«Տղա՛ք, երաժշտութիւնը կեանք կը փրկէ, սոլֆեճիօն անոր Ա., Բ., Գ.-ն է»
Պրն. Համբարձում Պէրպէրեան, 1959 Հոկտեմբեր, Պէյրութ
Այս խօսքը լսեցի, երբ ընդունուեցայ ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի նախապատրաստական (ՆԲ) դասարանը։ Ես Պէյրութի հայահոծ համեստ թաղերէն քաղաքի կեդրոնը գտնուող այս վարժարանը յայտնուեցայ։ Խոր երկիւղածութեամբ առաջին օրը շարուեցանք բակին մէջ։ Տնօրէն Պրն. Արա Թօփճեանը ինծի համար բաւական «բարդ» հայերէնով բաներ մը խօսեցաւ, միայն կը յիշեմ երկար բառ մը՝ «առանձնաշնորհեալ»։ Քանի մը ամիսէն եւ ապա հետագայ տարիներուն լիովին պիտի հասկնայի այդ բառին ամբողջ իմաստը։
Այո՛, առանձնաշնորհեալ էինք, որովհետեւ պիտի ունենայինք ուսուցիչներու փաղանգ մը, որուն շնորհիւ մենք եղանք ինչ որ ենք այսօր։ Այդ ուսուցիչներէն էին Զարեհ Մելքոնեան (հայերէն), Համբարձում Պէրպէրեան (երգ-երաժշտութիւն), Տ. Գէորգ վարդապետ Կարպիսեան (գրաբար, դասական գրականութիւն), Երուանդ Քասունի (հայ գրականութիւն), Փօլ Կիրակոսեան (նկարչութիւն), Գերսամ Ահարոնեան (հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն), Վահէ-Վահեան (հայ գրականութիւն) եւ այլ ուսուցիչներ գիտական ճիւղերու։
Քանի մը դասերէ ետք մենք արդէն գոց գիտէինք Պրն. Համբարձում Պէրպէրեանի եւ Սանթուրեան մականունով նաեւ ճանչցուած հարազատներու տանջալից ոդիսականը։ 1905-ին ծնած էր Կիլիկիոյ միօրեայ մայրաքաղաք Ատանայի մէջ, գաղթ, աքսոր, հարազատներու կորուստ, որբանոց, վերադարձ Ատանա, կրկին տեղահանում, Պոլիս, Իզմիր եւ ապա՝ Հալէպ ու Պէյրութ։ Մեզմէ շատերու համար անծանօթ չէր իր աստանդական կեանքը, որովհետեւ գրեթէ ամէն օր կը լսէինք մեր երէցներէն եւ Պէյրութի հիւղաւաններու բնակիչներէն։
Պրն. Հ. Պէրպէրեանէն սորվեցանք հայրենասիրական երգեր եւ սոլֆեճիօ։ Սիրեցինք այդ երգերն ու Բ. Պատերազմէն ետք վերականգնուող Խորհրդային Հայաստանի մէջ յօրինուած աշխատանքային երգերը, «գեղաքանդակ» Երեւանին նուիրուած երգեր, որոնք մեր կողմէ կ՚երգուէին մեծ ապրումով ու խանդավառութեամբ տօնակատարութիւններու եւ հանդէսներու ընթացքին։ Ափսոսացինք, երբ ան մեկնեցաւ ԱՄՆ-ի Պոսթոն քաղաքը, ուր եղաւ ԹՄՄ-ի հիմնադիրը եւ մեծ զարկ տուաւ Արեւելեան ափի հայ երգ ու երաժշտութեան զգալի տարածման։
Այս տարի կը լրանայ ԱՄՆ-ի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 55-ամեակը։ Այս բարեբաստիկ առիթով Մեծագոյն Լոս Անճելըսի ԹՄՄ-ի երիտասարդ վարչութիւնը նախաձեռնած էր յոբելենական տարեդարձը նուիրել իր մեծ երախտաւորին՝ Մայեսթրօ Համբարձում Պէրպէրեանին։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 6 Սեպտեմբերին Իրանահայ Միութեան շքեղ սրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Կարէն Իսրայէլեանն ու տիկինը։ Հակիրճ խօսքով մը հանդէս գալով, հիւպատոսը իր շնորհակալական խօսքին մէջ շեշտեց մշակոյթի դերը եւ դրուատանքի խօսքեր ըսաւ կազմակերպողներուն։
Հանդիսութիւնը յագեցած էր Հ. Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւններու կատարումներով՝ մեներգներ, ջութակ, որոնց կատարողները կը հանդիսանային Լոս Անճելըսի լաւագոյն երաժիշտներէն ոմանք, ինչպէս Անահիտ Ներսիսեան (մեներգ), Պերճ Քարազեան (թենոր), Անճելա Ամիրեան (ջութակ), Հռիփսիմէ Ռշտունի (դաշնամուրի ընկերակցութիւն)։ Սրտառուչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Հ. Պէրպէրեանի ամէնէն տարեց մտաւորական աշակերտը՝ Դոկտ. Տ. Զաւէն Աւագ քահանայ Արզումանեան (տեսերիզով)։ Կը մէջբերեմ հետեւեալ վկայութիւնը. «Պէրպէրեան իր կարեւոր նպաստը բերած է նաեւ հայ եկեղեցական երաժշտութեան, տարիներ շարունակ սորվեցնելով եւ ղեկավարելով Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները, յատկապէս Անթիլիասի Դպրեվանքէն ներս»։
