Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄ

September 20, 2024
in Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄ

Մէկ տարի առաջ, 19 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնիկ բնակչութեան տեղահանութիւնը ցեղային զտման քաղաքականութեան վերջին փուլն էր, երէկ յայտարարեց Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը՝ նշելով, որ աւելի քան 115.000 հայ քանի մը օրուան ընթացքին ստիպուած եղաւ լքել սեփական բնակավայրերը։

2023 թուականի 19-20 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման հետեւանքով աւելի քան 200 մարդ զոհուեցաւ, անոնցմէ 181-ը՝ զինուոր, 15 հոգի անհետ կորսուած է։ Պաշտօնական տուեալներով՝ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ 23 հայ կայ, անոնցմէ 8-ը Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն է։

Յիշեցնելով, որ այս ամէնը տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր նստաշրջանի ընթացքին, երբ ամբողջ միջազգային հանրութիււնը հերթական անգամ կը քննարկէր հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, կայունութեան հաստատման ու զարգացման հրամայականը՝ դատապարտելով ուժի կիրառման, միջազգային օրէնքներու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու դրսեւորումները աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը ընդգծած է, որ յառաջիկայ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ կրկին պիտի մեկնարկեն ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի բարձրաստիճան քննարկումները։

Արտաքին գործերու նախարարութիւնը շեշտեց, որ վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւնները ցոյց կու տան միջազգային կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ անյետաձգելի ջանքերու, խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւն տուող գաղափարներու, քայլերու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը։

Պաշտօնական Երեւանը կը վերահաստատէ  Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու շուտափույթ հաստատում, հիմնուած ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման, տարածաշրջանին մէջ կայուն զարգացման, արդիւնաւէտ փոխկապակցուածութեան, բարեկեցութեան ապահովման տեսլականի վրայ։

Հայաստանը շահագրգիռ միւս դերակատարներէն կ’ակնկալէ անհրաժեշտ քաղաքական կամքի եւ խաղաղութեան օրակարգին յանձնառութեան յստակ դրսեւորում։

Share64Tweet40
Previous Post

37 ԶՈՀ ԵՒ 2931 ՎԻՐԱՒՈՐ      

Next Post

2025-ԻՆ ՀՀ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԵՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Next Post
2025-ԻՆ ՀՀ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԵՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

2025-ԻՆ ՀՀ ՕԴԱՅԻՆ ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԵՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.