Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած թեմերը եւ յիշողութեան ուժը. ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին պէտք է պահպանէ իր պատմական թեմերուն յիշատակը  

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

October 2, 2024
in Յօդուածներ
0
Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած թեմերը եւ յիշողութեան ուժը.  ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին պէտք է պահպանէ  իր պատմական թեմերուն յիշատակը  

 

 

 

 

«Պահը հզօր է, բայց աւելի հզօր է յիշողութիւնը»։

(Եոհան Ֆրիտրիխ Շիլլեր)

2020 թուականի 27 Սեպտեմբերէն մինչեւ 9 Նոյեմբեր տեւող Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, ապա 2023 թուականի Սեպտեմբերին իր պապենական հողերէն հայ բնակ­չութեան հայաթափումին հետեւանքով Արցախի կորուստը կը հանդիսանայ մեր նորա­գոյն պատմութեան մեծագոյն աղէտը։ Ամենացաւալին մարդկային հազարաւոր կեան­քերու դէմ իրագործուած ոճիրն է, իսկ անգնահատելին հայրենի հողատարածքներու կորուստն է, արդիւնք՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ միջազգային դա­ւադրութեան, ազերի-թրքական կանխամտածուած եւ լայնածաւալ յարձակումի։

1815 թուականի ցարական կառավարութեան հրամանագրով կը վերանայ Գանձասարի դարաւոր կաթողիկոսութիւնը եւ փոխարէնը կը ստեղծուի մետրոպոլիտութիւն մը՝ յանձին Սարգիս Բ. Հասան-Ջալալեան մետրոպոլիտի, որ նախապէս՝ 1810–1815 թուական­ներուն, կը կրէր Գանձասարի կաթողիկոսի տիտղոսը, ապա մինչեւ իր վախճանը (1828)՝ վարչականօրէն Էջմիածնի կաթողիկոսութեան ենթակայ մետրոպոլիտի մը աստիճանը։ Այդ ժամանակաշրջանին նորաստեղծ այս մետրոպոլիտութեան ենթակայ մարզերու եւ գաւառներու մէջ կը հաստատուին Էջմիածնի կաթողիկոսութեան ենթա­կայ երեք թեմեր՝ Արցախի, Գանձակի եւ Շամախիի անուններով։

Արցախի թեմին մէջ կը մտնէին Վարանդա, Խաչէն, Դիզակ, Բերդաձոր, Ջրաբերդ, Գիւլիստան, Լանքարան, Շաքի, Կապաղակ, Հաջի, Խենի, Կամբեճան եւ Արաշ գաւառնե­րը:

11 Մարտ 1836 թուականին ցարական կառավարութիւնը վաւերացուց «Փոլոժենիէ» անունով եկեղեցական կանոնադրութիւն մը, որուն 141 յօդուածներուն համաձայն պիտի առաջնորդուէր Հայ եկեղեցին։ Ըստ այս կանոնադրութեան՝ ռուսական տիրապե­տութեան տակ գտնուող տարածաշրջաններուն մէջ գործող Հայ եկեղեցին կը բաժնուէր վեց թեմական վիճակներու, որոնցմէ հինգերորդն էր Արցախի թեմը։

Սարգիս Բ. Հասան-Ջալալեան մետրոպոլիտէն եւ իր արժանաւոր յաջորդ Պաղտասար Հասան-Ջալալեանէն ետք, Արցախի թեմը իր հոգեւոր-մշակութային եւ ազգային առումներով արդիւնաշատ գործեց եւ յարատեւեց մինչեւ 1930 թուականը, երբ խորհրդա­յին հակակրօնական վարչակարգը ի նպաստ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն փակեց զայն։

1988 թուականին սկիզբ առած Արցախեան ազատամարտի գրեթէ առաջին իսկ փուլին՝ 1989 թուականին, Վազգէն Ա. երջանկայիշատակ հայրապետի սրբատառ կոնդակով վերահռչակուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Արցախի թեմը՝ իր հոգեւոր խնամքին տակ վերցնելով 1836-թուականի թեմական տարածքները։

