Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ     

September 27, 2024
in Միջազգային
0
ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ     

       Երէկ շարունակուեցան միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանան- Իսրայէլ սահմանին վրայ զինադադար հաստատելու կոչերն ու ջանքերը:               Արդարեւ Միացեալ Նահանգները, Աւստրալիան, Գանատան, Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսան, Գերմանիան, Ճափոնը, Իտալիան, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կոչ ուղղեցին 21 օրուան տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու: Անոնք նշեցին, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ շարունակուող զանգուածային օդային յարձակումներուն հետեւանքով բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ իրավիճակը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ աւելի լայն տարածաշրջանային ընդարձկման վտանգ կը ներկայացնէ, աւելցնելով որ ժամանակը հասած է սահմանային շրջաններու բնակիչներուն իրենց խաղաղ տունդարձը երաշխաւորելու։

Համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած երկիրները յայտարարած են, որ պատրաստ են դիւանագիտական ​​աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ համաձայնութեան հասնելու համար, որ վերջ պիտի տայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ճգնաժամին։

 

Ամերիկացի պաշտօնատարները իրենց լաւատեսութիւնը յայտնեցին այս ուղղութեամբ: Միւս կողմէ Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ ըսաւ, որ Իսրայէլ պէտք է ընդունի զինադադարի առաջարկը, այն պայմանով որ միայն 7 օրուան համար ըլլայ, որպէսզի Հըզպալլային չարտօնէ իր ղեկավարման համակարգը վերականգնել: Ան յայտնեց նաեւ, որ պիտի չընդունին որեւէ առաջարկ, որ Հըզպալլային հեռացումը իրենց սահմաններէն չ’երաշխաւորեր:

Լափիտ նշեց, թէ որեւէ առաջարկ, որ կը ներկայացուի, պէտք է թոյլ տայ հիւսիսի բնակիչներուն անյապաղ վերադառնալ իրենց տուները, եւ ատիկա պէտք է յանգի պատանդներու բանակցութիւններու վերսկսման, եւ որեւէ խախտում պիտի յանգեցնէ անոր, որ Իսրայէլը յարձակի իր ամբողջ ուժով Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:

Ամերիկեան-ֆրանսական առաջարկին լոյսին տակ, Նիւ Եորքի մէջ բանակցութիւններուն հետեւող աղբիւրներ երէկ կէսօրէ առաջ «Էմ.Թի.Վի.»-ին յայտնեցին, որ դիւանագիտական ջանքերը յառաջընթաց կ’արձանագրեն եւ շուտով զինադադար կ’ակնկալուի:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԶՕՐԱՄԱՍԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ՝ ԹԻՐԱԽ

Next Post

ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ  

Next Post
ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ  

ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ  

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.