Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ

September 26, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ

 

Յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով երէկ շարունակուեցաւ իսրայէլեան օդային պատերազմը, որուն տրամագիծը ընդարձակուեցաւ՝ ներառելով լիբանանեան յաւելեալ շրջաններ, հասնելով Շուֆ եւ Քսըրուէն՝ հարաւի ու Պեքաայի բազմաթիւ շրջաններու կողքին: Նախանցեալ օրուայ հարուածները տակաւին չաւարտած, երէկ արեւածագի ժամերէն բացուեցաւ 25 Սեպտեմբերի հաշիւը եւ առաջին հարուածը բաժին հասաւ Շուֆ գաւառի Ժիյյէ եւ Սաատիաթ բնակավայրերուն միջեւ գտնուող շրջանին: Շուֆ եւ Ժըզզին գաւառներուն միջեւ աւելի ուշ թիրախաւորուեցաւ նաեւ Ժուն շրջանը, ուր քաղաքացիական անվտանգութիւնը գրանցեց 4 մահ, 7 վիրաւոր եւ 11 անհետ կորսուած մարդ:

Հարաւային Նապաթիէ գաւառին մէջ բազմաթիւ բնակավայրեր երէկ թիրախ դարձան իսրայէլեան հարուածներու՝ ներառեալ կառավարական հիւանդանոցին շրջակայքը, նիւթական վնաս պատճառելով հիւանդանոցին եւս: Մօտակայ Թըպնինի մէջ մահացաւ երկու հոգի, վիրաւորուեցաւ՝ 27: Իսկ հարաւային Պընթ Ժպէյլի ռմբակոծումը պատճառեց առնուազն երեք մահ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշեց, որ Պաալպաքի եւ Հըրմէլի շրջաններուն երէկ հասած հարուածներէն մահացած է 7 հոգի, վիրաւորուած՝ 38:

Երէկուայ մեծագոյն նորութիւնը Քսըրուէն գաւառի Մաայսրա գիւղի թիրախաւորումն էր՝ ահաբեկելու համար Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի եւ Հիւսիսային Լիբանանի շրջաններու պատասխանատու շէյխ Մոհամմատ Ամրօն, որ չէր գտնուեր իր եղբօր պատկանող թիրախաւորուած տան մէջ: Այսուհանդերձ, ուժգին հարուածէն մահացաւ առնուազն երեք հոգի, իսկ երեկոյեան ռմբակոծուեցաւ Ժըպէյլ գաւառի Ռաս Օսթա գիւղը:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երեկոյեան յայտնեց, որ երէկ ընդհանուր առմամբ մահացած է առնուազն 51 մարդ, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած է 225-ի: Ապիատ յիշեցուց, որ նախարարութիւնը 1787 հեռախօսային թիւը յատկացուցած է տեղահանուածներուն՝ ներկայացնելու իրենց կարիքները: Նշենք, որ իսրայէլեան երէկուայ ռումբերէն զոհուեցաւ «Մանար» հեռատեսիլի կայանի նկարահանողներէն Քամէլ Քարաքին՝ հարաւային Քանթարա գիւղի թիրախաւորումին ընթացքին: Իսկ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն պատճառով մինչեւ երէկ զոհուած է 1247 լիբանանցի, իսկ վիրաւորներուն թիւը կը հասնի 5300-ի: Իրենց տուներէն տեղահանուածներուն թիւը կը հատէ 104 հազարը:

Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ յայտարարեց Ղոպէյրիի մէջ նախանցեալ օր թիրախաւորուած շէնքի փլատակներուն մէջ որոնողական աշխատանքներուն ամբողջացումը: «Վերջնական թիւերն են՝ 6 զոհ եւ 15 վիրաւոր», յայտարարեց ծառայութիւնը:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ կործանած է Հըզպալլայի հետախուզական ծառայութիւններու աւելի քան 60 դիրք ու ենթակառոյց, որոնք կը գործածուին տեղեկութիւններ հաւաքելու նպատակով: Իսրայէլեան զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ Հըրցի Հալեւի յայտնեց Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւն կատարելու նախապատրաստութեանց մասին, պնդելով որ իրենց շարժումներուն նպատակն է կայունացնել ապահովական դրութիւնը եւ տուն վերադարձնել սահմանամերձ բնակավայրերէն տեղահանուած իսրայէլացիները: «Հըզպալլա ընդարձակեց հրթիռարձակումի շառաւիղը եւ պիտի ստանայ արժանի պատասխան», ըսաւ Հալեւի: Իսրայէլեան բանակը որոշեց նաեւ ծառայութեան կանչել պահեստային ուժերու երկու զօրախումբ՝ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ պարտականութիւններ ստանձնելու համար:

Share62Tweet39
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՆՔԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՆՔԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿՆՔԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.