Գրեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Անհամբեր ամիսներ էին մինչեւ Արարատ լեռան գագաթը հասնելու Լուսի Մանկասարեանի փայփայած երազը իրականութիւն կը դառնար: Այս նպատակով, Լուսի կապ հաստատած էր Ռուբէն Ճամպազեանի եւ իր սիրալիր կնոջ Արազին հետ, որոնք արդէն Արարատ լեռան գագաթը նուաճած էին: Անոնք իրենց փորձառութեան մանրամասնութիւնները կը փոխանցէին Լուսիին, յատկապէս Արազը՝ յստակ ու մանրակրկիտ խորհուրդներով եւ իր գոյքերէն մաս մը Լուսիին տալով: Անգնահատելի էր Արազին ու Ռուբէնին անշահախնդիր վերաբերումը:
Լուսի Մանկասարեան, 17 տարիէ ի վեր, որպէս 4-րդ դասարանի արեւմտահայերէնի ուսուցչուհի կը պաշտօնավարէ Թորոնթոյի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ՝ Թորոնթոյի ամենահին հայալեզու դպրոցը, հիմնուած 1956-ին՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ։ Լուսին Հալէպի ազգային Հայկազեան վարժարանի եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտ է: Աւարտած է Հալէպի համալսարանի անգլերէնի բաժանմունքը:
Վերջապէս կը հասնի Արարատի գագաթը բարձրանալու ուղեւորութեան օրը:
Արշաւը կը սկսի 7 Օգոստոս 2024-ին վաղ առաւօտեան ժամը 4:30-ին. Արարատ լեռ 18 մագլցողներ հաւաքուած էին Երեւանի հրապարակը Armenian Geographic կազմակերպութեան անձնակազմին հետ:
Լուսիին կը միանամ Երեւանի մէջ եւ մեկնումի օրը ես ալ կը ծանօթանամ մնացեալ մասնակիցներուն: Պայուսակները կը տեղաւորուին հանրակառքին մէջ եւ խումբը ճամբայ կ’ելլէ դէպէ…Արարատ:
Ձգենք որ Լուսին ինք պատմէ իր երազին իրականացման մանրամասնութիւնները.
Միշտ ցանկութիւնը ունէի Արարատ լեռ բարձրանալու, բայց ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս իրականացնել զայն: Քրոջս՝ Շաքէին հետ համադրելով ճամբորդութեան թուականները, որոշեցի ամռան արձակուրդիս երթալ Տուպայ եւ Հայաստան:
Մինչ այդ, 18 Օգոստոս 2023-էն սկսած էի կապ հաստատել Armenian Geographic կազմակերպութեան հետ եւ հետաքրքրուիլ 2024-ին ծրագրուած ուղեւորութեանց թուականներուն մասին: 23 Հոկտեմբեր 2023-ին տուի որոշումս եւ արձանագրուեցայ 7-էն 13 Օգոստոս 2024-ին նախատեսուած արշաւին:
Իմանալով որ Թորոնթոյէն Ռուբէն Ճամպազեանն ու կինը՝ Արազը արդէն բարձրացած էին Արարատ լեռ, ուզեցի իրենց փորձառութենէն օգտուիլ, եւ այդպէս ալ եղաւ՝ նախ հեռակայ, ապա Երեւանի մէջ անոնց հետ ունեցայ հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ:
Արդեօ՞ք պատրաստ էի Արարատ հսկայ լեռը բարձրանալու: Սովորական առօրեայ մարզանքներ կ’ընեմ, բայց միթէ բաւարա՞ր էին:
Սկսայ մագլցելու յատուկ գոյքերը ապահովելու աշխատանքին: Մինչ այդ քրոջս ամուսինէն՝ Մարքէն նուէր ստացած էի ուսապարկ մը (Hiking Bag), որ կարծես իրականութեան դէմ-յանդիման դրաւ զիս…ու հիմա ալ կը ծիծաղիմ…ահա՛ Լուսի, միտքդ փոխելու կամ հրաժարելու առիթ չմնաց..:
