Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

October 3, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

 

Այն Թինէի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եռակողմանի ժողով՝ մասնակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Ուալիտ Ճոմպլաթի՝ քննարկելու լիբանանեան մարտական զարգացումները, երկրին առջեւ ցցուած ճակատագրական մարտահրաւէրները եւ տեղահանուածներուն թղթածրարները: Միքաթի ժողովականներուն անունով դատապարտեց իսրայէլեան բռնարարքները, որոնց հետեւանքով զոհուած են բազմաթիւ լիբանանցիներ: Ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, վարչապետի պաշտօնակատարը լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց միասնականութեան եւ համագործակցութեան՝ օգնելու համար տեղահանուած հազարաւոր ընտանիքներուն: Ան նաեւ միջազգային ընտանիքէն եւ կազմակերպութիւններէն պահանջեց աջակցիլ Լիբանանին: Ան յանձնառութիւն յայտնեց անյապաղ զինադադարի կոչ ուղղած միջազգային յայտարարութեան եւ խոստացաւ յանձնառու մնալ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին՝ լիբանանեան բանակը տեղակայելով հարաւի մէջ, որպէսզի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին հետ համագործակցաբար պահպանուի անվտանգութիւնը: Միքաթի մաղթեց, որ այս եռակողմանի ժողովը ընդարձակուի եւ շուտով կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը մանրամասն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տեղահանուած ընտանիքներու թղթածրարին, այդ հարցին լուծումը համարելով կառավարական առաջնահերթութիւն: Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար իր կարգին նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ մարդասիրական վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որովհետեւ ժամանակաւոր ապաստաններու մէջ տեղաւորուած քաղաքացիներուն թիւը հատած է 150 հազարը եւ անհրաժեշտ է անոնց անյապաղ օգնել:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ ԲՈՒՌՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒ ԲԵՄԱՎԱՅՐ

Next Post

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ՆԻՍՏ՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ 

Next Post
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ՆԻՍՏ՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ 

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ՆԻՍՏ՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԿԱՅՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.