Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ՆԻՍՏ՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ 

October 3, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ՆԻՍՏ՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ 

 

 

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հրատապ նիստը գումարեցին Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2024-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։

Քննարկելէ ետք շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող վտանգաւոր մագլցումներն ու Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արձանագրեցին.

  1. Կը դատապարտեն Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կատարուող օդային յարձակումներն ու դէպի հարաւային Լիբանան ցամաքային ներխուժման փորձերը։ Իսրայէլեան յարձակումները կը խլեն բազմաթիւ լիբանանցի քաղաքացիներու կեանքը, տեղահան կը դարձնեն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ եւ կը սպառնան Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան։
  2. Կը դատապարտեն իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իրականացուած՝ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը, միաժամանակ մերժելով քաղաքական ղեկավարներու ֆիզիքական չէզոքացման Իսրայէլի վարած անսանձ քաղաքականութիւնը։
  3. Միջազգային ընտանիքէն կ’ակնկալեն ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ դադրեցնելու համարյարձակումները եւ վերջ դնելու լիբանանեան տարածքներուն նկատմամբ բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն։
  4. Կոչ կ’ընեն լիբանանեան կողմերուն՝ ցուցաբերելու առաւելագոյն զսպուածութիւն եւ ծայր աստիճան զգուշաւորութիւն՝ չներքաշուելու համար ներքին որեւէ սադրանքի։
  5. Կը թելադրեն հայկական բոլոր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն՝ երկրին մէջ զանգուածային տեսք ստացած գաղթականութեան երեւոյթին դիմաց անհրաժեշտ ծրագրերը մշակելու եւ համադրուած աշխատանք տանելու ստեղծուելիք զանազան կարիքներուն ընդառաջ։
  6. Կը վերաշեշտեն պահպանել լիբանանահայ համայնքին միասնականութիւնը՝ յատկապէս ներկայ դժուար փուլին, բարդ կացութեան ստեղծած պայմաններուն մէջ, կուտակուող ճգնաժամերու հետեւանքները կարենալ նպատակաուղղուած ձեւով յաղթահարելու։

 

Պատերազմական իրավիճակի ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն գումարել  յաճախակի հանդիպումներ՝ բազմացող մարտահրաւէրները համակարգուած ձեւով դիմակայելու համար։

Share63Tweet39
Previous Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

Next Post

ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ «ՄՏԱՀՈԳ ԵՆ» ԼԻԲԱՆԱՆՈՎ

Next Post
ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ «ՄՏԱՀՈԳ ԵՆ» ԼԻԲԱՆԱՆՈՎ

ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ «ՄՏԱՀՈԳ ԵՆ» ԼԻԲԱՆԱՆՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.