Հայաստանի մէջ ընթացող Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովին ընթացքին, խօսելով Եւրոմիութեան մասին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ԵՄ-ի հետ կապուած Հայաստանի հետագայ ընելիքները պէտք է ըլլան թափանցիկ, թափանցիկ պէտք է ըլլան նաեւ Եւրոմիութեան գործընկերներուն մտադրութիւնները։
«Որեւէ գաղտնիք չկայ, որ Հայաստանի մէջ իմ կատարած յայտարարութենէն յետոյ այդ հարցը քաղաքական օրակարգի անբաժանելի մաս է՝ թէ արդեօք Հայաստանը պաշտօնապէս պէ՞տք է որդեգրէ Եւրոմիութեան անդամագրուելու ուղեգիծ։ Բայց այստեղ պէտք է հասկնանք, որ ատիկա միակողմանի գործողութիւն չէ, եւ նոյնիսկ երկկողմանի գործողութիւն չէ։ Այստեղ է, որ մենք պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք խնդիրներ ձեւակերպած ժամանակ, որպէսզի այդ խնդիրներու լուծման ճանապարհին նոր հիասթափութիւններ չառաջացնենք մեր ժողովուրդին մօտ։ Պէտք է նաեւ ֆիզիքապէս պատկերացնել Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան։ Այստեղ շատ կարեւոր է Վրաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները, այստեղ շատ կարեւոր է Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացումը։ Եւ այս ծիրին մէջ շատ կարեւոր է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները ինչպէս կը զարգանան»,-ընդգծեց Փաշինեան։
Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանը հանգամանքներու բերումով չէ որ ժողովրդավարութիւն որդեգրած է, այլ այդ Հայաստանի ռազմավարութիւնն է։
«Այդ ռազմավարութեան շարունակութիւնը պիտի մերձեցնէ Եւրոմիութեան, ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան գործընկերներուն հետ։ Բայց միւս կողմէ՝ մենք մեր ժողովրդավարութիւնը որեւէ պարագայի պէտք չէ հակադրենք մեր տարածաշրջանին եւ մեր տարածաշրջանային քաղաքականութեան։ Նոյն Եւրոմիութեան հետ կապուած մեր հետագայ ընելիքները պէտք է ըլլան թափանցիկ։ Ընդ որում, թափանցիկ պէտք է ըլլան Եւրոմիութեան մեր գործընկերներուն մտադրութիւնները։ Ըստ էութեան, չեմ կրնար բացառել, որ եթէ մենք տեսնենք Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալու շատ թէ քիչ իրատեսական հնարաւորութիւն, ընդ որում՝ կառավարելի պահելով հնարաւոր սպառնալիքները, որոնք կրնան այդ ճանապարհին գոյանալ, մենք այդ պահը բաց չենք թողեր»,-եզրափակեց Փաշինեան։
Հայաստանի վարչապետը ըսաւ նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին որոշում չունին, դեռ չեն որոշած, թէ արդեօք կը մասնակցի՞ն Ատրպէյճանի մէջ կազմակերպուելիք COP29 գագաթաժողովին:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի մէջ, 11-22 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրութեան Մասնակիցներու համագումարի 29-րդ նստաշրջանը («COP29»)։
Անդրադառնալով ուժանիւթային անվտանգութեան, վարչապետ Փաշինեան չէ բացառած ապագային Ատրպէյճանէն կազի ներկրման հնարաւորութիւնը :
«Ռուսաստանէն կը ներկրենք կազ, Իրանէն կը ներկրենք կազ։ Որոշ ժամանակ առաջ Ատրպէյճանէն յայտարարութիւններ կը հնչէին, որ ապագային խաղաղութեան հաստատման պարագային Հայաստանը կրնայ կազ ներկրել նաեւ Ատրպէյճանէն։ Եթէ պատկերացնենք, որ Հայաստանի տարածքով տարանցիկ կազամուղ կ’անցնի, օրինակ, դէպի Նախիջեւան եւ Թուրքիա, այդ տարբերակն ալ կարելի չէ բացառել»,- ըսաւ Փաշինեան։
Հայաստանի վարչապետը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է բանալու բոլոր ճանապարհները ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներով:
«Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին իմաստը Հայաստանով անցնող բոլոր հնարաւոր ճանապարհները բանալու պատրաստակամութեան մասին է։ Այս մասին ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովին ընթացքին արտաքին ու ներքին անվտանգային միջավայրի վերաբերեալ քննարկման ծիրին մէջ։
«Սիւնիքով, Տաւուշով, Գեղարքունիքով, Վայոց ձորով, մենք բոլոր հնարաւոր տեղերով մեր ճանապարհները պատրաստ ենք տրամադրելու։ Ի՞նչ սկզբունքներով՝ ճանապարհները պէտք է գործեն առանց շրջանցելու կամ առանց վնասելու, ստորադասելու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, իրաւազօրութիւնը, այսինքն՝ ինչպէս աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ։
«Երբ մենք կը խօսէինք տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման մասին, Ատրպէյճանի արձագանգը այն էր, որ եթէ Հայաստանը չ’ուզեր, մենք Իրանի տարածքով կ’իրականացնենք այդ նախագիծերը։ Նախ՝ ես կ’ուզեմ եւս մէկ անգամ արձանագրել պաշտօնապէս, որ Հայաստանը կ’ուզէ եւ պատրաստ է ճշգրիտ նոյն պայմաններով ապահովելու այդ նոյն անցումները, ինչ Իրանը։ Աւելին՝մենք չենք բացառեր նաեւ ընթացակարգերու որոշակի պարզեցումներ եւ այդ կ’ընկալենք երկկողմանիութեան տրամաբանութեան մէջ»,- ըսաւ Փաշինեան։
Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովին ընթացքին, վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքին վերաբերեալ ստորագրուած կանոնակարգի լոյսին տակ հնարաւորութիւն կը տեսնէ բանակցային միջոցով վերադարձնելու Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքները։
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու բարեփոխումներուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի կողմէ շահարկումներուն, ըստ որուն՝ իբր զէնք-զինամթերքի ձեռքբերումը կը նշանակէ, թէ Հայաստանը խաղաղութիւն չ’ուզեր, յարձակողական նպատակներ ունի, ՀՀ վարչապետը նախ ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը ինքնապաշտպանութեան համար իւրաքանչիւր երկրի անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկելու հնարաւորութիւն կու տայ։
«Ես կրկին կ’ըսեմ, որ Հայաստանը կը ճանչնայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնը, որեւէ երկրէ չունի տարածքային պահանջներ։ Այո՛, մենք ունինք բռնագրաւուած տարածքներ՝ աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր, բայց ես կ’ուզեմ ըսել նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ռազմական ճանապարհով այդ տարածքները վերադարձնելու խնդիր չի դներ, որովհետեւ կը կարծենք, որ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած կանոնակարգը, սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ աշխատանքի վերաբերեալ, հնարաւորութիւն կու տայ եւ հաւանական կը դարձնէ, որ մենք սահմանազատման գործընթացին մէջ բանակցային միջոցով կարենանք այդ տարածքները վերադարձնել»,- յաւելեց Փաշինեան։