Ամռան արձակուրդս սկսաւ եւ Յուլիս 9-ին մեկնեցայ Տուպայ, ապա՝ Կիպրոս: Ինչպէս միշտ հաճելի եւ յիշատակելի պտոյտներով լեցուն օրագիր ունենալով: Նոյն ժամանակ, միտքերով կը թռչէի Արարատ լեռան գագաթը հասնելու հարցական մտմտուքներով:
Օգոստոս 2-ին արդէն Հայաստան էի: Անհամբեր էի յաւելեալ մանրամասնութիւններ իմանալու Արազէն եւ Ռուբէնէն: Հանդիպումը սիրալիր էր անկասկած: Արազ մեծ սիրով փոխ տուաւ որոշ առարկաներ, որոնց մասին նախօրօք համաձայնած էինք: Բնականաբար, Արարատ բարձրանալու համար անհրաժեշտ է ունենալ ճիշդ հանդերձանքը, գերշնչող նիւթերէ պատրաստուած յատուկ շապիկ, տաբատ, արշաւային կօշիկ եւ այլն, ու քիչ մըն ալ արշաւային փորձ: https://www.armgeo.am/everything-about-hiking/
7 Օգոստոսին, ամբողջ գիշեր գրեթէ չեմ քնացած. արթնցայ առաւօտեան ժամը 2-ը քիչ անց՝ պայուսակներու վերջնական կարգադրութիւնները ընելու, անշուշտ քրոջս Շաքէին օգնութեամբ: Դուրս եկանք ու քալեցինք դէպի Երեւանի հրապարակ ժամը առաւօտեան 3:40-ին՝ ուսապարկը շալկած: Հասանք Երեւանի հրապարակը, որ մեր հաւաքման վայրն էր, ծանօթացանք խումբին, որ կը բաղկանար 18 հոգիէ:
Օր առաջին, 7 Օգոստոս
Երեւանի հրապարակէն հանրակառքը շարժեցաւ առաւօտեան ժամը 4:30-ին: 7:40-ին հասանք Վրաստանի սահման, ապա ժամը 9 քիչ անց ուղղուեցանք դէպի թրքական սահման: Անցանք Կարզախ գիւղ [1] Ջաւախք, Ախալքալաք եւ մտանք Արեւմտեան Հայաստան: Նշենք որ Կարզախի մէջ ծնած է աշուղ Ջիւանին (Սերոբ Ստեփան Բենկոյեան): Այցելեցինք Ծովակն Հիւսիսոյ լիճը, որ կը գտնուի Արտահան նահանգին մէջ [2]:
13:30-ին հասանք 1001 եկեղեցիներու ԱՆԻ քաղաքը. երկար շրջեցանք Բագրատունեաց մայրաքաղաքին մէջ:
Ժամը 15:00 անց ուղղուեցանք դէպի Պայազիտ կամ Արշակաւան[3] քաղաքը, Արեւմտեան Հայաստանի Արարատի նահանգին մէջ։ Կը գտնուի Մասիսէն հարաւ-արեւմուտք, Ծաղկանց լեռներու Թոնդրակ լեռան հիւսիսային լանջերուն։ Հասանք DOĞUŞ HOTEL ժամը 16:45-ին: Սենեակին մէջ երեք հոգի էինք: Ուրախ-ուրախ կազդուրուեցանք, որմէ ետք, ըստ նախատեսուած ծրագրին, խումբին հետ միասին ընթրեցինք պանդոկէն դուրս: Այդ գիշեր քնացանք պանդոկ:
Օր երկրորդ, 8 Օգոստոս, 4-5 ժամ մագլցում 3200 մեթր
Ժամը 7-ին նախաճաշ, իսկ ժամը 9-ին մեկնեցանք հանրակառքով եւ 1 ժամէն՝ Արարատի լանջը, որ կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2200 մեթր բարձրութեան վրայ:
Այլեւս կատակ չէր, լրջօրէն պէտք էր հետեւիլ: Սկսանք բարձրանալ, բաւական դժուար, դադարներ առնելով եւ շուրջ 4-5 ժամէն հասանք 3200 մեթր բարձրութեան՝ մեր առաջին վրաններու կեդրոնը: Իսկ մեր խոշոր ու ծանր պայուսակները բեռցուեցան ձիերով եւ բերուեցան մեր վրանները:
