Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԱՐԵԼԻՑ …

September 19, 2024
in Յօդուածներ
0
ՏԱՐԵԼԻՑ …

 

Ո՛չ անհատական, ո՛չ ընտանեկան եւ ո՛չ ալ հատուածական տարելիցի մասին է խօսքը: Այլեւ՝ իւրայատուկ եւ արտասովոր տարելիցի մը կը վերաբերի սոյն թախծոտ գրութիւնը՝ ցաւագին յիշողութեամբ մը ծնած տողերով:

Արդէն տարի մը անցաւ այն մռայլ օրերէն, երբ աւելի քան հարիւր հազար արցախահայեր, արտասուալից աչքերով, լքելով իրենց դարաւոր բնօրրանը, զանգուածաբար դարձան աստանդական: Նախ՝ 2020-ին եւ ապա՝ 2023-ին, երկու փուլերով շրջուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան փառահեղ պատմութիւնը: Աներեւակայելի աղէտը, խորշակի ուժգնութեամբ, արմատահան ըրաւ հայապատկան այն կարեւոր տարածքը, որ տակաւին երէկ կը խայտար շէնշող տրամադրութեամբ, տակաւին մօտիկ անցեալին կը բարգաւաճէր նախանձելի թափով եւ անոր հողին վրայ կը դոփէին հայ զինուորներու դղրդիչ ոտքերն ու կը տողանցէին հայկական վաշտերուն հրասայլերն ու թնդանօթները:

Համազգային տարելից մըն է այս, որուն կսկիծը կը համակէ ազգին բոլոր շերտերն ու խաւերը, ուր ալ գտնուին անոնք: Տարելից մը, որ յուզախառն ապրումներու առընթեր, իր մէջ կուտակած է զայրոյթի, ընդվզումի եւ վրիժառութեան տարրերը միանգամայն:

Հայոց մերօրեայ պատմութեան ամենադաժան եղելութիւնն էր որ պատահեցաւ՝ բոլորիս աչքերուն առջեւ. աչքեր՝ երբեմն թացոտ եւ աչքեր՝ երբեմն սառն ու անտարբեր: Անյիշելի ժամանակներէն հայաշէն ու հայատրոփ ընդարձակ տարածք մը որբացաւ իր հարազատ տէրերէն: Արցախահայը իր ետին թողուց 60 վանքեր եւ 400 եկեղեցիներ: Քաղաքներ, գիւղեր, աւաններ եւ շէներ ամայացան յեղակարծ: Ինչքա՜ն յուշարձաններ, նահատակներու գերեզմաններ, դպրոցներ, գրադարաններ, մշակութային եւ բժշկական կառոյցներ մնացին ոսոխի երախին: Համալսարաններ՝ Ստեփանակերտի մէջ մնացին վանտալներու քմահաճոյքին եւ արուեստի թանգարաններ՝ աւազակներու ախորժակին: Իրօք, անհնար է խորաչափել մեր կորուստներուն տարողութիւնն ու որակը: Անըմբռնելի է կիզող վիշտին խորութիւնը:

Տարելիցը, բնականաբար, մղել կու տայ խորհելու այս աղէտին պատճառներուն, պատասխանատուներուն, հանգամանքներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Ինչքա՜ն մեկնաբաններ թէ վերլուծողներ փորձեցին զանազան անկիւններէ դիտելով հարցը՝ մեղադրել աջ ու ձախ, ինչքա՜ն ուշացած քաղաքագէտներ թէ մարգարէներ ի յայտ եկան գտնելու մեղաւորներ հոսկէ ու հոնկէ. ամէն ոք պատրաստ եղաւ այպանելու սա կամ նա. սակայն՝ փաստը կը մնայ փաստ՝ իր անվերականգնելի կորուստներով: Միջազգային անտարբերութի՞ւն, դիւանագիտական ձախորդութի՞ւն, ռազմական թերի պատրաստութիւննե՞ր, մեծխօսիկութի՞ւն, Մոսկուայի կողմէ խարդաւանքնե՞ր, թրքական կամ իսրայէլեան մեղսակցութի՞ւն, հայոց կողմէ անփութութի՞ւն, անկազմակերպ պատշտանութի՞ւն եւ նոյնանման հասցէներ եղան նշաւակ գրիչներու կամ ժողովուրդին կողմէ: Ի հարկէ, պատճառները շատ են, կը կարօտին աւելի հանգամանաւոր վերլուծութիւններու, անաչառ բացատրութիւններու: Սակայն՝ վէրքը չի սպիանար այսպիսով:

