Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

September 26, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

Այս տարի Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 20-էն 22 Սեպտեմբեր, Լեռնալիբանանի Աշքութ գիւղին մէջ. բանակումը նուիրուած էր Սարգիս Տխրունիի (Քէտէրեան) նահատակութեան 95-ամեակին:
Բանակումին կը մասնակցէին աւելի քան 40 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:
Երեք օրուայ վրայ բաժնուած ծրագիրը յագեցած էր մարմնամարզանքներով, դասախօսութիւններով, երգ ու պարով եւ հաճելի կատակ-խաղերով:

Բանակումին առաջին հիւր դասախօսն էր Ռըմէյլի Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանը, որ պատկերաւոր եւ մատչելի լեզուով  երիտասարդներուն բացատրեց չարի ու բարիի մասին, ինչպէս նաեւ մարդկային բնութեան արարչական նուէր մը ըլլալուն մասին: Ապա հայրական մաղթանքներով եւ պահպանիչով հրաժեշտ տուաւ հաւաքուածներուն:

Յաջորդ առաւօտեան դրօշակի առարողութենէն, մարզանքներէն եւ նախաճաշէն ետք, տխրունիականները բաժնուեցան հինգ խմբակներու եւ տեղի ունեցաւ ընդհանուր զարգացման մրցում, ուր, ըստ մեր աւանդութեան, բոլոր խմբակները ճանչցուեցան համահաւասար՝ յաղթանակած:

Տխրունիականներուն երկրորդ այցելու դասախօսն էր «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեանը: Յարգելի ընկերը «Ո՞վ է իրաւ տխրունիականը» վերնագիրը կրող դասախօսութեան մէջ անդրադարձաւ օրինակելի տխրունիականի բարեմասնութիւններուն: Ան յատկապէս նշեց տիպար տխրունիական երիտասարդին նկարագրին առանձնայատկութիւնները որպէս՝ գաղափարական ամուր հիմքերով ապագայ ղեկավար, կուսակցութեան շահը ամէն բանէ վեր դասող, իր հանգիստը, ժամանակը հաճոյքը զոհաբերող, ներքին անհասկացողութիւնները չբարդացնող, հրահանգներուն ենթարկուող, մեծամասնութեան ընդունած որոշումներուն համաձայնող, անհիմն լուրեր չտարածող, գաղտնապահութեան եւ ընկերվարական սկզբունքները յարգող, դիպուկ օրինակներ բերելով: Աւարտին, ընկեր Ճէրէճեան խորհրդանշական յուշանուէր յանձնեց դասախօսութեան ընթացքին տրուած հարցումներուն ընդառաջող ամենաաշխուժ մասնակիցին:

Աւագ տխրունիականներու կողմէ պատրաստուած ճաշին մասնակցեցաւ օրուան երրորդ բանախօսը՝ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանը: Ընկերը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին եւ անկախութեան ձեռքբերման պատմական եւ քաղաքական դժուարին պայմաններուն:

Երկրորդ օրուան երկրորդ կէսը գերազանցապէս աշնանային էր, երկինքը քանի մը անգամ փոխուելով գալիք տեղատարափին աւետիսը կու տար: Տխրունիականները արհամարհելով աշնան թեթեւ անձրեւի հաճելի կաթիլներն ու հետզհետէ ախորժելի զովացող եղանակը, շարունակեցին իրենց ուրախ խաղերը:

Երեկոյեան խարոյկին շուրջ տխրունիական ընկերներու հիւրերն էին Լիբանանի շրջանի Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ մարմինի ընկերները, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանի. անոնց կ’ընկերակցէր պատմաբան ընկեր Յակոբ Կէրկէրեանը: Որպէս չորրորդ բանախօս, ընկեր Կէրկէրեան համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ Հնչակեան կուսակցութեան անցած պատմական ուղիին, Սարգիս Տխրունիի սխրագործութեան, որպէս հնչակեան գաղափարախօսութեան հաւատարիմ զինուոր:

Ըստ ծրագրուածին բանակումը պիտի շարունակուէր մինչեւ յաջորդ երեկոյ եւ պիտի եզրափակուէր Սարգիս Տխրունիի նահատակութեան 95-ամեակին նուիրուած պատշաճ խարոյկահանդէսով: Սակայն մայր բնութիւնը առաւօտեան ժամը 4-ին իր առատաձեռն տեղատարափով «լոգցուց» բանակումի մասնակիցները. անձրեւը ուրիշ տեսակի հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց՝ ըսելով, որ «մայր բնութեան հետ կատակ չ’ըլլար, արագ հաւաքուեցէք ու վերադարձէք Պէյրութ»:

Երիտասարդ ընկերները մեծ արագութեամբ հաւաքելով վրաններն ու բանակումի բոլոր սարքաւորումները թրջուած վերադարձան քաղաք:

Շատ հաւանաբար դասախօսներու օգտաշատ զեկոյցները մանրամասնութեամբ չյիշուին ապագային, բայց վստահաբար Սարգիս Տխրունիի նահատակութեան 95-ամեակին նուիրուած բանակումի եզրափակիչ հանդէսին մայր բնութեան բարիքներն ու մասնակցութիւնը երբեք պիտի չջնջուին մեր յիշողութեան մէջէն:

 

Share63Tweet40
Previous Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆ. ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻ 4ՐԴ ՕՐ     

Next Post
ԼԻԲԱՆԱՆ. ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻ 4ՐԴ ՕՐ     

ԼԻԲԱՆԱՆ. ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԻ 4ՐԴ ՕՐ     

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.