Այնպէս կը թուէր, որ Արցախի 2023 թուականի Սեպտեմբերին իրագործուած չարաբաստիկ հայաթափումով ընդմիշտ վերջ կ’ունենար Արցախի թեմին գոյութիւնը։ Այս առումով միանգամայն ողջունելի պէտք է նկատել Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խոր­հուրդի 3 Նոյեմբեր 2023 թուականին կայացուցած որոշումը,– հակառակ հայկական պաշտպանութեան բանակի եւ աշխարհազօրային ստորաբաժանումներու կրած ծանր պարտութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնալուծարումին, նաեւ Արցախի վերջնական հայաթափումին,–  պահպանելու Արցախի թեմը եւ անոր հոգեւոր կարգավիճակը՝ յանձին իր թեմակալ առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի։

Հարկ է անկեղծ խոստովանիլ, որ սոյնը Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հազուագիւտ խելացի որոշումներէն մէկն էր։ Ի՞նչ նպատակ եւ ինչպիսի՞ դիտաւորութիւն կը հետապնդէր անիկա։ Արդեօ՞ք Վրթանէս եպիսկոպոս կը շարունակէր ըլլալ Արցախէն Հայաստան բռնագաղթուած ժողովուրդին հոգեւոր առաջնորդը, թէ՞ այս մէկն ալ հերթական ուրիշ ռազմավարական ձախորդ քայլ մըն էր Հայաստանի Հան­րապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան դէմ, դժուար է ըսել։ Սակայն մենք պիտի ուզենք այս որոշումին մէջ դրականը գնահատել՝ միաժա­մանակ անկաշկանդ հարց տալով, թէ այս պարագային ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին մոռացու­թեան ենթարկած է իր պատմական միւս թեմերը։ Թեմեր, որոնք գոյութիւն ունեցած են իրենց վանքերով ու բազմաթիւ եկեղեցիներով, նաեւ հայ ազգաբնակչութեան ստուար թիւերով, որոնք չար բախտին բերումով, արիւնալի կոտորածներով, բռնի տեղահա­նումներով, հայրենի հողային տարածքներու բռնազաւթումով ֆիզիքապէս անհետա­ցած են, բայց յիշատակը անոնց եւ պահանջատիրութեան իրաւունքը կենդանի են հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ։

Երբ չես յիշեր անձ մը, որեւէ երեւոյթ կամ առարկայ մը, ենթակայաբար, այսինքն՝ սուբիեկտիւ իմաստով, կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, հակառակ անոր, որ ան կրնայ առարկայական՝ օբիեկտիւ տուեալներով միշտ ալ ըլլալ շօշափելի իրականութիւն մը։ Արդեօ՞ք այս եւ նման մտածումներու խորապատկերին վրայ չէր ըսեր Սկիւտարի հայ սոխակը՝ Պետրոս Դուրեան, իր «Իմ մահը» բանաստեղծութեան մէջ.

«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»։

Առկայ յօդուածը չընդարձակելու նպատակով, պիտի չուզէի երթալ հնագոյն ժամանակները, այլ պարզապէս նշել, որ Կիլիկեան թագաւորութեան փառահեղ օրերուն հայոց կաթողիկոսութեան թեմական վիճակագրութիւնը շատ աւելի ընդաձակ էր քան Կիլիկ­իոյ սահմանները։ Ըստ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Սիսուան. Համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ եւ Լեւոն մեծագործ» ստուար աշխատասիրութեան՝ գոյութիւն ունեցած են 23 թեմական վիճակներ. այսպէս՝ Սիս, Տարսոն, Լամբրոն, Անաւարզա, Մամեստիա, Ատանա, Այաս, Բարձրբերդ, Կապան, Ծամնդաւ, Կոպիտառ, Սելեւկիա, Ընկուզուտ, Հարգան (Հաճըն), Մոլեւոն, Մաշկեւոր, Բերդուս, Սամվելնայ, Յոհնանց, Փիլիպպոս­եան, Մեծար, Մաշարդ եւ Տիանա([1])։ Այս շարքին պէտք է նկատել նաեւ Կիպրոսի վիճա­կը՝ աթոռանիստ ունենալով Նիկոսիա քաղաքը։