Յետահայեաց ակնարկով մը, երբ վերյիշենք, արցախեան ճակատին վրայ 1994-ի մեր փառապանծ յաղթանակը եւ անկէ ետք արձակուած կարգախօսներն ու վերամբարձ ճառերը եւ ապա՝ այսօրուան նսեմացուցիչ իրավիճակը, անմիջապէս կը նկատենք խոր հակասութիւն մը՝ երկու հոգեվիճակներուն միջեւ: Երէկ՝ Արցախը արժանապատուութիւն էր, անկապտելի պարծանքի խորհրդանիշ, ռազմական ու բարոյական պատմական նուաճում: Շուրջ 25 տարի, այս գինարբուքով մնացինք կախարդուած: Իսկ ինչ որ պատահեցաւ անցեալ տարի՝ համազգային պարտութեան, անտարբերութեան եւ անկարողութեան ապացոյց: Ուրեմն՝ կարելի է մտմտալ եւ խորհիլ՝ թէ արժանաւորապէս, առարկայականօրէն եւ գործնապէս չկրցանք գնահատել այն՝ ինչ որ ձեռք բերած էինք անչափելի զոհողութիւններու գնով: Այս պարագային, ինքնախոստովանութիւնը աւելի արդիւնաւէտ է, քան՝ աջ ու ահեակ շպրտուած մեղադրանքներն ու սին լուտանքները: Աւելին, ի տես Արցախի ղեկավարութեան գերեվարումին, անոնց տանջալից պարագաներուն եւ ազգը վարկաբեկող երեւոյթին՝ համազգային ամօթ մըն է խարանուած մեր ճակատներուն: Երէկ նախագահներ էին անոնք՝ յարգանքի ու պատիւի դափնեպսակներով զարդարուած, իսկ հիմա Պաքուի բանտերուն մէջ անորոշ ճակատագիրներով տուայտող հայորդիներ: Սա շառաչուն ապտակ չէ՞ հանուր ազգին ուղղուած: Այդքա՞ն շղթայուած են մեր ձեռքերն ու փակուած բերանները, այդքա՞ն անհոգութիւնն ու անտարբերութիւնը բարոյալքած է ազգին աւիշը:

Համազգային տարելիցի այս մտատանջող օրերուն, երբ ականատեսն ու ականջալուրն ենք արցախահայութեան երգին, մշակոյթի եւ աւանդութեանց պահպանման ջանքերուն, հաւաքական կեանք ստեղծելու ճիգերուն, հողին կարօտը վա՛ռ պահելու փորձերուն եւ չվհատելու վճռականութեան, ուրեմն՝ տարելիցը կը դառնայ նաե՛ւ յոյսի կռուան: Ողբն ու լացը մնայուն չդառնալու պարագային է, որ այդ յոյսը օր մը կը դառնայ շօշափելի եւ մօտալուտ: Յուզականութեան կողքին՝ յոյսը խթանն է այն պայքարին, որ կը մղեն իրաւազուրկ ժողովուրդները, միակ փրկութեան լաստը՝ որուն կ’ապաւինին անարդարութեան զոհասեղանին դրուած խաւերն ու զանգուածները: Այս առումով, խոնարհելով հանդերձ տարելիցի կսկծալի յիշատակին առջեւ, մեր ներսիդին պահուած ընդվզումի հուրը պիտի մնայ մշտավառ եւ այդ հուրը յոյսն է, որ կ’առաջնորդէ ազգը՝ իր բոլոր հատուածներով: Վա՜յ այն հաւաքականութեան, որ ինքզինք կը զրկէ յոյսէն:

Տարելիցը ցաւագին է, բայց ոչ վերջնական լուծում:

 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ 

Share64Tweet40
Previous Post

ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ՝ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ նԵՐՍԻՍԵԱՆ 

Next Post

ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻ՞ՒՆ

Next Post
ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻ՞ՒՆ

ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻ՞ՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.