Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՍՕՍԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ

September 27, 2024
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՍՕՍԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ

 

 

Քառասուն օրեր առաջ խոր վշտով իմացայ տիկին Սօսի Գալայճեանի մահուան լուրը:

Աշակերտական մեր տարիներուն միշտ ալ տարբեր հմայք ունեցած են տարիներու ծառայութիւն ունեցած ուսուցիչ-ուսուցչուհիները իրենց ունեցած վերաբերմունքով: Անոնցմէ մին էր  նորոգ հանգուցեալ տիկին Սօսին, երկար տարիներու վաստակ ունեցած մեր ուսուցչուհին, որուն դուստրերն ալ ինծի նման թէքէեանցիներ եղած են։

Ես թերաւարտ հեռացած ըլլալով իմ սիրելի դպրոցէս, հօրաքոյրներուս՝ տիկին Ովսաննային եւ տիկին Պերթային ունեցած անկեղծ նուիրումին արդիւնք միշտ ալ եղած եմ դպրոցին մօտիկ, յատկապէս շարք մը ուսուցչուհիներու, որոնք մօտ եղած են հօրաքոյրներուս  եւ այդ միջոցաւ վայելած եմ ստեղծուած փոխադարձ յարգանքը եւ մտերմութիւնը: Թէքէեան վարժարանի ընտանեկան տաքուկ յարկին տակ այն երախտաւորներու անուններուն շարքը երկար է:

12 Մայիս 1946-ին կը ծնի Սօսի Սթամպուլեանը եւ կը յաճախէ Արմէն Ղարիպ դպրոցը, որ     կ’աւարտէ 1964-ին։  Ան իր երիտասարդ տարիքին՝ 1965-1966 թուականներուն, մուտք կը գործէ ուսուցչական ասպարէզ եւ առաջին քայլերը կ’ըլլան բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան Վարժարանը (հետագային միջնակարգ) մինչեւ 1995 թուական, ապա իր ուսուցչութիւնը կը շարունակէ Ազգ. Ս. Խանամիրեան վարժարանի մէջ մինչեւ 2012։

Հայկական վարժարաններու մէջ անսակարկ  նուիրումը եւ ծառայութիւնը ազգային մեծ գործ է։

16 Սեպտեմբեր 1977-ին կեանքի ընկեր ունենալով Պրն. Սամուէլ Գալայճեանը կը կազմեն օրինակելի ընտանիք մը, բախտաւորուելով երկու դուստրերով՝ Նարինէ եւ Քրիստին։         Տիկին Սօսին զուարթ դէմքով եղած է, հոգատար եւ հանդարտ նկարագիրով, ու սիրուած՝ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն կողմէ, իր ջերմ, ընկերային ու խանդավառ  տրամադրութեամբ եւ քաղցր բնաւորութեամբ, համոզիչ խօսուածքով։  Յարգանքս այն նորեկ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց անկարելին կ’ընեն՝ ամէն ճիգ տալով, եւ յատկապէս իրենց նոր մեթոտներով եւ արհեստավարժ նոր ծրագրերով, սակայն անցեալի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ունեցած փորձառութիւնը տարբեր հմայք ունեցած է:

2023-ի Ապրիլի Աւագ Ուրբաթ օր ուղեղի կաթուածի հիւանդութեան պատճառով տիկին Սօսին կը դառնայ անկողինի ծառայ: Նարինէն եւ Քրիստինը սիրայօժար կը ստանձնեն անոր հոգատարութեան ծանր եւ դժուարին պարտականութիւնը։ Օրին երբ իմացայ տիկին Գալայճեանի հիւանդանալը, կրցայ կապ հաստատել  փոքր դստեր Քրիստինին հետ եւ հարցնել մեր ուսուցչուհիին առողջական վիճակին մասին, նոյն պարագան ունի նաեւ մայրս, որ կը տառապի այս անբուժելի հիւանդութենէն:

Պէտք է խոստովանիլ, թէ ինչ դժուար է նման պարագայի հիւանդներուն եւ անոր ծառայողին վիճակը: Վստահ եմ Նարինէն եւ Քրիստինը որքան դժուար ժամանակաշրջան մը անցուցին:          Յաճախ երբ կը խօսէի Քրիստինին, կ’ըսէի՝ տիկին Սօսիին բարեւներս հասցուր եւ ըսէ աշակերտներէդ Գէորգ Տաղլեանը պիտի այցելէ: Ափսոս խոստումս չկրցայ յարգել  զանազան պատճառներով…

Մեր ուսուցչուհին իր հոգին անաղմուկ աւանդեց 15 Օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը: Իր մահով անշշուկ մեկնեցաւ՝ Ամենակալին յաւիտենական անդորրութեան մէջ հանգչելու:

Լոյսերու մէջ հանգչէ՛, սիրելի տիկին Սօսի:

 

Աշակերտդ՝

ԳԷՈՐԳ ՎԱՀԱՆ ՏԱՂԼԵԱՆ

Share63Tweet40
Previous Post

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆ. «ՖՐԱՆՍԱՆ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ»

Next Post
ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆ. «ՖՐԱՆՍԱՆ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ»

ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆ. «ՖՐԱՆՍԱՆ ԿԱՆԳՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.