Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ՇՇՈՒԿՆԵՐ

September 26, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան, Միջազգային
0
ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ՇՇՈՒԿՆԵՐ

 

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ լուրջ հաղորդակցութիւններու մէջ է միջազգային ուժերու հետ՝ ներառեալ Միացեալ Նահանգները, վերջ տալու համար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան վտանգաւոր մագլցումին: Ըստ Պըրրիի, այսօր վճռորոշ պիտի ըլլայ՝ քաղաքական լուծումի ջանքերը յաջողութեան կամ ձախողութեան ուղղելու առումով: Այս առումով երէկ գիշեր հաղորդուեցաւ, թէ Պըրրի հաղորդակցութիւն կ’ունենայ մանաւանդ բրիտանացիներուն հետ, որոնք համաձայն են նախ իրավիճակը հանդարտեցնելու եւ տեղահանուածները տուն վերադարձնելու առաջարկին շուրջ, սակայն իսրայէլեան կողմը միաժամանակ կը պահանջէ Հըզպալլան հեռացնել հիւսիս՝ մինչեւ Լիթանի գետը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն ահազանգեց տարածաշրջանային մագլցումի վտանգաւոր հետեւանքներէն, կարեւորելով դիւանագիտական միջնորդութիւնը՝ կանխելու համար իրավիճակի յաւելեալ վատթարացումը: «Մենք մեր գործընկերներուն հետ անդուլ կը փորձենք կանխել ընդարձակ պատերազմը, անցնելու համար դիւանագիտական ջանքերուն», ըսաւ Պլինքըն եւ առնչակից բոլոր կողմերէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իրանի վրայ, որպէսզի վերջ տայ մագլցումին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Եգիպտոսին ու Քաթարին՝ զինադադարի ուղղութեամբ տարուած աշխատանքին համար: Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու նախկին թեկնածու, կուսակցապետ Ժան Լիւք Մելոնշօն ահազանցեց, թէ «Լիբանան կ’ենթարկուի ծանր ռմբակոծումի եւ մենք չենք կրնար լուռ մնալ, որովհետեւ այդ մեզ պիտի չազատէ պատասխանատուութենէ»: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան մահմետական պետութիւններուն կոչ ուղղեց միասնական դիրքորոշում որդեգրելու Իսրայէլի նկատմամբ՝ ի տես Լիբանանի դէմ անոր ձեռնարկած ոտնձգութիւններուն:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը դատապարտեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող ռազմական մագլցումը եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց աշխատանք տանիլ՝ վիճակը անյապաղ հանդարտեցնելու համար:

Share62Tweet39
Previous Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՆՔԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.