Սպանութենէն քանի մը օր առաջ, հօրս խանութին մէջ ինծի հանդիպած էր եւ փափաք յայտնած, որ Ֆուատ Շիմալին եւ ես իրեն հետ հանդիպում մը ունենանք։ Քանի մը օր ետք, Յունուար 17-ի երեկոյեան, այլ խօսքով՝ Ռուատ կղզիի բերդէն մեր արձակման տարեդարձին օրը, երբ գացի Ֆուատ Շիմալիին մօտ, եւ զինք տունը չգտայ, որոշեցի Սարգիս Տխրունին տեսնել` իրեն յայտնելու համար որ հանդիպումը ուրիշ օր մը տեղի ունենայ։ Մութ էր։ Երբ իր տան մօտիկ փուռին առջեւ հասած էի, ոստիկանները պահանջեցին որ «անդիէն քալեմ»։ Ու հոն տեսայ թէ Սարգիս Տխրունին գետին փռուած էր՝ արեան ճապաղիքներու մէջ։ Անմիջապէս գացի իր տունը, ուր քոյրը եւ միւս տնեցիները լացուկոծի մէջ էին։ Զիրենք որոշ չափով հանդարտեցնելու համար, յայտնեցի թէ մեռած չէ, թէեւ ես ալ որոշապէս չէի գիտեր թէ մեռած էր։ «Նայիրի» ակումբը գացի, ընկերներուն յայտնեցի պատահածը եւ խումբ մը ընկերներու հետ գացինք Օթէլ–Տիէօ հիւանդանոցը, ուր փոխադրած էին Սարգիս Տխրունին։ Հոն յայտնեցին, թէ մեռած է ան: Ընկերներուն հետ հիւղաւան վերադարձանք։ Հանդիպելէ ետք հնչակեան ղեկավարներուն, որոնք տրամադիր չէին ոճիրին հակադարձելու, յաջորդ առտու, «Նայիրի» ակումբին մէջ, ընկերներուն հետ համաձայնեցանք որ պատրաստուին ոճիրը եւ ոճիրին հեղինակները դատապարտող ֆրանսերէնով եւ հայերէնով պաստառներ։ Սարգիս Տխրունիի տան մէջ, հնչակեան ղեկավար Միհրան Սէֆէրեանին հետ համաձայնեցանք, որ առ ի բողոք փակուին հիւղաւանի բոլոր խանութները եւ շարժման մէջ դրուի ամբողջ ժողովուրդը։ Այս նպատակով, որոշեցինք ոճիրը դատապարտող եւ հիւղաւանի խանութները փակելու եւ ժողովուրդը բողոքի հրաւիրող թռուցիկ մը հրատարակել։ Թռուցիկը տպուեցաւ Ժոզէֆ Աճեմեանի տպարանին մէջ եւ անմիջապէս լայնօրէն ցրուեցաւ քաղաքին եւ հիւղաւանին մէջ։ Միաժամանակ, մեր մարտական ընկերներուն հրահանգ տրուեցաւ, որ անմիջապէս հիւղաւան իջնեն, ժողովուրդը ոտքի հանեն եւ յուղարկաւորութեան թափօրը առաջնորդեն։
Հիւղաւանին մուտքը յուղարկաւորութեան թափօրին սկիզբն էր։ Մեր ընկերները բերած էին տասնեակ մը պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին հայերէն եւ ֆրանսերէն կարգախօսներ, որոնք խստիւ կը դատապարտէին ֆաշիստական ոճիրը եւ իշխանութենէն կը պահանջէին անյապաղ պատժել ոճրագործները։ Ոստիկանութիւնը փորձեց վար առնել տալ պաստառները, բայց մենք ընդդիմացանք։ Հնչակեան երիտասարդներն ու ներկայ ղեկավարները մեզի միացան եւ պաստառներով քալեցինք ծովածաւալ բազմութեան հետ։ Գերեզմանատան մէջ, յաջորդաբար դամբանական խօսք ըսին Միհրան Տամատեան, Միսաք Վեհունի, Միհրան Սէֆէրեան, ընկերներ՝ Եուսէֆ Եազպէք, Ֆուատ Շիմալի եւ ես։ Իմ խօսքիս մէջ, ես դատապարտեցի ոճիրը, նոյն ատեն բարձր գնահատելով Սարգիս Տխրունիի ազգային քաղաքական դերը։ Խօսքս եզրակացուցի թելադրելով՝ արթուն եւ միակամ ըլլալ, քանի որ ուրիշ ոճիրներ եւս կրնային յաջորդել այդ ոճիրին։
Ֆուատ Շիմալին մամուլի լրատու Ֆուատ Միտանիի միջոցով փոխանցեց լուրը արաբական մամուլին, որ լայն արձագանգ տուաւ ոճիրին եւ դատապարտեց զայն։
Մտերիմներ էինք Սարգիս Տխրունին եւ ես։ Իր սպանութեան նախօրեակին, ան ինծի կարդաց հնչակեան շարքերուն եւ հանրութեան ուղղուած քառասուն խոշոր էջնոց բաց նամակի մը ձեռագիրը։ Այդ օրերուն, Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Նոր Երկիր» թերթը վարկաբեկիչ եւ զրպարտիչ քեմբէյն կը մղէր Սովետական Հայաստանի եւ Սովետական միութեան դէմ, ղեկավարութեամբ իրանաբնակ հնչակեան հին գործիչ Գրիգոր Եղիկեանի, որ հետագային Հնչակեան Կուսակցութեան 10-րդ ընդհանուր համագումարին կողմէ կուսակցութենէն վտարուեցաւ՝ որպէս լրտես եւ գործակալ անգլիական լրտեսական սպասարկութեան ու պարսիկ Շահին։ Ամերիկա լոյս տեսնող հնչակեան «Երիտասարդ Հայաստան» թերթն ալ, այդ օրերուն, կը հիւրասիրէր Գրիգոր Եղիկեանին յօդուածները։
Սարգիս Տխրունիին նամակը ուղղուած էր այդ բոլորին դէմ՝ ի պաշտպանութիւն եւ ի հաւատարմութիւն Հնչակեան կուսակցութեան սկզբունքներուն, Սովետական Հայաստանին ու Սովետական միութեան:
Սարգիս Տխրունի շատ խիստ ոճով գրած էր իր բաց նամակը․ այդ կէտին վրայ հրաւիրեցի իր ուշադրութիւնը եւ ինք համաձայն եղաւ ինծի հետ՝ վերանայելու բաց նամակին բուռն ոճը։ Սարգիս Տխրունին սպաննուեցաւ այդ բաց նամակը մամուլին չյանձնած:
Սարգիս Տխրունիի վարած քաղաքական գիծն էր՝ սերտ գործակցութիւն եւ միասնականութիւն Հնչակեան կուսակցութեան եւ Կոմունիստ կուսակցութեան միջեւ։
Նկատելի էր նաեւ, որ Սարգիս Տխրունին իր տրամադրութեան տակ ունեցած չէր մարքսիստական եւ կոմունիստական հիմնական գրականութիւն։ Կը յիշեմ, թէ Կաթմուսի մէջ իրեն տրամադրեր էին Ֆրետերիխ Էնկելսի «Անդի-Տիւհրինկ»ի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, որմէ հայերէնի վերածեց երկու գլուխ։ Պէյրութ վերադարձին, ամիսներով իր քով մնաց այդ հատորը:
Քաղուած Յարութիւն Մատէեանի «Կեանք մը պատնէշի վրայ» հատորէն