Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԶՕՐԱՄԱՍԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ՝ ԹԻՐԱԽ

September 27, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԶՕՐԱՄԱՍԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ՝ ԹԻՐԱԽ

 

Երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:00-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ: Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերու զօրամասի հրամանատարն է: Յարձակումը կատարուեցաւ «ԷՖ-35» ռմբաձիգ օդանաւով, ըստ նոյն աղբիւրին: Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ գնահատականները հարաւային արուարձաններուն մէջ ահաբեկչական գործողութեան յաջողութիւնը կը փաստեն:

 

Նշենք, որ յարձակման ենթարկուած շէնքը կը գտնուի Հատի Նասրալլա մայրուղիին մօտ գտնուող Ռուէյս խաչմերուկին վրայ: Մեծ վնասներ կրած են նաեւ մերձակայ շէնքերը: Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ի յարձակման թիրախը հրամանատար Մոհամմատ Հիւսէյն Սրուրն է: Ապահովական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ հրամանատարը մահացած է:

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախնական տուեալներով Հարաւային արուարձանին վրայ յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած են երկու զոհ եւ տասնհինգ վիրաւոր:

 

Երէկ երեկոյեան Ալէյի Քահհալէ շրջանին մէջ ինքնաշարժի մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ, որ պատճառեց մէկ վիրաւոր:

Յայտնենք, որ երէկ դարձեալ իսրայէլեան օդանաւեր Պէյրութի վրայ խզեցին «ձայնի պատ»-ը:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նշեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով 103 սուրիացի տեղահանուածներ, որոնց մէջ 32 մանուկներ զոհուեցան:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ աւելի քան 22.000 անձեր, մասնաւորաբար սուրիացիներ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Սուրիա մեկնեցան:

Կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հարցազրոյցի մը ընթացքին սեփական վարժարաններուն կոչ ուղղեց դպրոցական տարեշրջանի վերամուտը յետաձգելու: Աւելի ուշ ան յայտնեց, որ սեփական վարժարաններուն փոխանցած է, որ վերամուտը մինչեւ 7 Հոկտեմբեր պէտք է երկարաձգել:

Share62Tweet39
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆ. ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻ 4ՐԴ ՕՐ     

Next Post

ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ     

Next Post
ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ     

ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ     

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.