Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐՆԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐՆԱԽԱՒԷՆ   

September 30, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐՆԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐՆԱԽԱՒԷՆ   

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հետեւեալ գրառումով գուժեց Նասրալլայի մահը. «Ո՛վ, Մուսա Սատըրի որդի, եւ Հիւսէյնիա Քարպալայի դպրոցի դիմադրութեան զաւակ… Ո՛վ, իմ եղբայր… Ո՛վ, քաջամարտիկ նահատակ… Առաջին անգամ դուն դրժեցիր խոստումը եւ հեռացար առանց ժամադրութեան… կրակի բոցերը խանգարեցին ինծի հանդիպելու քեզի»:Ան աւելցուց, որ «Երեսուներեք տարի միասին… Դուն մեզմէ էիր, եւ մենք ձեզմէ, եւ մեր միջեւ բեւեռի սարեր չկան… Ես կը գրեմ քեզի հրաժեշտի մէջ, եւ բառերը անզօր են, եւ ասիկա քու մեծագոյն ցանկութիւնդ էր հասնիլ այս պատիւին՝ նահատակութեան: Բոլոր այն բառերը, որոնք կարելի է ըսել, չեն կրնար նկարագրել քու սէրդ հայրենիքին հանդէպ»։             Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Աուն «X» հարթակին վրայ նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեամբ Լիբանան կորսնցուց ականաւոր եւ ազնիւ առաջնորդ մը, որ կ’առաջնորդէր ազգային դիմադրութիւնը դէպի յաղթանակ եւ ազատագրում: Ան հաւատարիմ էր իր խոստումին եւ հաւատարիմ՝ իր ժողովուրդին, որոնք յայտնեցին իրենց սէրը, վստահութիւնն ու նուիրուածութիւնը:             Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ Նասրալլայի սպանութիւնը Լիբանանն ու տարածաշրջանը մխրճեց բռնութեան նոր փուլի մէջ: Ան ըսաւ, որ անիկա վախկոտ արարք է, որ ամբողջութեամբ կը դատապարտուի մեր կողմէ: Այժմ բոլորէն կը պահանջուի վեր կենալ քաղաքական տեսակէտի տարբերութիւններէն եւ  եսասիրութենէն՝ մեր երկիրը ապահով ափ հասցնելու համար:             Լիբանանեան ժողովրդավարական ​​կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան սգաց Նասրալլայի նահատակութիւնը եւ ըսաւ, որ «սիրելին ու եղբայրը, ժամանակակից դարաշրջանի դիմադրութեան խորհրդանիշը հեռացաւ՝ իր ետին ձգելով հպարտութեան, արժանապատուութեան եւ դիմադրութեան դպրոց մը: Տխրելու կամ լալու ժամանակը չէ, այլ  վերականգնելու, համբերելու եւ անոր ուղին շարունակելու ժամանակն է»:             Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպալթ նշեց, որ սեյիտ Հասան Նասրալլան եւ անոր ուղեկիցները միացան Պաղեստին տանող ճանապարհին նահատակներու փաղանգին:             Ամալ շարժումը գուժեց Նասրալլայի նահատակութիւնը: Գուժին մէջ նշուած էր, որ կը սգան իբրեւ դիմադրող եղբայր նորին սրբութիւն Իմամ Մուսա Սատրի դպրոցին եւ Հըզպալլայի ու քաջարի իսլամական դիմադրութեան հաւատարիմ առաջնորդին նահատակութիւնը:            Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց եւ  կիսեց Հըզպալլայի եղբայրներու մեծ կորստեան ցաւը եւ նշեց, որ սեյիտ Հասան Նասրալլայի կորուստը խիզախ գործիչի կորուստ է։ Յայտարարութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան յարձակումը գերազանցեց բոլոր սահմաններն ու բարոյական ու մարդկային կանոնները:            Շիիներու գերագոյն խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ կը սգան ականաւոր առաջնորդ, գիտնական եւ քաջամարտիկ Նասրալլայի նահատակութիւնը: «Ան զոհուեցաւ իբրեւ նահատակ Պաղեստինեան դատին եւ ազգի սրբութիւններուն ճանապարհին վրայ»:             Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտէլ Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց սիոնիստական ​​թշնամիին գործողութիւնները, Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ ջարդեր ու ցեղասպանութիւններ իրականացնող թշնամին՝ սեյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութեան առումով: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին եւ լիբանանցիներուն, եւ նշեց, որ Լիբանան կ’անցնի դժուարին եւ նուրբ հանգամանքներու մէջէն, որոնք կը պահանջեն ամբողջ լիբանանցիներու գիտակցութիւնը եւ միասնութիւնը՝ դիմակայելու սիոնական ​​թշնամիի կողմէ իրենց սպառնացող վտանգներուն:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՊՊԱՍ ՆԻԼՖՈՐՇԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՌԱՀԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԿՈՉԸ

Next Post
ՌԱՀԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԿՈՉԸ

ՌԱՀԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԿՈՉԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.