Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» թերթը, վկայակոչելով լիբանանեան անվտանգութեան աղբիւրները, պնդեց, որ Իսրայէլը զգայուն տեղեկութիւններ ձեռք բերած է իրանցի գործակալի միջոցով։ Ան անդրադարձած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի ներկայութեան Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ՝ նախորդ Ուրբաթ օր անոր սպանութենէն առաջ։ Ըստ «Լը Փարիզիեն»ի՝ սեյիտ Նասրալլայի սպանութեան ամենամեծ անակնկալը կը կայանայ անոր մէջ, որ իրանցի գործակալը մեծ դեր խաղցած է, որովհետեւ այս լրտեսը կրցած է թափանցել Հըզպալլայի մօտակայ շրջապատը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդած՝ Նասրալլայի շարժումներուն մասին: Պարբերականը աւելցուց, որ իր սպանութեան օրը Նասրալլային ինքնաշարժով ուղեկցած է Լիբանանի «Քուտս» ուժերու փոխհրամանատարը, իսկ սպանութեան պահուն ան կը գտնուէր գետնին տակ 30 մեթր խորութեան վրայ։Ngar Le Parisien