Այստեղ թուարկուած են անշուշտ այն թեմերը, որոնք մեծաւ մասամբ ներառուած են Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան սահմաններուն մէջ։ Սակայն պէտք է նկատի ունենալ նաեւ եկեղեցական այն վիճակներն ու կեդրոնները, որոնք աշխարհագրականօ­րէն կը գտնուէին Եփրատի արեւելեան տարածաշրջաններուն մէջ՝ Արեւելեան վարդա­պետներու, Աղուանից եւ Գանձասարի կաթողիկոսութեան, Սիւնեաց մետրոպոլիտնե­րու, Շիրակի, Էջմիածնի, Արարատեան դաշտավայրի եւ այլ վիճակաւոր եպիսկոպոս­ներու հոգեւոր վերահսկողութեան ներքոյ։

Համաձայն Մաղաքիա արք. Օրմանեանի հաղորդած հաւաստի տուեալներուն, նախաեղեռնեան ժամանակշրջանին([2]) Հայ եկեղեցին իր թեմական վիճակներով կը ներկա­յացնէր հետեւեալ պատկերը.

  1. Թեմական վիճակագրութիւն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան՝ աթոռա­նիստ կեդրոն ունենալով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնը – Երեւան, Նախիջեւան, Աղեքսանդրապոլ, Կարս, Տաթեւ, Տփղիս, Գորի (Վրաստան), Ախալցխա, Գանձակ, Շուշի, Նուխի, Շամախի, Պաքու, Աստրախան, Ղզլար (Տաղստան), Պեսարա­պիա, Նոր-Նախիջեւան, Փեթերպուրկ, Մոսկուա, Սպահան, Թեհրան, Ատրպա­տական, Համատան, Կալկաթա, Պաթաւիա (Ինտոնեզիա), Սուչա­ւա, Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա([3])։
  2. Թեմական վիճակագրութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ աթոռանիստ կեդրոն ունենալով Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքը – Սիս, Ատանա, Հաճըն, Փայաս, Բերիա, Գերմանիկիա (Մարաշ), Ուլնիա (Զէյթուն), Ֆըռնուզ, Անթապ, Անտիոք, Մելիտինէ (Մալաթիա), Եոզղաթ, Կիւրին, Տեփրիկէ (Տեւրիկ) եւ Տա­րանտիա (Տարենտէ՝ Սեբաստիոյ գաւառ)([4])։
  3. Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւն, աթոռանիստ՝ Երուսաղէմ – Յոպպէ, Դամասկոս եւ Վերիտոն (Պէյրութ)([5])։
  4. Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւն՝ աթոռանիստ կեդրոն ունենալով Կ.Պոլիսը – Կ.Պոլիս, Նիկոմիդիա, Արմաշ, Ադրիանուպոլիս, Ռոտոսթօ, Թեսաղոնիկէ, Պրուսա, Պիլէճիկ, Փանորմիոն, Գութինա, Զմիւռնիա, Պափղագոնիա, Գաղատիա, Կեսարիա, Իքոնիոն (Քոնիա), Սեբաստիա, Եւդոկիա, Ամասիա, Նիքոպո­լիս, Ածպտեր, Սամսոն, Տրապիզոն, Կարին, Երզնկա, Բաբերդ, Բասէն, Դերջան, Կամախ, Խորձեան, Բագրեւանդ, Վան, Լիմ-Կտուց, Աղբակ, Բաղէշ, Տարօն, Սղերդ, Տիգրանակերտ, Բալահովիտ, Արղնի, Չնքուշ, Խարբերդ, Ակն, Արաբկիր, Չմշկածագ, Չարսանճաք, Եդեսիա, Բաբելոն, Կիպրոս, Եգիպտոս, Պուլկարիա, Ռումանիա եւ Յունաստան([6])։
  5. Աղթամարի կաթողիկոսութիւն՝ աթոռանիստ կեդրոն ունենալով Աղթամար կղզին Կաւաշ, Շատախ եւ Կարճկան քաղաքները (70.000 ազգաբնակչութիւն), նաեւ Խիզան([7])։

