Ա. ԱՒԵՏԻՍ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՕ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ
Մարօ Նազարբէկեան, աղջկական մականունով՝ Վարդանօֆֆ, ծնած է Թիֆլիս, 29 Մարտ 1862 թուականին, դուստրն էր Ժան (Յովհաննէս) եւ Սողոմէ Վարդանօֆֆներու։ Աւարտելով տեղւոյն իգական առաջին կիմնազիան եւ տարի մը Թիֆլիս ուսուցչութիւն ընելէ ետք, ան կը մեկնի Փեթերզպուրկ եւ կ՚ընդունուի Բեստուժեւեան իգական բարձրագոյն դասընթացքներու կենսաբանութեան բաժինը։ Գրիգոր Արծրունի իր հրատարակած «Մշակ» թերթին մէջ քաջալերական յօդուած մը կը ստորագրէ Մարօ Վարդանօֆֆի մասին, քանի որ այդ ժամանակ հասարակութեան մէջ ընդունուած բարքերէն չէր երիտասարդ օրիորդի մը ուսանելու նպատակով հեռանալը իր ընտանիքէն։ Այնպէս կը թուի, որ Մարոյի Փեթերզպուրկ մեկնելու որոշումը այդ ժամանակ բաւական աղմուկ բարձրացուցած էր Թիֆլիսի հայահոծ միջավայրին մէջ:
Հասնելով Փեթերզպուրկ, երիտասարդ ուսանողուհին շուտով կը ներգրաւուի յեղափոխական շրջանակներու մէջ, գործօն մասնակցութիւն կ՚ունենայ նարոդովոլցիներու հանդիպումներուն, որուն հետեւանքով կը հետապնդուի ցարական ոստիկանութեան կողմէ, սակայն բարեբախտաբար, լսելով Բեստուժեւեան դասընթացքներու տնօրէնուհիին` Ելենա Ստասովայի խորհուրդը, Փեթերզպուրկէն կը հեռանայ ու կը հաստատուի Փարիզ։
Մարօ Նազարբէկեան իր յուշերուն մէջ կը հաղորդէ, որ ինք Փեթերզպուրկէն հեռանալով Փարիզ կը ժամանէ 1886 թուականին, ապա կը տեղափոխուի Ժընեւ՝ համալսարանի մէջ ուսանելու նպատակով։ Ռուբէն Խան-Ազատ այս տեղեկութիւնը իր յուշագրութեան մէջ կը հաստատէ՝ վկայելով, որ «Յեղափոխականօրէն մտածողների համագումար հրաւիրելու գաղափարը արծարծուելու շրջանումն էր, որ Փարիզից Ժընեւ եկան 1886 թ. ամառը Աւետիս Նազարբէկեանն ու իր նշանածը՝ օրդ․ Մարիամ Վարդանեանը»։ Խան-Ազատ շարունակելով կը տեղեկացնէ նաեւ, որ «Սիրահարուած զոյգը եկել էր Ժընեւ՝ Շուէյցարիայում, ամառուան ամիսներին, մի պտոյտ կատարելու նպատակով»։ Փաստօրէն, նշանուած զոյգին Ժընեւ գալը պարզապէս կը հետապնդէր ամառնային արձակուրդ մը անցընելու նպատակ։ Սակայն Ժընեւի մէջ հայ երիտասարդ ուսանողներ այնքան կ’ոգեւորուին Աւետիս Նազարբէկեանի եւ Մարօ Վարդանեանի ներկայութենէն, որ կը տարհամոզեն զիրենք հրաժարիլ Փարիզ վերադառնալէ եւ, ընդհակառակը, Ժընեւ հաստատուիլ, քանի որ այդ տարի Ժընեւի համալսարանն ալ հասարակական գիտութիւններու նոր ամպիոն մը կը հիմնէր, գիտական նիւթ մը՝ որով հետաքրքրուած էր խօսեցեալ զոյգը:
Ժընեւի համալսարանի արխիւներուն եւ տարեգիրքերուն մէջ, 1886 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1891 թուականն ու հետեւեալ տարիները, պաշտօնապէս արձանագրուած ուսանողներու, ինչպէս նաեւ համալսարանն աւարտած վկայուողներու անուններուն մէջ, առ այժմ, անկարելի եղաւ գտնել Աւետիս Նազարբէկեանի եւ Մարօ Վարդանեանի անունները։ Սակայն, Անահիտ Տէր Մինասեան կը վկայէ, որ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիր այս երկու անդամներուն անունները յիշատակուած են 1888-1889 ուսումնական