Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

October 2, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

 

Երէկ վաղ առաւօտեան, ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդի նախարարները պաշտօնապէս վաւերացուցին Լիբանանի մէջ գործողութեան յաջորդ փուլը: Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ իր ուժերը Հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանափակ ցամաքային գործողութեան ձեռնարկած են «քաղաքական մակարդակի որոշումին համաձայն»: Սպիտակ տունը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այս գործողութեան, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարները համաձայնեցան սահմանի երկայնքին Հըզպալլայի ենթակառոյցները քանդելու հարցով: Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ 98-րդ զօրքը կը ղեկավարէ ցամաքային յարձակումը:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» թերթը բացայայտեց, որ իսրայէլեան բանակի ընտրանի ուժերու չորս խումբեր կ’աշխատին մէկ նպատակի հասնելու համար՝ հիւսիսի բնակիչները անվտանգ վերադարձնել իրենց տուները: Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ Լիբանանի հարաւի մէջ ցամաքային գործողութիւնը կը կանխէ հիւսիսային սահմանի բնակավայրերուն սպառնացող որեւէ սպառնալիք։ Իր հերթին, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի ուժերը տարբեր վայրերէն ներխուժած են Լիբանանի հետ սահմանային պատը եւ սկսած են ներթափանցել դէպի մօտակայ գիւղերը:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ «Ժազիրա»-ին յայտնեց, որ սիոնական բոլոր պնդումները, թէ իսրայէլեան ուժերը Լիբանան մուտք գործեցին, սուտ են:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Next Post
ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.