Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին Շաբաթ օր հրապարակեց հրամանագիր, ըստ որուն, ան պաշտօնական սուգ յայտարարեց նահատակ սեյիտ Հասան Նասրալլայի համար: Հրամանագրին մէջ ըսուած էր, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութենէն ետք, որ միացաւ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի մեղաւոր յարձակման հետեւանքով զոհուած նահատակներու շարասիւնին, Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբերին, Երեքշաբթի, 1 եւ Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերին կը յայտարարուի պաշտօնական սուգ, որոնց ընթացքին պետական դրօշները վար կ’առնուին եւ Լիբանանի հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանները կը սփռեն սուգի պատշաճ յայտագիր։ Իսկ մեծ նահատակին յուղարկաւորութեան օրը պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները կը մնան փակ: