Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ ԲՈՒՌՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒ ԲԵՄԱՎԱՅՐ

October 3, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾԸ ԲՈՒՌՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒ ԲԵՄԱՎԱՅՐ

 

Շաբաթներ շարունակ սպառնալիքներ արձակելէ ետք, իսրայէլեան ուժեր երէկ բազմացուցին Լիբանանի հարաւային սահմանամերձ գօտիի ներթափանցումները: Սահմանը առաջին անգամ հատած իսրայէլեան յատուկ ուժերուն հետեւեցան զրահապատ ջոկատներն ու հետեւակները, որոնք իսկոյն հանդիպեցան Հըզպալլայի ծանր դիմադրութեան: Ծանր մարտեր տեղի ունեցան սահմանային Մարուն էլ-Ռաս, Ատէյսի, Եարուն, Քֆարքիլա եւ այլ շրջաններու մէջ:

Հըզպալլա երէկ հրապարակուած շարք մը հաղորդագրութիւններով յայտարարեց, թէ ականներով, հրետանիով, հրասանդով եւ հակա-հրասայլային հրթիռներով թիրախաւորած է սահմանը հատող իսրայէլեան ուժերը, կործանելով առնուազն երեք «Միրքաւա» տիպի հրասայլ եւ պատճառելով ծանր վնասներ, որոնց շնորհիւ իսրայէլեան ուժերը ստիպուած եղած են նահանջել լիբանանեան հողերէն: Հըզպալլայի մամլոյ եւ տեղեկատուական բաժնի պատասխանատու Մոհամմատ Աֆիֆ շեշտեց, որ իսրայէլեան բանակի կորուստները շատ մեծ են ու կը հատեն պաշտօնապէս յայտարարուած թիւերը:

Լիբանանեան բանակն ալ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ իսրայէլացիները շուրջ 400 մեթր յառաջացած են լիբանանեան հողի վրայ, ապա կարճ ժամանակ ետք՝ նահանջած:

Իսրայէլեան բանակը խոստովանեցաւ ցամաքային մարտերուն առաջին օրը 8 սպայի եւ զինուորներու մահուան մասին, աւելցնելով որ 7 ուրիշներ ալ ծանր վիրաւորուած են: Իսրայէլի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ Հըրցի Հալեւի զգուշացուց, թէ իրենք Միջին Արեւելքի մէջ կարողութիւն ունին հասնելու ուր որ կ’ուզեն եւ հարուածելու որեւէ թիրախ: Իսկ իսրայէլեան 14-րդ հեռատեսիլի կայանը հարաւի մէջ տեղի ունեցածը խորագրեց որպէս «Աղէտ Լիբանանի մէջ»:

Ցամաքային գործողութիւններուն զուգահեռ, իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց համատարած ռմբակոծումը եւ թիրախներ հարուածեց մասնաւորաբար Պեքաայի եւ հարաւի մէջ: Իսրայէլեան հրթիռներէն բաժին հասան Ռայաքին, Քարաքի բարձունքներուն եւ Ալի Նահրիին: Ծանր հարուածներու ենթարկուեցաւ նաեւ Պեքաայի հիւսիսային հատուածը, մինչ օրը համեմատաբար հանդարտ էր Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, արեւածագի ժամերու սաստիկ պայթումներէն ետք: Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը գուժեց ծառայողներէն Ֆատի Սայիտի մահը՝ հարաւային Տըպըլ գիւղի իր բնակարանի ռմբակոծումին պատճառով: Իսկ լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ զինուոր մը վիրաւորուած է իսրայէլեան անօդաչու սարքի կրակոցներէն:

Share62Tweet39
Previous Post

ՀՈՆ ԷԻ…ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ…

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

Next Post
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՉ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.