Ամբողջ գեշերը չկրցայ քնանալ՝ վախնալով, որ պիտի չկարենամ հասնիլ Արարատի գագաթը:
Արշաւին մասնակից ընկերուհիի մը հետ յաճախ կը կրկնէինք.- ի՞նչ խենթութիւն ըրինք ու որոշեցինք լեռ բարձրանալ…այսքան տանջանք քաշելո՞ւ… անշուշտ հիմա կը ծիծաղիմ յիշելով մեր այդ զրոյցը:
Օր երրորդ, 9 Օգոստոսի առաւօտ, 4 ժամ մագլցում դէպի 4200 մեթր
Արթնցայ ժամը 5-ին: Ժամը 8-ին՝ նախաճաշ եւ ժամը 9-ին սկսանք շարունակել դէպի երկրորդ վրաններուն կեդրոնը, 4200 մեթր բարձրութեան վրայ:
Շատ մեծ դժուարութեամբ վերջապէս հասանք 4200 մեթր բարձրութեան, մօտաւորապէս ժամը 13:30-ին: Սաստիկ հով, մշուշ եւ վրաններուն վայրը՝ քարքարոտ: Առաջին վրաններուն կեդրոնը կոչեցինք «5 աստղանի պանդոկ, քանի wi-fi կար»՝ բաղդատելով երկրորդին:
Ըսեմ որ երկու վրաններու կեդրոնները կային նաեւ ճաշելու յատուկ մեծ վրաններ, ուր խումբը կը հաւաքուէր համտեսելու քիւրտ խոհարար Մահմուտին պատրաստած ճաշերը: Ինծի համար ալ յատուկ ոսպով ապուր պատրաստեց. շատ համով էր:
Օր Չորրորդ, 10 Օգոստոս, 1000 մեթր մագլցում դէպի Արարատի գագաթ
9 Օգոստոս 2024-ի կէս գիշերէն ետք, 10 Օգոստոսի լուսաբացէն առաջ սկսանք բարձրանալ վերջին 1000 մեթրը դէպի Արարատ լեռան գագաթը: Մեր գլուխներուն վրայ դրած լոյսերով սկսանք կամաց-կամաց բարձրանալ: Ահռելի: Ես քիչ ըսեմ, դուք շատ հասկցէք, քարքարոտ եւ ծայր աստիճան չափազանց դժուար էր ճանապարհը: Օգոստոս 10-ի արեւածագին արդէն Մասիսը երեւցաւ:
Վերջին 300-400 մեթրը մնացած էր, երբ սկսայ յուսահատիլ, թէ պիտի չկարենամ շարունակել. ոտքերս թուլցած էին եւ ուժ չունէի նոյնիսկ կէս քայլ առնելու: Ահռելի էին մարմնիս ցաւերը, բայց ցանկութիւնս աւելի զօրաւոր էր: Խումբիս անդամներէն ոմանք արդէն յառաջացած էին եւ գեղեցիկ էր տեսնել անոնց քայլերուն դրոշմը ձիւնածածկ Արարատ լեռան վրայ:
Մեր առաջնորդին քաջալերական խօսքերով եւ աղօթքներովս հասայ Արարատի գագաթը. առաւօտեան ժամը 8-էր: Ծունկի եկայ լալով թէ՛ ցաւէս եւ թէ՛ ուրախութենէս: Փռուեցայ Արարատի ձիւնին վրայ հանգիստ շունչ մը առնելով:
35 վարկեան ետք պէտք էր իջնել դէպի 4200 բարձունքը: Անբացատրելի էին ցաւերս: Իջնելը՝ աւելի սարսափելի: Թէ քանի անգամ ինկայ…չհաշուեցի: Ի վերջոյ, հասանք 2-րդ վրաններու կեդրոնը: Շատ քիչ դադար եւ պէտք էր դարձեալ շարունակել դէպի 3200 մեթր բարձունքը:
Ես եւ խումբին մասնակից ռուսահայ աղջիկը մտածեցինք լեռը իջնելու ուրիշ ձեւի մը մասին: Խումբի ղեկավարին հետ համաձայնեցանք, որ ձիեր վարձենք ու այդպէս ուղղուինք դէպի առաջին վրաններու կեդրոն: Պահ մը պատկերացուցէք ահռելի քարքարոտ լեռէն վար իջնել նստած ձիուն վրայ: Այո՛, որքան շատ աւելի վտանգաւոր էր զառիվայր ուղղուիլը ձիուն վրայ նստած, բայց գոնէ նստած էի ու չէի քալեր: Նստած էի, եւ մտովի ձիուն սմբակներուն իւրաքանչիւր դոփիւնին հետ կ՛աղօթէի միայն անվտանգ հասնիլ առանց թամբէն իյնալու:
