Սարգիս Տխրունի ծնած է Սիս, 1898–ին։
Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի ազգային վարժարանին մէջ։ 1912–ին ուսումը կը շարունակէ Այնթապ Գոլէճին մէջ։ Աչքի կը զարնէ որպէս ուշիմ, աշխատասէր եւ պրպտող աշակերտ: Մեծ Եղեռնին կը կորսնցնէ հայրը, իսկ ինք մօրը հետ կը տարագրուի։ Կիլիկեցիներու ընդհանուր տուն դարձին կը վերադառնայ Սիս։ Կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ Կը նշանակուի նաեւ ներգաղթողներուն պարէնաւորման արձանագրութիւնները կատարող, Ազգ․ Մարմինի կողմէ առաջացած յանձնախումբին քարտուղար:
Կիլիկիոյ մէջ Ս․ Տխրունի կ’ունենայ կուսակցական եռուն գործունէութիւն։ Կը դառնայ փնտռուած բեմբասաց հռետոր մը։ Հեղինակութիւն կը դառնայ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ։ Կ’աշխատակցի ու ապա կը խմբագրէ «Տաւրոս» եւ «Նոր Սերունդ» թերթերը։ Կ’անդամակցի ազգային եւ միջկուսակցական մարմիններու։ Եռանդուն ձեւով կը մասնակցի պաշարուած Հաճընին օգնութիւն փութացնելու աշխատանքներուն։
Կիլիկիոյ անկումէն ետք Ս․ Տխրունի կը տարագրուի Սուրիա։
1923–ին ուսուցչութիւն կը կատարէ Ճիպէյլի Ամերիկեան որբանոցին մէջ։
Կ’աշխատակցի ու ապա, 1924–26-ին, կը խմբագրէ «Սուրիական Մամուլ» օրաթերթը եւ «Սուրիական Մամուլ» երիտասարդական ամսաթերթը։ Տխրունիի ստորագրած խմբագրական եւ տեսական յօդուածները ցարդ կը պահեն իրենց արժէքն ու ուսանելիութիւնը։ Կ’օգտագործէ նաեւ Ս․ Տ․, Սէտիւն, Սիսուանի, Սիւնի, Ռմբունի, Խարազան, Ռազմունի գրչանունները։
1924–ին կը նշանակուի Ս․Դ․Հ․Կ․ Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջանի ընդհանուր գործիչ։ Իր այդ պաշտօնով կը շրջի տարբեր վայրեր ու կը կազմակերպէ կուսակցական մասնաճիւղերը։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ երիտասարդութեան վրայ։ Իր ջանքերով կը հիմնադրուին եւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Հնչակեան ուսանողական միութիւնները։
Ս. Տխրունի գրիչով եւ խօսքով կը պայքարի թրքախօսութեան եւ հայ գաղթականները անբաղձալի տարր ցոյց տալու քարոզչութեան դէմ։ Սակայն, անոր քաղաքական գործունէութեան հիմնական առանցքը կը դառնան հակագաղութատիրութիւնն ու սփիւռքահայութեան հայեացքը դէպի Խորհրդային Հայաստան ուղղումը։ Ս․ Տխրունի ջերմօրէն կը հաւատայ Խորհրդային Հայրենիքի վերածնունդին։ 1925–ին տեղի կ’ունենան Լիբանանի Ազգ․ Գաւառական Ժողովի ընտրութիւնները, որոնք կ’անցնին լարուած մթնոլորտի մը մէջ։ Ս․ Տխրունի կը տանի քարոզչական եւ կազմակերպչական աշխատանքներ։
Տխրունիի քաղաքական գործունէութիւնը չի վրիպիր ֆրանսական իշխանութիւններուն աչքէն։ 1927–ին ան կը ձերբակալուի ու կ’աքսորուի Արուատ կղզին։ Հոն, Տխրունի կը գործակցի աքսորական արաբ հայրենասէրներու հետ ու միասնաբար կը հրատարակեն «Նոր Պասթիյ» խմորատիպը։ Մինչ Տխրունի կը գտնուէր աքսորավայրին մէջ, իր գաղափարական հակառակորդները լուրեր կը տարածեն, թէ ան մեռած է։ Այդ առթիւ է որ Սարգիս Տխրունի կ’ըսէ իր թեւաւոր յայտնի խօսքը․ «Տխրունին է եւ կը մնայ հնչակեան»:
1928-ին ազատ կ’արձակուի ու կը վերադառնայ Պէյրութ, ուր կը շարունակէ տանիլ կուսակցական բուռն գործունէութիւն։ Կը դասաւանդէ վրանաքաղաքի (քէմբ) Սահակեան վարժարանին մէջ։
1929 Յունուար 17–ին, Պէյրութի մէջ, Տխրունի կը սպաննուի իր գաղափարական հակառակորդներուն կողմէ։
Տեղի կ’ունենայ բազմամարդ յուղարկաւորութիւն մը, որուն ի տես լրագրող Շուքրի Սաիտ կը գրէ. «Ամբողջ կեանքիս մէջ դժուար թէ անգամ մըն ալ եւս կարենամ հանդիպիլ այնքան ահաւոր սգաթափօրի մը, որուն ականատեսը եղայ դժբախտաբար: Քսան հազար հայ ժողովուրդ իր ուսերուն վրայ կը տանէր հայ գործիչի մը ոսկորտիքը։ Բոլորին աչքերն ալ թրջուած գտայ: Ժողովուրդին գլուխները հակուած էին դէպի գետին եւ անոնց սրտէն փրթած հառաչանքները կրնար գետինը պատռել»: Տխրունիի անձին, սպանութեան եւ յուղարկաւորութեան մասին կ’անդրադառնան Սփիւռքի բոլոր թերթերը, ինչպէս նաեւ տեղական օտարալեզու 13 թերթեր։
Կը թաղուի Պէյրութի Հայոց Ազգ․ գերեզմանատան մէջ։ Դամբարանը, որուն վրայ կանգնած է Ս․ Տխրունիի կիսանդրին, կը վերածուի Հնչակեան պանթէոնի։
Գաղափարապաշտութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու երիտասարդութեան հանդէպ գուրգուրանքը եղած են Սարգիս Տխրունիի յատկանիշերը։ Այդ իսկ պատճառով, շատ մը երկիրներու մէջ, Հնչակեան ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները ծանօթ են «Տխրունի» անունով։
Դոկտոր Եղիկ Ճէրէճեանի «Արիւնոտ գոյերթի վկաներ» գիրքէն