Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ նշեց, որ առողջապահութեան մարզին մէջ բոլորը մասնակցած են ՝ վերջին երկու օրերու ընթացքին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ Իսրայէլի կողմէ սարքերու դէմ վերջին պայթումներու տուժածներուն բժշկական միջամտութիւն ցուցաբերելու։ Ապահովական վերջին մագլցումներուն լոյսին տակ կատարուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան յայտնեց, որ 17 Սեպտեմբերին զոհերը 12 են, իսկ վիրաւորները՝ 2323, իսկ 18 Սեպտեմբերին՝ 25 զոհ եւ 608 վիրաւոր։