Հայ եկեղեցւոյ վերոնշեալ նուիրապետական կեդրոններուն ենթակայ թեմական վիճակագրութենէն կը տեսնենք, որ պատմաքաղաքական հանգամանքներու բերումով, տարբեր պետութեանց սահմաններու ընդարձակումով կամ ոմանց սահմանափակումով պարտադիր փոփոխութիւններու ենթարկուած են նաեւ Հայ եկեղեցւոյ թեմական վիճակները՝ յաճախ հիներու վերացումով եւ նորերու ստեղծումով։ Բաւական է համե­մա­տել Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան ենթակայ թեմերուն թուաքանակը՝ եզրա­կացնել կարենալու համար, թէ որքա՜ն հեղինակաւոր դարձած էր անոր դիրքը յաչս Օս­մանեան կայսրութեան ԺԹ. դարուն եւ Ի. դարու սկիզբը՝ մինչեւ Ցեղասպանութեան սեւ տարեթիւը եւ հայ ազգաբնակչութեան բռնի տեղահանումը հայրենի իր դարաւոր հողերէն։

Համեմատել կարենալու համար պատմականն ու արդիականը՝ աւելորդ պիտի չըլլայ այստեղ անդրադառնալ Հայ եկեղեցւոյ թեմական ներկայ վիճակագրութեան։ Հոս պիտի տեսնենք, որ յատկապէս Ի. դարուն հայ սփիւռքի նոր գաղթօճախներու ստեղծու­մով հաստատուած են նոր թեմական վիճակներ, մինչդեռ երբեմնի թեմեր հայութեան նօսրացումով ընդհանրապէս անհետացած են։

  1. Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն՝ իր Ս. Էջմիածին աթոռանիստ կեդրոնով – Արարատեան, Շիրակի, Գուգարաց, Արմաւիրի, Սիւնեաց, Արագածոտնի, Կոտայքի, Գեղարքունեաց, Վայոց ձորի, Տաւուշի, Արթիկի, Մասեացոտնի, Արցա­խի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի, Քրասնոտարի եւ Հիւսիսային Կովկասի, Ուքրանիոյ, Պալթեան երկիրներու, ԱՄՆ-ի (արեւելեան), ԱՄՆ-ի (ա­րեւմտեան), Գանատայի, Արժանթինի, Պրազիլի, Ուրուկուէյի, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Գերմա­նիոյ, Զուիցերիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի, Դամասկոսի, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելան­տիոյ, Ատրպէյճանի, Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմեր։

Հարկ է նկատի ունենալ, որ քաղաքական հանգամանքներու բերումով նշուած թեմերէն Յունաստանի, Դամասկոսի, Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի հայոց վիճակները ըստ օրէնքի (de jure) Էջմիածնի հոգեւոր իրաւասութեանն էին ենթակայ, սակայն փաստօրէն այսօր անոնք (de facto) կը ղեկավարուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատկան թեմական խորհուրդներով եւ անոնցմէ ընտրուած եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսէն վաւերացուած առաջնորդներով։ Փոխադարձաբար՝ Դամասկոսի թեմը 1929 թուականէն սկսեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հոգեւոր իրաւասութեան է ենթակայ, բայց կը ղեկավարուի փաստօրէն (de facto) Էջմիածնէն նշանակուած թեմակալ առաջնորդով եւ անկէ վաւերացուած թեմական խորհուրդով։  

  1. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն՝ իր Անթիլիաս աթոռանիստ կեդրոնով – Լիբանանի, Բերիոյ, Ճեզիրէի փոխանորդութիւն, Դամասկոսի, Կիպրոսի, ԱՄՆ-ի (արեւելեան), ԱՄՆ-ի (արեւմտեան), Գանատայի, Յունաստանի, Սպահանի, Ատրպատականի, Քուէյթի եւ շրջակայքի, Վենեզուելայի հոգեւոր տես­չու­թեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայկական թեմեր։
  2. Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւն – Այստեղ հարկ է նշել, որ 1929 թուականին Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներքին համաձայնութեամբ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը Սիսի իր աթոռանիստ կեդ­­րոնէն վտարանդի դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կը զի­ջանի Դամասկոսի եւ Լիբանանի թեմերը, որպէսզի ան կարենայ պահել իր հան­գա­մանքն ու վերապրելու հանրաւորութիւնները։ Ներկայ վիճակով Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան իրաւասութեան տակ կը գտնուին միայն Իսրայէլի հայակական եկեղեցիները եւ Յորդանանի հոգեւոր հովուութիւնը:
  3. Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւն՝ Կ.Պոլսոյ իր աթոռա­նիստ կեդրոնով – Մինչեւ Երիտթուրք կառավարութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւ­նը, Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական աթոռի իրաւասութեան սահմանները կը տա­րածուէին Օսմանեան կայսրութեան հայկական գաւառներէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ, Թրակիայէն՝ Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկայի նորաստեղծ հայ համայնքները։ Սակայն Ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ ժամա­նակաշրջանէն եւ Թուրքիոյ նոր հանրապետութեան ստեղծումէն ետք այս իրա­վիճակը կտրուկ փոխուեցաւ՝ գրեթէ ամբողջական կրճատումովը պատրիարքու­թեան երբեմնի հեղինակութեան։ Բացի Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական եկեղե­ցիներու հոգեւոր խնամքէն, իբրեւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռ ան հոգեւոր կեդրոնն է նաեւ Կրետէ կղզիի հայկական համայնքներուն։ Այս համա­տեքստին մէջ առաջնորդական վիճակներու եւ թեմական կառոյցներու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։
  4. Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը ութ երկարաձիգ դարերու գոյութենէ ետք կը դադրի իր վերջին կաթողիկոսին՝ Խաչատուր Բ. Շիրոյեանի վախճանումով 1895 թուականին։ Նշուած թուականէն մինչեւ 1915 կաթողիկոսական աթոռը թափուր կը մնայ, սակայն թերեւս ունենար իր գահակալը, եթէ երբեք 1915 թուա­կանի Ցեղասպանութիւնը բիւրաւոր անմեղներու արեան մէջ չխեղդէր գուցէ տակաւին առկայծող յոյսի մը վերջին նշոյլը։

Վերը ներկայացուած Հայ եկեղեցւոյ պատմական եւ ժամանակակից թեմերու վիճա­կագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բազմաթիւ թեմեր ընդհանրապէս վերացած են, եւ թէ­պէտ անոնք այսօր ֆիզիքական ներկայութիւն չեն, սակայն հայութեան համար տա­կաւին կը ներկայացնեն պատմամշակութային մեծ նշանակութիւն։ Չյիշել զանոնք եւ յաճախ անգիտութեան կամ անտարբերութեան պատճառով թաղել պատմութեան մու­թին մէջ՝ ազգային հաւաքական յիշողութեան պահպանման իմաստով ճիշդ եւ միանգա­մայն արդար չէ։ Պատմական այդ թեմերէն շատեր եղած են հայկական կենսունակ բնակավայրեր, ուր ոչ միայն գերազանց զարթօնք ապրած է առեւտուրը, այլեւ հասա­րակական գիտութիւններն ու մշակոյթին առնչուած բոլոր ճիւղերը։ Այս քաղաքներուն մէջ կերտուած են հայ ինքնութիւն, ազգին ու եկեղեցիին պատկանելու գիտակցութիւն, ուր ցոլացած է հայուն պատկերը ի տարբերութիւն զինք շրջապատող շատ մը այլազգի­ներու եւ ցեղերու։

Տակաւին վերջերս, 2 սեպտեմբեր 2024 թուականին, Արցախի անկախութեան օրուան առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը շնորհաւորական իր ուղերձին մէջ կը նշէ.

«Արցախը մեզի համար անցեալ չէ […] Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պայման­ներու բերումով կատարուած գրաւումները միշտ եղած են ժամանակաւոր […] հարկ է մօտէն հետեւիլ շրջանէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին […] հեռու մնալով զիջումի քաղաքականութենէն»[8]:

Հոս պէտք է հարց տալ. արդեօ՞ք Հայ եկեղեցին մոռացութեան մատնելով իր պատ­մա­կան թեմերը կամայ թէ ակամայ հաշտուած է զիջումի մը քաղաքականութեան հետ։ Ինչո՞ւ ան կը զլանայ իր օծած եպիսկոպոսներուն եւ թեմակալ առաջնորդներուն տալ պատմական իր կորուսեալ թեմերուն տիտղոսները, ինչպէս ան ընդունուած կարգ մըն է Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Այս առնչութեամբ, ինչպէս նշուեցաւ, Կաթողիկէ եկեղեցին ցայսօր կը պահպանէ նուի­րականացած աւանդոյթ մը՝ իր եպիսկոպոսներուն տալով իրենց վիճակաւոր թեմերէն անկախ յաւելեալ տիտղոս մը՝ իր երբեմնի պատմական թեմերուն անուններով։ Կաթո­ղիկէ եկեղեցւոյ այս կարգի հոգեւորականները կը կոչուին «տիտղոսաւոր» եպիս­կո­պոս­ներ։ Կ’արժէ յիշել միայն քանի մը անուններ, որոնք երբեմն եղած են եկեղեցական թե­մեր, սակայն ժամանակի թաւալումին մէջ պարագաներու բերումով, այլապէս զէնքի ուժով անոնք դատարկուած են իրենց քրիստոնեայ բնակիչներէն՝ ակամայ իրենց տեղը զիջելով մահմետական այլազգիներուն։ Կ’արժէ այստեղ յիշել անոնցմէ քանի մը հատը միայն. Հիպպոն (հիւսիսային Ափրիկէ), Կարթագէն (հիւսիսային Ափրիկէ), Եփեսոս, Անտիոք, Լաոդիկիա, Նինուէ, Անարզաբա, Տարսոն, Մոբսուեսթիա, Եդեսիա եւ այլն։ Այս առնչութեամբ հետաքրքրական է տեղեկացնել, որ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճան­եան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ծիրանաւոր կաթողիկոս-պատրիարքը, որուն աճիւնները այս օրերուն (12 սեպտ. 2024) եկեղեցական մեծ հանդիսութեամբ Հռոմէն Պէյրութ փոխադրուելով ամփոփուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, 11 յուլիս 1935-ին Պիոս Թ.-ի ձեռամբ նախա­պէս որպէս Քոմանայի (Արեւմտ. Հայաստան) տիտղոսաւոր եպիսկոպոս ձեռնադրուած է։ Նմանապէս կաթողիկէ հայոց ներկայ կաթողիկոս-պատրիարքը՝ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, նախապէս եղած է տիտ­ղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կապադովկեան Կե­սարիոյ հայոց։

(Շարունակութիւնը՝ յաջորդիւ)

 

[1] Հմմտ. Ղեւոնդ Ալիշան, «Սիսուան. Համագրութիւն հայկական Կի­լիկիոյ եւ Լեւոն մեծագործ», Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1885, էջ 65։

[2] Պէտք է նկատի ունենալ, որ Օրմանեան սրբազանի «Հայոց եկեղեցին» առաջին անգամ հրատարակուած է 1911 թուականին։

[3] Տե՛ս, Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Հայոց եկեղեցին եւ իր պատմութիւնը, վարդապետութիւնը, վարչութիւնը, բարեկարգութիւնը, արարողութիւնը, գրականութիւնը, ու ներկայ կացութիւնը», Կ.Պոլիս, 1911, էջ 265–267։

[4] Հմմտ. նոյնը, էջ 263–265։

[5] Հմմտ. նոյնը, էջ 263։

 

[6] Հմմտ. նոյնը, էջ 259–263։

[7] Հմմտ. նոյնը, էջ 265։

[8] Տե՛ս < https://www.yerepouni-news.com/%d5%b6-%d5%bd-%d6%85-%d5%bf-%d5%bf-%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b4-%d5%a1-%d5%af%d5%a1%d5%a9%d5%b8%d5%b2%d5%ab%d5%af%d5%b8%d5%bd%d5%ab%d5%b6-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a1%d5%ba%d5%a5%d5%bf%d5%a1%d5%af-3/?utm_source=rss&utm_medium=rss&utm_campaign=%25d5%25b6-%25d5%25bd-%25d6%2585-%25d5%25bf-%25d5%25bf-%25d5%25a1%25d6%2580%25d5%25a1%25d5%25b4-%25d5%25a1-%25d5%25af%25d5%25a1%25d5%25a9%25d5%25b8%25d5%25b2%25d5%25ab%25d5%25af%25d5%25b8%25d5%25bd%25d5%25ab%25d5%25b6-%25d5%25b0%25d5%25a1%25d5%25b5%25d6%2580%25d5%25a1%25d5%25ba%25d5%25a5%25d5%25bf%25d5%25a1%25d5%25af-3 >։

Share62Tweet39
Previous Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ»

Next Post

ՀՈՆ ԷԻ…ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ…

Next Post
ՀՈՆ ԷԻ…ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ…

ՀՈՆ ԷԻ…ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.