Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ՝ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ նԵՐՍԻՍԵԱՆ 

September 19, 2024
in Այլազան
0
ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔԸ  ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ՝ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ նԵՐՍԻՍԵԱՆ 

 

 

(Պէտք է այնպէս ընել որ այս հերոսներուն սխրագործութիւնները օրինակ ծառայեն ներկայ երիտասարդութեանը, ոչ թէ խօսքով, այլ՝ գործով: «Ա.»)

 

ՏԷր Վարդան քահանան Արցախի մէջ հոգեւոր ծառայութեան սկսած է 2018 թուականէն: Պաշտպանութեան բանակին մէջ մասնակցած է 44-օրեայ պատերազմին, զինուորի կողքին ըլլալով ե՛ւ զօրամասին մէջ ե՛ւ խրամատին մէջ: Ծառայած է նաեւ Շոշ գիւղին մէջ: 2023-ին Արցախէն հարկադրաբար տեղահանուելէն ետք Տէր հայրը այժմ իր ընտանիքին հետ կ’ապրի Հայաստանի մէջ:

Կը պատմէ Տէր հայրը.- «Արցախէն հանդերձ ընտանեօք դուրս եկանք 2023 թուականի Սեպտեմբեր 25-ին: Այն գիտակցութիւնը, որ այս ուղին միայն երթի համար նախատեսուած՝ էր դէպի Գորիս, ապա Երեւան՝ առանց դարձի, մարդուս սիրտը կտոր-կտոր կ’ընէր: Ամբողջ ճանապարհին, լրութիւն կը տիրէր մեքենային մէջ, որովհետեւ մտովին հրաժեշտ կ’ուտայինք ամէն մէկ քարին, թուփին, շինութեան: Իրականութեան մէջ այդ ճանապարհը իմ կեանքիս ամենադժուար ճամբան եղաւ»:

Որպէս պաշտպանութեան բանակի գնդերէց, Տէր Վարդան մեկնած է Արցախ 2018 թուականն: 2022 թուականի Մայիսի 1-ին նշանակուած է պաշտպանութեան բանակի աւագ գնդերէց մինչեւ 2023-ի Սեպտեմբեր 20-ը: Ապա քահանայական ձեռնադրութիւն ստանալէ ետք դարձած է Շոշ գիւղի հոգեւոր հովիւ, համատեղելով պաշտպանութեան բանակի ծառայութիւնը Շոշ գիւղի հոգեւոր ծառայութեան հետ:

Երբ Արցախի բնակչութիւնը պիտի հեռանար Արցախէն քահանան կը գերադասէ ամէն բանէ առաջ փրկել եկեղեցւոյ սրբութիւնները:

«44 օրեայ կռիւի ժամանակ ամուսնացած չէի», կը պատմէ Տէր Վարդանը, «պատերազմէն բնաւ չեմ վախցած: Իմ կեանքին համար բնաւ վախ չեմ ունեցած: Շատ հնարաւոր էր որ ողջ չմնայինք: Այս միտքը բնաւ իմ մէջ վախ չէ յառաջացուցած: Միակ վախը՝ ունեցած եմ ընտանիքս կորսնցնելու վախն էր»:

Արցախէն ետք Տէր հայրը կը ցանկանայ գնդերէցութենէն զօրացրուիլ եւ հոգեւորական կեանքը շարունակել համայնքային կեանքի ծառայութեամբ: Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ կը նշանակուի Կոտայքի թեմի Արամուս եւ Մայքովսկի գիւղերուն հոգեւոր հովիւը:

Երէցկինը կը պատմէ.- «Ես Արցախէն կրցայ միայն Տէր հօր՝ ինծի նուիրած Աստուածաշունչը եւ «Նարեկ»ը բերել: Մենք հիմա վարձով բնակարանի մը մէջ կ’ապրինք Երեւանի մէջ: Բնական է որ ունինք կենցաղային դժուարութիւններ: Արցախի մէջ ձգած ենք ամէն ինչ: Առաջին գործը որ այստեղ ըրինք, աշխատանքի ընդունուիլն էր, սակայն յոյսով եմ որ ամրն բան լաւ կ’ըլլայ շուտով»:

«Արդեն կարօտով կը յիշեմ Արցախը», կ’ըսէ տէր հայրը, «ամէն վայրկեան կարօտի զգացում ունիմ: Այնտեղի աղմուկը շարժը, եկեղեցին, եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները: Հեռաձայնային կամ այցելութիւններու միջոցներով մշտական կապի շփումներու մէջ եմ Արցախի  նախկին՝ մեր համայնքի զաւակներուն հետ: Անոնք ցրուած են Հայաստան հայրենիքին տարբեր շրջաններուն մէջ: Բոլորին մտահոգութիւնը մէկն է՝ Արցախը: Իւրաքանչիւրը կը փորձեն այստեղ իրենց կեանքը շարունակել սակայն իւրաքանչիւրի սրտերոպւն մէջ Արցախն է:

 

«ՇՈՂԱԿԱԹ» հեռուստաընկերութիւն

Share64Tweet40
Previous Post

ԵՐԿՈՒ ԴՐՈՒԱԳ ՄԱՐՕ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆԷՆ

Next Post

ՏԱՐԵԼԻՑ …

Next Post
ՏԱՐԵԼԻՑ …

ՏԱՐԵԼԻՑ ...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.