տարեշրջանի ազատ ունկնդիրներու ցանկին մէջ, Մարօ Վարդանեան՝ գրականութեան, իսկ Աւետիս Նազարբէկեան՝ իրաւագիտութեան ճիւղերու հետեւողներ։ Այս եւ այլ վկայութիւններէ մեկնելով առ այժմ պիտի ուզենք այսքանը եզրակացնել, որ Նազարբէկեան եւ Վարդանեան զոյգը, Ժընեւ իրենց կեցութեան ընթացքին, համալսարանի Գրականութեան, Իրաւագիտութեան եւ Հասարակական գիտութիւններու ամպիոններուն մէջ եղած են ազատ ունկնդիրներ եւ, ի վերջոյ, յեղափոխական գործը եւ յատկապէս «Հնչակ»-ի հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը, որ ամբողջապէս ծանրացած էր իրենց ուսերուն վրայ, ընդհանրապէս ժամանակ չէր ձգած որ անոնք կարենային իբրեւ պաշտօնական ուսանողներ իրենց ուսումն աւարտել՝ վկայուելով համալսարանէն։
Ժընեւի պետական արխիւներուն մէջ Աւետիս Նազարբէկեանի եւ Մարօ Վարդանեանի մասին գրաւոր ամենահին վկայութիւնը 31 Մարտ 1888 թուականէն է։ Սոյնը իբրեւ արտասահմանեան քաղաքացի կեցութեան իրաւունք ստանալու առթիւ կատարուած գրանցում մըն է, որ կը գտնուի Etrangers Dj3 տոմարի 245-րդ էջին մէջ։
Բ. ՄԱՐՕ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՔԻԱՅԻ ԲԱՆՏԸ
Յարութիւն Ճանկիւլեան կը դատապարտուի մահուան: Սակայն, ռուսական դեսպանին միջամտութեան շնորհիւ (որպէսզի մահապատիժին գործադրութիւնը հայութեան մէջ նոր գրգռութիւններ յառաջ չբերէ), այդ կը փոխարինուի ցկեանս աքսորի, Աքիայի բերդին մէջ (հիւսիսային Պաղեստին):
Աքիայի բանտը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ամէնէն տաժանելի բանտերէն մէկն էր։ Յ. Ճանկիւլեան այդ կը համեմատէ դժոխքի հետ: Աքիայի բանտարկեալներէն Պետրոս Տօնապետեան այդ կը նկարագրէ այսպէս. «Մեր ականջներու մօտէն եւ մեր դէմքի վրայէն կը բզզան զզուելի ճանճեր, որոնք իրենց այլասեռ պէսպիսութեամբ տեղւոյս մթնոլորտի կենդանի զարդերը կը կազմեն։ Հացի եւ քաղցրեղէնների վրայ մէկ վայրկեանի մէջ այնքան ճանճեր կը հաւաքուին, որ պարզապէս չես կրնար իմանալ, թէ այդ ճանճամած մակերեւոյթի տակ ի՞նչ բան կը գտնուի: Մոծակները նորածին մորեխի մեծութիւն ունեն եւ իրենց սուլումէն սարսռալի դող կ’անցնի երակներիս մէջէն: Լուերը այնպիսի ահռելի չարչարանք կը պատճառեն, որպիսին կարծեմ չէ կրած եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը Խոր Վիրապի մէջ: Երեւակայիր մարդաձեւ մի մեքենայ, որ ասեղներից բաղկացած է եւ մարդն այդ մեքենայի մէջ դնելով՝ ամէն կողմէն կը ծակծկեն մարմինը զարհուրելի քստումներով,- ճիշդ այնպէս են լուերի խայթումները: Մեր մարմնի մաշկերը կորուսած են իրենց բնական գոյնը: Քաղաքական յանցաւորները ոչ ուրեք այնչափ ծայրայեղ զրկանքների ենթարկուած են, որչափ Աքիայում»:
Այս տաժանակիր պայմաններուն մէջ Յ. Ճանկիւլեանի կողքին Աքիա կը մէկտեղուին հնչակեան յեղափոխականներ Պետրոս Մարիմեան, Գրիգոր Գլինճեան, Պետրոս Տօնապետեան, Միսաք Տագէսեան, Կարապետ Կէօքտէրէլեան, Նիկողոս Պալպալեան, Մխիթար Սէֆէրեան (Մխօ Շահէն) եւ ուրիշներ: Կ’ըլլայ պահ մը, երբ Աքիայի հայ բանտարկեալներուն թիւը կ՚անցնի 80-ը: Յ. Ճանկիւլեան հայ քաղաքական բանտարկեալներուն մէջ կը դառնայ կեդրոնական դէմք մը: Ան գաղտնօրէն կը նամակակցի Խրիմեան Հայրիկի, Աւետիս Նազարբէկեանի, Արամ Աչըգպաշեանի եւ Կ.Պոլսոյ Հնչակեան Վարիչ մարմինին հետ: Գաղտնի ձեւերով կը ստանայ նաեւ «Հնչակ» եւ «Դրօշակ»:
