Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ»

October 2, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ»

 

 

Պետութիւններու թուայնացման գործընթացը պէտք է ածանցուի հասարակութեան եւ առեւտուրի համար յարմար ըլլալուն, այլ ոչ թէ հակառակը. այս մասին Եւրասիական տնտեսական համաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինան:

Ան նշեց, որ թուային հասարակութիւն եւ զարգացած տնտեսութիւն կառուցելու համար որոշած են նախ եւ առաջ իրենց թուային ճարտարապետութիւնը ամրագրել երկու սկզբունքներու վրայ՝ վստահութիւն եւ անվտանգութիւն: Թուային գործընթացները պէտք է ըլլան գործնական, արդիական  եւ օգտակար՝ մարդոց ու առեւտուրի համար: Իսկ եթէ ասիկա տեղի չունենայ, ուրեմն աս ոչ թէ թուայնացում  է, այլ՝ պատրանք, ինչ որ ի հարկէ անօգուտ է: Խօսքը պէտք է ըլլայ պետական ծառայութիւններու աշխատանքի ամբողջական վերափոխման մասին, – ըսած է վարչապետը՝ նկատի ունենալով թուայնացումը:

Փաշինեանի համոզումով՝ կարեւոր է ոչ թէ մասնակի թուայնացում ընել, այլ ստեղծել այնպիսի ծառայութիւններ, որոնք կը համապատասխանեն քաղաքացիներու եւ առեւտուրի կենսական նշանակութիւն ունեցող կարիքներու բաւարարման եւ գործնական արձագանգ կ’ապահովեն կարեւոր իրադարձութիւններուն:

«Թուայնացման ձեւաչափին անցում կատարելու գործընթացին մէջ անհրաժեշտ են յուսալի, ամբողջական տուեալներ: Անիկա թոյլ կու տայ պարզել քաղաքացիներու եւ առեւտուրի փոխադարձ գործակցութիւնը պետական մարմիններու հետ՝ գործընթացը դարձնելով աւելի յարմար, արդիւնաւէտ եւ անվտանգ», – ըսած է Փաշինեան:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ տուեալներու վստահելի պահպանման գաղափարը առանցքային կարեւորութիւն ունի Հայաստանի թուային ձեւափոխման գործընթացին:

Share64Tweet40
Previous Post

ՆՈՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Next Post

Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած թեմերը եւ յիշողութեան ուժը. ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին պէտք է պահպանէ իր պատմական թեմերուն յիշատակը  

Next Post
Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած թեմերը եւ յիշողութեան ուժը.  ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին պէտք է պահպանէ  իր պատմական թեմերուն յիշատակը  

Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած թեմերը եւ յիշողութեան ուժը. ինչո՞ւ Հայ եկեղեցին պէտք է պահպանէ իր պատմական թեմերուն յիշատակը  

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.