Օր Հինգերորդ, 11 Օգոստոս, դէպի Պայազիտ
11 Օգոստոսին, ի վերջոյ հասանք Արարատի ստորոտը, որմէ ետք կէս ժամ ալ պէտք էր քալէինք, դարձեալ քարքարոտ ճամբաներով, մինչեւ մեզ փոխադրող ինքնաշարժներու կայանը: Վերադարձանք Պայազիտի մեր պանդոկը (DoguBayazit):
Հասանք պանդոկ ժամը 2-ին եւ, կազդուրուելէ ետք, ժամը 5-ին ուղղուեցանք դէպի Castle Ishak Pasha եւ հոնկէ ճաշարան «Արարատ»՝ ընթրիքի. հոն ստացանք նաեւ Արարատ լեռ բարձրացած ըլլալու մեր վկայագրերը:
Օր Վեցերորդ, 12 Օգոստոս, դէպի Աղթամար կղզի
Արթնցայ առաւօտեան ժամը 5-էր: Նախաճաշէն ետք ուղղուեցանք դէպի Վանի աւերակներն ու եկեղեցիները: Ճաշեցինք «Աղթամար» ճաշարանը եւ յետոյ նաւով շրջեցանք Վանայ լիճը, այցելեցինք Աղթամար կղզին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին, կառուցուած՝ 915-921 թուականներուն, ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ։ 1113-ին կը դառնայ Աղթամարի կաթողիկոսութեան կեդրոն, 14-րդ դարուն ունէր 2 թեմ՝ 302 եկեղեցիներով եւ 58 վանքերով։
Օր Եօթներորդ, 13 Օգոստոս, դէպի Կարս
Արթնցայ առաւօտեան ժամը 5-ը անց. նախաճաշ եւ ճամբայ ելանք դէպի Կարս քաղաքը: Պտըտեցանք քաղաքը, ապա սկսաւ վերադարձի մեր ուղեւորութիւնը: Հայկական երգերով հասանք Վրաստան-Հայաստան սահմանը, որ կտրեցինք ժամը 20:07-ին: Երեւան հասանք ժամը արդէն 12 էր, կէս գիշեր:
***
Այդ օրերէն ասդին, նոյնիսկ հիմա Թորոնթոյի մէջ, ուր արդէն սովորական աշխատանքիս անցած եմ՝ Արարատի նկարները դիտելով հարց կու տամ զարմացկոտ. հո՞ն էի…Արարատի գագա՞թը…»
[1] Կարծախ կամ Կարզախ, հայաբնակ գիւղ մը Ջաւախքի մէջ, Վրաստանի Սամցխէ մարզի Ախալքալաքի շրջանը: Ախալքալաք քաղաքէն 29 քմ հարաւ-արեւելք, Խոզապին լիճէն արեւմուտք։ Կը գտնուի ծովի մակերեսէն 1860 մեթր բարձրութեան վրայ։
[2] Հայկական լեռնաշխարհին մէջ մեծ տարածում ունին լաւային արգելափակման լիճերը, որոնց մեծագոյնը ու ամէնէն խորունկը Ծովակն Հիւսիսոն է։ Կը գտնուի հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսը: Մակերեսը՝ 84 քառ. քմ.: Կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1959 մեթր բարձրութեան վրայ: Առաւելագոյն խորութիւնը 42 մեթր է: Նախապէս եղած է խոր հովիտ մը, որ հետագային փակուած է լաւային պատուարով: Ջուրը քաղցրահամ է: Լիճէն դուրս կու գայ Չըլտըր գետը, որ ձմեռը կը սառի:
[3] Երեւանէն Պայազիտ կամ Արշակաւան քաղաքի հեռաւորութիւնը 533.5 քմ. էր, որ կտրեցինք 7 ժամ 20 վայրկեանէն:
ՇԱՔԷ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