Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

September 26, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ: Երկու ղեկավարները քննարկեցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումին եւ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Անոնք մանրամասն անդրադարձան յարաբերութիւններու կարգաւորումի հոլովոյթի ծիրին մէջ կատարուած քայլերուն եւ առկայ պայմանաւորուածութիւններուն: Փաշինեան եւ Էրտողան ընդգծեցին կարգաւորումի հոլովոյթը առանց նախապայմաններու շարունակելու եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը: Երկու ղեկավարները խօսեցան նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն մասին: Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետին նուիրեց իր՝ «Աւելի արդար աշխարհ հնարաւոր է» գիրքը եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց յարաբերութիւններու կարգաւորումին, իսկ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները:

Հայաստանի վարչապետը Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ ու գործադիր տնօրէն Քոմֆորթ Էրոյի հետ քննարկեց Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու բանակցութիւններն ու հնարաւորութիւնները: Զրուցակիցները անդրադարձան հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու բանակցութիւններուն եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու առաջարկներուն:

Share64Tweet40
Previous Post

ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ՇՇՈՒԿՆԵՐ

Next Post

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

Next Post
ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.