Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆ. ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻ 4ՐԴ ՕՐ     

September 27, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԼԻԲԱՆԱՆ. ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻ 4ՐԴ ՕՐ     

Լիբանան-Իսրայէլ պատերազմական իրավիճակի սրումը արագացուց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առընթեր դիւանագիտական ջանքերը՝ զինադադար հաստատելու եւ լուծումներ որոնելու առումով:  «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ստորագրած է զինադադարի մասին համաձայնագիրի առաջարկը, Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընի եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ հանդիպումէն ետք:               Գործակալութիւնը պարզեց, որ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի արտաքին գործերու նախարարներուն հետ հանդիպման ժամանակ Պլինքըն կապ  հաստատած է Քաթարի վարչապետ Մոհամմատ Պըն Ապտուլ Ռահման Ալ Թանիի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի հետ՝ խնդրելով անոնց հաստատել համաձայնագիրը եւ ստացած է անոնց համամտութիւնը:               Աւելի ուշ, վարչապետի պաշտօնակատարի գրասենեակը հերքեց, թէ ան Պլինքընի եւ Հոքշթայնի հետ հանդիպելէ ետք ստորագրած է զինադադարի համաձայնութիւնը:Ngar mikati

 

Միւս կողմէ, երէկ շարունակուեցան իսրայէլեան յարձակումներն ու բռնարարքները հարաւի, Պեքաայի, Հերմելի, Լապուէի եւ Նապաթիէ շրջաններուն մէջ: Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ngar Nabatiye

Իր հերթին, Հըզպալլա կ’ընդլայնէ իր հրթիռային յարձակումները դէպի իսրայէլեան բնակավայրեր եւ իսրայէլեան բանակի կեդրոններ, որոնք վերջին օրերուն հասած են Հայֆա եւ Թել Աւիւ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ տասնեակ հրթիռներ արձակուած են Աքրայի եւ Հայֆա քաղաքի ուղղութեամբ։

«Իսրայէլ Հայոմ» թերթը պարզաբանած է, որ յայտնաբերած են մօտ 30 հրթիռ, որոնք արձակուած են Աքրի ու անոր  շրջակայքին ուղղութեամբ։

Իսրայէլեան պաշտօնատարները կոչ ըրին հիւսիսային Կոլանի, Քիրիաթ Շմոնայի եւ Գալիլիոյ բնակիչներուն մնալու ապահով վայրերու մէջ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

Next Post

ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԶՕՐԱՄԱՍԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ՝ ԹԻՐԱԽ

Next Post
ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԶՕՐԱՄԱՍԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ՝ ԹԻՐԱԽ

ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԶՕՐԱՄԱՍԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ՝ ԹԻՐԱԽ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.