Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

September 27, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

«Արարատ» օրաթերթի նորանշանակ տնօրէնին հետ ծանօթացումի տեսակցութիւններուն ծիրին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան ու Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան դիւանապետ ընկ. Լութֆիկ Կօտալազեան այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահէ արք. Փանոսեանին եւ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ. նախագահ Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին, ընկերակցութեամբ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկ. Նազօ Ճէրէճեանին:

Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուեցան լիբանանեան եւ գաղութային ընդհանուր զարգացումները՝ իսրայէլեան կործանարար յարձակումներու լոյսին տակ: Ժողովականները քննարկեցին այս զգայուն օրերուն լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ զանոնք անյապաղ լուծելու ուղղութեամբ ներդրուած  ջանքերը: Անդրադարձ եղաւ Լիբանանի հարաւային շրջաններէն տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն օգնելու ջանքերուն:

Առաջնորդ Սրբազանն ու Վեր. Հայտոսթեանը ընդգծեցին հայ մամուլին կարեւոր դերակատարութիւնը հայ համայնքի կեանքին մէջ, իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին անոր յարատեւութեան եւ կոչ ուղղեցին միշտ կառչած մնալու անոր առաքելութեան, գնահատելով հայ մամուլի աշխատակիցներուն նուիրեալ գործը: Անոնք ողջունեցին «Արարատ»-ի աշխատանքն ու յարատեւ յաջողութիւն մաղթեցին օրաթերթին, անոր նորանշանակ տնօրէնին ու պաշտօնէութեան:

 

ՍԴՀԿ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուութեան Դիւան

Share63Tweet40
Previous Post

ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ  

Next Post

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՍՕՍԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ

Next Post
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՍՕՍԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ  ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՍՕՍԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.