Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ԱՀՌԵԼԻ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ. ՄԱՐԴԻԿ ԱՅԼԵՒՍ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌ ՉԵՆ ՏԵՍՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԱՄԲՈՂՋԱՊԷՍ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՉԿԱՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ» Կ’ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

October 3, 2024
in Հայաստան
0
«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ԱՀՌԵԼԻ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ. ՄԱՐԴԻԿ ԱՅԼԵՒՍ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌ ՉԵՆ ՏԵՍՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԱՄԲՈՂՋԱՊԷՍ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՉԿԱՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ» Կ’ԸՍԷ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, որ հայ հասարակութեան մէջ ահռելի հիասթափութիւն կայ Ռուսաստանի, անոր հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն նկատմամբ. այս մասին Վարշաւայի Անվտանգութեան համաժողովին ընթացքին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

«Հայ ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ հաւատացած էր, որ եթէ ինչ-որ բան պատահի, Ռուսիան կ’օգնի, կը պաշտպանի մեզ: Բայց հայերը տեսան՝ դա այդպէս չէ, մենք չստացանք այդ օգնութիւնը: Աւելին՝ 2020-ի պատերազմից յետոյ ռուս խաղաղապահներն ուղարկուեցին Լեռնային Ղարաբաղ, սակայն մենք տեսանք, որ հարկադիր տեղահանման ժամանակ խաղաղապահ առաքելութիւնը չաշխատեց, չարդարացրեց իրեն»,- ըսած է Միրզոյեան:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ երբ յարձակում տեղի ունեցաւ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ, ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ Երեւանի պաշտօնական դաշնակիցները չեն արձագանգած ՀՀ-ի սպասումներուն համապատասխան: Ըստ Միրզոյեանի՝ այս ամէնը յանգեցուցած է անոր, որ ՀՀ բնակչութիւնը հիասթափուած է եւ այժմ այլընտրանքներ կը փնտռէ:

«Այս իրավիճակը մեզ աւելի է մօտեցրել Եւրամիութեանը, ԱՄՆ-ին: Հասարակութեան արժէքների ծիրին մէջ մենք մօտ էինք ԵՄ-ին, արեւմտեան երկրներին, բայց անվտանգութեան առումով՝ Հայաստանի ժողովուրդը հոգեբանօրէն իրեն կապում էր Ռուսիոյ հետ: Հիմա այս երկրորդ բաղադրիչն ի չիք է դարձել: Մարդիկ այլեւս որեւէ պատճառ չեն տեսնում իրենց ամբողջապէս Եւրամիութեան հետ չկապելու համար»,- ըսած է Միրզոյեան:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը համաժողովին ընթացքին ըսած է նաեւ, որ Երեւանը կը հաշուարկէ բոլոր վտանգները՝ կապուած ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու որոշման հետ։

«Կարծում եմ, որ մենք բոլորս պէտք է աւելի զգոյշ լինենք։ Գաղտնիք չէ, որ կայունութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն լինի, իսկ այն գործընթացը, որը կարող է տեղի ունենալ, պէտք է լաւ հաշուարկուի, կառավարուի։ Նկատի ունեմ, որ սա հասարակ հարց չէ»,- ըսած է նախարարը։

Միրզոյեան նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանը սառեցուցած է իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին, ինչպէս նաեւ չի պատրաստուիր վերադառնալու նախապէս եղած յարաբերութիւններուն․ «Մենք մեզ չենք տեսնում ռազմական դաշինքում, որը չի աշխատում»։

Share64Tweet40
Previous Post

ԽԱՄԻՆԷԻԷՆ ԱՀԱԶԱ՞ՆԳ

Next Post

ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻՆ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄԸ

Next Post
ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ  ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻՆ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄԸ

ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻՆ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.