւրիկը, Ցոլակերտն ու Քղին, ապա Բագրատունեաց քաղաքամայր Անին ու համազգային մեր գոյութեան մեծագոյն խորհրդանիշ Արարատն ու Մասիսը։

Արցախի հանդէպ կաթողիկոսներուն, պատրիարքներուն, ոչ-պակաս նաեւ եպիսկոպոսներուն գրաւոր եւ բերանացի ելոյթներուն մէջ ցաւն ու վիշտը, բողոքն ու ընդվզումը ներազգայինէն մինչեւ միջազգային ատեանները զգալի են։ Այս փաստը միանգամայն հասկնալի ու տեղին է, սակայն ինչո՞ւ նոյն զգացողութիւնը առկայութիւն չէ պատմա­կան բազմաթիւ միւս թեմերուն առնչութեամբ։ Լսա՞ծ էք օր մը համանման ելոյթ մը Նախիջեւանի վերաբերեալ։ Նախիջեւանի կորուստը վաղնջական ժամանակներու մէջ պատահած իրադարձութիւն մը չէ, այլ ընդամէնը 16 Մարտ 1921 թուականին, երբ ռուս պոլշեւիկներն ու քեմալական թուրքերը վերջնականապէս վճռեցին Նախիջեւանի հար­ցը՝ զայն յանձնելով Խորհրդային Ատրպէճանի վերահսկողութեան։ Մի՞թէ հաշտուած ենք այս իրողութեան հետ։ Պէտք չե՞ն նոյն ապրումները դրսեւորուին նաեւ Կարսի, Սիսի, Հաճընի, Սասունի, Զէյթունի եւ պատմական ուրիշ շատ մը թեմական վիճակ­ներու հանդէպ։

Այս տրամախոհութեան հետեւելով՝ խօսուն ապացոյց մըն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը. ինքնութիւն մը, որ մեզ հոգեկան-զգացական բոլոր թելերով կը կապէ պատմական այն փառահեղ անցեալին ու տարածաշրջանին հետ, ուրկէ ան յառաջացած է։ Իր եզակի եւ անշփոթելի անունով ան ցայսօր հանդէս կու գայ իբրեւ հոգեւոր-մշակութային եւ պատմական հարուստ աւանդոյթի փայլուն խորհրդանիշ մը, ջահակիրն ու պահապանը այն յիշողութեան, որ եղած է բնօրրանը Կիլիկիոյ հայու­թեան։ Թէպէտ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական այս աթոռը այլեւս տեղակայուած չէ Կիլիկիոյ սահմաններուն՝ իր աթոռանիստ Սիս մայրաքաղաքին մէջ, այնուամենայնիւ անոր նուիրական անունը կը պահէ անխզելի կապ մը հայ մշակոյթի, պատմութեան եւ ինքնութեան ակունքներուն՝ Կիլիկեան Հայաստանի հետ։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեանց ենթակայ պատմական թեմերը, որոնք մեզի ծանօթ շատ մը պատճառներով այլեւս հայաբնակ չեն, ժամանակին եղած են հայ հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի կեդրոններ ու հայ ինքնութեան դարբնոցներ։ Անոնց յիշատակին պահպանումը տիտղոսաւոր եպիսկոպոսներու անուանումներով խորհրդանշական անժամանցելի ուժ մը կը պարունակէ իր մէջ՝ իբրեւ հաստատակամութեան եւ մոռացումի դէմ պայքարի հզօր ուղերձ մը։

Լիայոյս ըլլանք, որ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասը կ’անդրադառնայ թերեւս ակամայ այս բացթողումին եւ մօտ ապագային օր մը իր թեմակալ առաջնորդներուն հնարա­ւորու­թիւն կ’ընձեռէ կրելու միաժամանակ հայոց պատմական թեմերուն անունները։ Ո՞վ կամ ի՞նչը պիտի խանգարէ, եթէ էջմիածնական թեմերու վիճակաւոր առաջնորդներէն ոմանք կրեն սա կամ նա հայաթափուած պատմական թեմի մը անունը․ օրինակ՝ Սիւն­եաց թեմի առաջնորդը կրէ նաեւ Գանձակի թեմակալ առաջնորդի տիտղոսը, կամ Գու­գարաց թեմի առաջնորդը՝ Շամախիի։ Նոյնպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կրէ Սիսի հայրապետական իր բռնագրաւուած թեմի առաջնորդի անունը, Պէյրութինը՝ Ա­տանայի, Բերիայինը՝ Անտիոքի, Յունաստանինը՝ Գերմանիկիայի, Քուէյթինը՝ Այնթա­պի, Թեհրանինը՝ Ուլնիոյ, Ատրպատականինը՝ Անտիոքի, կամ Կիպրոսինը՝ Հաճընի։

Պատմական այս եւ թերեւս տակաւին հոս չնշուած շատ մը թեմերու յիշողութիւնը գերազանցապէս աւելի զօրեղ է, քան պահը՝ այսօրուան անցողիկութիւնը, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէ հայ ինքնութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին շարունակականութիւ­նը։ Անոնց անուններուն եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանումով մեր կեանքերուն մէջ տեղ կը տրուի երբեմնի այդ թեմերուն, մոռացութեան խաւարին մէջ թաղուելու փոխա­րէն անոնք ոչ միայն կը դառնան ներկայութիւն, այլեւ կը յիշեցնեն աշխարհին, որ այդ թեմերը եղած են դարաւոր բնակավայրերը հայ ժողովուրդին, անոր ունեցած ողբերգու­թիւններուն, Ցեղասպանութեան, կրած կորուստներուն եւ հայրենազրկութեան մասին։ Այսպէս, սոյնը կը ներկայանայ իբրեւ հզօրագոյն միջոց՝ նախեւառաջ յարգելու մեր մշա­կութային ժառանգութիւնը, այլեւ ապահովելու, որ այդ վայրերն ու անոնց նշանակութիւ­նը չանհետանան հայոց հայկազուն հօտի եւ Թորգոմայ տան ժառանգորդներուն հաւաքական յիշողութենէն։

 

 

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

 

Պաթոն Ռուժ, Լուիզիանա

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻ (ՔԷՏԷՐԵԱՆ)

Next Post

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.