Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՁԵՌԱՄԲ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՉՈՐՐՈՐԴ ՄԻՒՌՈՆԸ ԵՒ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ «ԴՐՈՇՄ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ»

September 30, 2024
in Գաղութային
0
ՁԵՌԱՄԲ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՒ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՉՈՐՐՈՐԴ ՄԻՒՌՈՆԸ ԵՒ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ «ԴՐՈՇՄ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ»

28 Սեպտեմբերին` Սուրբ Գէորգ քաջամարտիկ զօրավարի յիշատակութեան օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը:

Միւռոնօրհութեան սրբազան արարողութեան ներկայ էին Նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, թեմական պատուիրակութիւններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, ՀՀ կառավարութեան անդամներ, պետական այրեր, ազգային բարերարներ, մշակոյթի, գիտութեան, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, Հայաստանէն ու Սփիւռքէնն ժամանած բազմահազար ուխտաւոր հայորդիներ:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ այս կարեւորագոյն պատմական իրադարձութեան Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին եւ համայն հայ ժողովուրդին աղօթակից էին Քրիստոնէական Եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու պատուիրակներն ու ներկայացուցիչները։

Տէրունական աղօթքէն յետոյ Հայրապետական հանդիսաւոր թափօրը Մայր Տաճարէն շարժեցաւ դէպի Մայր Աթոռի Սուրբ Տրդատ Բաց Խորան:

Վեհափառ Հայրապետի ընթերականերն էին Գուգարաց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանը։

Հայրապետական թափօրին մէջ կը տարուէին Միւռոնօրհնութեան արարողութեան ժամանակ գործածուող սրբազան մասունքները, Սրբալոյս Միւռոնի նիւթերը եւ այլ սրբութիւններ:

Սրբալոյս Միւռոնի կնքահայրն էր ազգային բարերար Սամուէլ Կարպետեանը:

Բուրվառակիրները խնկարկեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին գլխաւորած եպիսկոպոսաց դասը եւ Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան, ապա Հին ու Նոր Կտակարաններէն հատուածներ եւ Սուրբ Միւռոնին նուիրուած աղօթքներ ընթերցուեցան:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Միւռոնի կաթսային մէջ հեղեց ծաղկանց նիւթը եւ բալասանը, որմէ յետոյ ձեռամբ Նորին Սրբութեան կաթսային մէջ լեցուեցաւ նաեւ Անթիլիասի մէջ օրհնուած Միւռոնը, որ Վեհափառ Հայրապետին մատուցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ գերաշնորհ Տ․ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեռոնաթափ աղաւնիով կաթսային մէջ հեղեց նաեւ հին Միւռոնը` նորին փոխանցելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռքով օրհնուած սրբալոյս Միւռոնին զօրութիւնն ու շնորհը:

Նորին Սրբութիւնը օրհնեց նոր Միւռոնը, տեառնագրեց եւ խառնեց նաեւ Կենաց Փայտի մասունքակիր խաչով, Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդով եւ հայոց հաւատքի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով։

Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ համայն հայութեան, որմէ յետոյ Նորին Սրբութիւնը, եպիսկոպոսաց դասը եւ Միւռոնօրհնությեան կնքահայրը համբուրեցին նորօրհնեալ Միւռոնի կաթսան:

Արարողութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Սուրբ Գեղարդով օրհնեց ներկաները:

Ուխտաւոր ժողովուրդին հնարաւորութիւն տրուեցաւ հպելու Սուրբ Միւռոնի կաթսային եւ ստանալու նոր Միւռոնին օրհնութիւնը:

Միւռոնօրհնութեան արարողութեան աւարտին թափօրը Հայրապետական մաղթերգի ներքոյ ուղղուեցաւ դէպի Վեհարան:

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԵՌՕՐԵԱՅ ՍՈՒԳ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ  

Next Post

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.