Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՆՔԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

September 26, 2024
in Հայաստան
0
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՆՔԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

 

 

Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Նիւ Եորքի մէջ պիտի տեսակցի իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ միջնորդութեամբ ու ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընի: Նախարարները Նիւ Եորք կը գտնուին, մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր խորհուրդի նիստերուն: Տեղական լրատուամիջոցներուն համաձայն, եռակողմանի տեսակցութիւնը պէտք է կայանայ՝ իր աւարտին հասցնելու խաղաղութեան բանակցութիւններուն եզրափակիչ փուլը:

Նախարար Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ իր գերմանացի պաշտօնակից Անալենա Պերպոքի հետ: Զրուցակիցները քնարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող նիւթեր, Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորացումը եւ տարածաշրջանային թղթածրարներ: «Բարձր կը գնահատենք Պերլինի աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու շարունակական ընթացքին, ինչ որ Երեւանը աւելի կը մօտեցնէ Եւրոմիութեան: Մենք կ’ուսումնասիրենք համագործակցութեան նոր հեռանկարներ», ըսաւ Միրզոյեան: Խօսելով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումի հոլովոյթին մասին, Միրզոյեան շեշտեց, որ այժմ կայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու իրական հնարաւորութիւն, որուն համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք: Ըստ Միրզոյեանի, Հայաստան յստակօրէն արտայայտած է այդ քաղաքական կամքը:

Միրզոյեան տեսակցեցաւ նաեւ իր հոլանտացի պաշտօնակիցին հետ: Գասպար Վելթքամփ համացանցային գրառումով մը Ամսթըրտամի աջակցութիւնը յայտնեց խաղաղութեան հոլովոյթին: «Մէկ տարի առաջ, հարիւր հազար արցախցի հայեր ստիպուած եղան լքել իրենց տուները», համացանցի իր էջով գրեց հոլանտացի նախարարը, շեշտելով որ Երեւան կը շարունակէ նուիրուած մնալ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան:

Իսկ իր զուիցերիացի պաշտօնակիցին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուց խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու ուղղութեամբ Երեւանի ջանքերը: Նախարարները արծարծեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան խորացումին վերաբերող քայլերը:

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ

Next Post

ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ՇՇՈՒԿՆԵՐ

Next Post
ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ՇՇՈՒԿՆԵՐ

ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ՇՇՈՒԿՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.