Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԵՍ ԵՒ ԻՄ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՆՔ ՄԵՐ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԷՋԸ ՓԱԿԵԼՈՒՆ»

September 27, 2024
in Հայաստան
0
«ԵՍ ԵՒ ԻՄ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԵՆՔ ՄԵՐ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԷՋԸ ՓԱԿԵԼՈՒՆ»

 

Կ’ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդին մէջ կազմակերպուած «Առաջնորդութիւն յանուն խաղաղութեան. ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան շուրջ համախմբուած, անվտանգ ապագայի որոնումներով» խորագրով քննարկման:

Ողջունելով ներկաները` վարչապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է սլովենական կողմին` այս բաց քննարկումը կազմակերպելու համար եւ յաւելած.

«Համաշխարհային անվտանգութեան ճգնաժամը խարխլած է բազմակողմ համակարգը։ Մենք կը շարունակենք ականատես ըլլալ հակամարտութիւններու եւ ճգնաժամերու աճող թիւին, որոնք ծանր ազդեցութիւն կ’ունենան խաղաղ բնակչութեան վրայ, ներառեալ ամենախոցելիները:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պէտք է դիմակայէ այնպիսի իրավիճակներ ստեղծելու փորձերը, երբ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ ուժի կիրառումը, նախայարձակ գործողութիւնները, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումները բնական կը համարուն։

Քանի որ այսօրուայ քննարկման թեման «Առաջնորդութիւն յանուն խաղաղութեան» է, ես կ’ուզեմ կիսել իմ համոզմունքը, որ խաղաղութիւնը կը պահանջէ առաջնորդութիւն եւ անկեղծ քաղաքական քաջութիւն: Ես եւ իմ գլխաւորած կառավարութիւնը յանձնառու ենք մեր տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան էջը փակելուն եւ ներկայ յարաշարժութիւնը փոխակերպելու համագործակցութեան՝ յանուն բարգաւաճման, կայունութեան եւ խաղաղութեան։ Հայաստանը պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու Ատրպէյճանի հետ: Հայկական կողմը առաջարկած է ստորագրել խաղաղութեան պայմանագրի արդէն համաձայնեցուած յօդուածները` մինչեւ Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ը, այդպիսով ստեղծելով խթանող միջավայր խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու համար:

Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի բանալ տարածաշրջանի տնտեսական ներուժը եւ ամրապնդել տնտեսական եւ մշակութային կապերը՝ անով իսկ նպաստելով քաղաքական երկխօսութեան եւ համապարփակ խաղաղութեան ձեռքբերման՝ ի շահ բոլոր ժողովուրդներուն։ Մենք պատրաստ ենք օգտագործելու դրական կշռոյթը եւ շարունակելու սահմաններու սահմանազատման գործընթացը՝ մեր սահմանազատման յանձնաժողովներուն միջեւ կանոնակարգի հիման վրայ` հիմք ընդունելով 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագիրը:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ուժեղ եւ միանշանակ աջակցութիւնը Հայաստանի ջանքերուն՝ միտուած տարածաշրջանին մէջ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան, չափազանց կարեւոր է»:

Share64Tweet40
Previous Post

ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆ. «ՖՐԱՆՍԱՆ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ»

Next Post

«ՄԱՔՐՈՆԸ ԵՐԵՒԱՆԸ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԷ». ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱԳՆ-Ն ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՋՂԱՁԳՈՒԱԾ Է

Next Post

«ՄԱՔՐՈՆԸ ԵՐԵՒԱՆԸ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԷ». ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱԳՆ-Ն ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՋՂԱՁԳՈՒԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.