Հանդիսատեսներուն մէջ զգալի թիւ մը կը կազմէին Համբարձում Պէրպէրեանի սան-սանուհիներ ու երգչախումբերուն մասնակցած անդամ-անդամուհիներ։ Աշակերտներուն անունէն սրտառուչ ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի աշակերտներէն Տիգրան Էքիզեան, որ նախ իր անկեղծ շնորհակալութիւնները յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն՝ այս գեղեցիկ հանդիսութիւնը յղանալուն համար։ «Սիրելի եւ անմոռանալի ուսուցիչ,- ըսաւ ան,-ես եւ քու բազմաթիւ աշակերտներդ աշխարհասփիւռ, այսօր կ՚ուզենք փոխանցել մեր երախտաշատ զգացումները քեզի եւ քու սրբազան հոգիիդ, որ կեանք մը ամբողջ նուիրեցիր հայ երաժշտութեան, եւ մեր հոգիներուն մէջ ծաղկեցուցիր անմահ սէրը մեր պանծալի մշակոյթին, մեր աննման երգին եւ երաժշտութեան»։
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ ԹՄՄ-ի 55-ամեակի կարկանդակը կտրելու արարողութիւնը՝ ձեռամբ վաստակաւոր թէքէեանական Պրն. Բարսեղ Գարթալեանի, ապա բեմ հրաւիրուեցան Հ. Պէրպէրեանի սան-սանուհիները՝ նկարով մը օրուան յիշատակը յաւերժացնելու համար։
Երաժշտութեան եւ երգի մեր անփոխարինելի ուսուցիչը երեւոյթ մըն էր Միջին Արեւելքի, բայց յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր 50-60-ական թուականներուն հայ մշակութային եւ երաժշտական կեանքը աննախընթաց վերելք մը ապրեցաւ՝ երգչախումբեր, նուագախումբեր, երգի-պարի համոյթներ, տօնահանդէսներ (Պաալպեք)՝ Պէյրութը վերածեր էին Արեւելքի Փարիզի, իսկ հայերուս պարագային՝ սփիւռքի Երեւանի։
Համբարձում Պէրպէրեան ոչ միայն գլխաւոր դերակատարներէն մէկն էր այս ծաղկունքին, այլեւ՝ հիմնադիրներէն մէկը։ Իր ցուցաբերած վաստակին առ ի գնահատանք, 1978-ին Երեւան հրաւիրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ մեծ շուքով։
Այսօրուան պէս կը յիշեմ Երեւանի Ֆիլհարմոնիային մէջ Մայեսթրոյի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած շքեղ համերգը, որուն իր ներկայութեամբ մեծ շուք կու տար Վազգէն Ա. Հայրապետը իր շքախումբով։ Ֆիլհարմոնիայի նուագախումբը կատարեց Հ. Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւնները, մեներգողներն էին «Հայաստանի սոխակ» Գոհար Գասպարեանը («Կ՚անձրեւէ տղաս»), եւ անզուգական Լուսինէ Զաքարեանը։
Պրն. Հ. Պէրպէրեանի համերգին ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի դպրոցներու շրջանաւարտներ (որոնց մէջ նաեւ ես), որոնք կ՚ուսանէին Երեւանի բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ։ Երբ որ մեր պատուիրակութիւնը բեմ բարձրացաւ հսկայական ծաղկեփունջ մը նուիրելու, սիրելի ուսուցիչը, յուզումով տալով մեր անունները եւ դառնալով հանդիսականներուն, ըսաւ. «Ասոնք իմ տղաքս են…»։
Քիչ կը պատահի, երբ ուսուցիչ-աշակերտ սիրտէ-սիրտ կապը կ՚ընկերակցի մեզի կեանքի ամբողջ ընթացքին, կը մոռցուին մանր-մունր դէպքերը եւ աւելի կ՚անուշնան հարազատ պահերը։ Պրն. Համբարձում Պէրպէրեան իմ նման շատերու կեանքին մէջ եղած է այդ անձերէն մէկը։ Փառք ու պատիւ իր փառաւոր վաստակին։
* * *
Անարդար պիտի ըլլայի եթէ ակնարկիս մէջ չդրուատէի կազմակերպիչներու նուիրուածութիւնն ու ցուցաբերած բծախնդրութիւնը։ Արդարեւ, այս կոկիկ յայտագիրը կը պարտինք երիտասարդ վարչականներու, որոնք իրենց արհեստավարժութեամբ անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեցին մեզի եւ դեռ պիտի պարգեւեն։ Յայտագիրը արագ եւ սահուն ընթացաւ շնորհիւ հաղորդավարներ Յասմիկ Գարայեանի (վարչութեան անդամուհի) եւ Միհրան Թումաճանի (ատենադպիր) հեզասահ հանդիսավարութեան։ Այս փաստին իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան՝ ըսելով. «Այսպիսի որակաւոր հանդիսութիւններով մեզ ճանչցնել կու տան մեր մեծերը… այսպիսով մենք հաղորդ կը դառնանք պատմութեան եւ մեր մեծերու թողած արժէքներուն»։
Յիրաւի, Լոս Անճելըսի ԹՄՄ-ը ապահով ձեռքերու մէջ է։
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լոս Անճելըս
14 Սեպտեմբեր 2024