Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻ՞ՒՆ

September 20, 2024
in Միջազգային
0
ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻ՞ՒՆ

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ բանակի մարտական խումբեր Այսրյորդանանէն կը տեղափոխուին Լիբանանի հետ սահման՝ առ ի պատրաստութիւն համապարփակ պատերազմի կարելիութեան:

Երէկ «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»-ը, վկայակոչելով հաւաստի աղբիւրներ, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած պայթումները համընկնած են Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածէն հիւսիսային ճակատ տեղափոխուելուն հետ:

Աղբիւրները նշեցին, որ Հըզպալլան անցեալ տարի ապսպրած է աւելի քան 5000 նոր «փէյճըր» սարքեր եւ անոնք բաժնուած են իր անդամներուն, աւելցնելով որ Հըզպալլան կը  կարծէ, որ այդ սարքերուն մեծ մասը խանգարուած է, ինչ որ յանգեցուցած է անոնց պայթումին, բացատրելով որ նոր «փէյճըր»ները հասած բոլոր անդամներուն: Անոնք, որոնք հին սարքեր ունէին չվնասուեցան:            «Էյ.Պի.Սի.»-ն հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի 98-րդ գունդը պիտի տեղադրուի Լիբանանի սահմանին մօտ,  որ աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաւ Կազայի մէջ:            Միւս կողմէ, «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ» մէջբերեց նաեւ ամերիկացի պատասխանատուներուն խօսքերը, ըստ որոնց, Ուաշինկթըն ծրագիր մշակած է Լիբանանէն ամերիկացի քաղաքացիները եւ ոչ-մարտական ​​անձեր տեղափոխման համար:            Անոնք նշեցին, որ ծրագրերէն մէկը կը ներառէ մօտ 50.000 ամերիկացի քաղաքացիներու եւ բնակիչներու ու անոնց ընտանիքներուն տեղափոխումը Կիպրոս:            Ամերիկացի պատասխանատուները, ըստ թերթին, յայտնած են, թէ ոչ մէկ նշոյլ կայ Իսրայէլի մօտալուտ ներխուժման մասին Լիբանան, եւ բացատրած են, որ Իսրայէլը կրնայ արագ, աւելի փոքր գործողութիւն կատարել առանց մեծ ռազմական շարժումներու: Անոնք աւելցուցին, որ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտահոգ է Լիբանանի Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ցամաքային պատերազմի բռնկման հնարաւորութեամբ:

Share63Tweet39
Previous Post

ՏԱՐԵԼԻՑ …

Next Post

ՄԱՔՐՈՆ ՑԱՒԱԿՑԵՑԱՒ ՊԸՐՐԻԻՆ  

Next Post
ՄԱՔՐՈՆ ՑԱՒԱԿՑԵՑԱՒ ՊԸՐՐԻԻՆ  

ՄԱՔՐՈՆ ՑԱՒԱԿՑԵՑԱՒ ՊԸՐՐԻԻՆ  

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.