Աքիայի բերդարգելակայանը իւրօրինակ այցելութիւն մը կու տայ Մարօ Նազարբէկեան։ Մարօ Աթէնքէն ծովու ճամբով կը հասնի Պէյրութ. անոր կ’ընկերանայ ապագային Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավար Աղասի (Կարապետ Թուրսարգիսեան), որ Պէյրութէն յետոյ ճամբան կը շարունակէ դէպի Կիլիկիա: Մարօ կը մեկնի Հայֆա: Մարոյի նպատակն էր այցելել Աքիայի բանտարկուած ընկերներուն, յատկապէս Յ. Ճանկիւլեանին, եւ եթէ հնարաւոր ըլլայ կազմակերպել անոր փախուստը: Երկու գաղափարակիցները անձնապէս ծանօթ չէին իրարու։ Մարօ բերդարգելարան կ’այցելէ ռուսական հիւպատոսին եւ փոխհիւպատոսին ընկերակցութեամբ: Վերջինս կը խնդրէ Յ. Ճանկիւլեանէն, որ իրեն ընկերակցող օրիորդը պտըտցնէ բանտին տարբեր մասերը: Շարունակելով պատմել դիպուածը, Յ. Ճանկիւլեան կը գրէ.
Զգուշաւոր խօսակցութենէն եւ փոխծանօթացումէ մը ետք Յ. Ճանկիւլեան խստիւ կը պատուիրէ. «Ի սէր Աստծոյ, շուտով հեռացէք այս քաղաքէն, եթէ ոչ կը մատնուիք ու կը ձերբակալուիք եւ կը չարչարուիք: Կը պաղատիմ, հեռացէք, այլեւս բաւական է որչափ տեսնուեցանք. «Զուռնան» («Հնչակ» թերթին կեղծանունը – Ե.Ճ.) բռնուեցաւ եւ ատոր համար վիճակս այսքան ծանրացաւ, եթէ շուտով չհեռանաք՝ պիտի ձերբակալուիք, եւ երբ ձերբակալուիլնիդ լսեմ՝ վիճակս աւելի գէշ պիտի ըլլայ: Մարօ, գոնէ ինծի մեղքցիր եւ շուտով հեռացիր:
– Մարօն դողալ սկսաւ»:
Մարօ սակայն կը յամենայ վերջնականապէս վերադառնալ. ան
կը կաշառէ բանտի տնօրէնն ու պահակները եւ երկու անգամ եւս կը տեսակցի Յ. Ճանկիւլեանի հետ: Ան որոշ գումար մը կը ձգէ Յ. Ճանկիւլեանի մօտ, որպէսզի այդ գործածուի անոր կամ ոեւէ ընկերոջ փախուստի նպատակին։ Մարոյի մեկնումէն վերջ է որ բանտին պատասխանատուները կ’իմանան թէ ինչպիսի թանկարժէք «որս» մը բաց ձգած էին:
ՔԱՅԼԵՐԳ Ս.Դ.Հ.Կ. «ՄԱՐՕ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
Անցան սուգի օրերը տխուր,
Ալ անհետացան ամպերը սա սեւ,
Միութիւնը մեր սէր, կայծ ու հուր
Նոր յոյս բերաւ կենսապարգեւ:
Կեցցէ Հնչակեան Մարօ Միութիւն,
Թող մխիթարուի, հրճուի հայութիւն,
Կը փարինք սիրով գաղափարին վեհ,
Թօթափելով մենք, թմբիրն նըսեհ:
Իտէալն հզօր եւ վեհ Հնչակեան,
Նոր կեանք մը տուաւ մեր այս միութեան,
Չէ՛, ընկերներ, չի վհատինք,
Անցան ամպեր, ջինջ է երկինք։
Կրենք Հնչակեան անունն պաշտելի,
Որ հայուն սիրտը յոյսով բռնկուի,
Ուխտեր ենք կռուիլ մեր դրօշին տակ,
Մինչեւ վերջին շունչ, մինչեւ յաղթանակ։
Կեցցէ՛ Հնչակեան Մարօ Միութիւն,
Թող մխիթարուի, հրճուի Հայութիւն,
Կեցցէ՛, միշտ կեցցէ Մարօ Միութիւն,
Կեցցէ՛ Հնչակեան վեհ Կուսակցութիւն։
Վ․ ԽԱՉԱԿԻՐ
Ա.-ը՝ Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի «Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները» հատորէն:
Բ.ը՝ Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Յաւերժի ճամբու կերտիչներէն» գիրքէն: