«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը, քննարկելու համար Լիբանանի մէջ երկու օրուայ ընթացքին տեղի ունեցած պայթումները: Արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատարին հետ տեսակցած ատեն իսրայէլեան աննախադէպ գործողութիւնները համարեց Լիբանանի գերիշխանութեան եւ միջազգային ուխտերու բացայայտ ոտնձգութիւն: «Իսրայէլեան այս յարձակումը կրնայ տարածաշրջանը մղել բռնութիւններու աւելի մեծ փուլի եւ աւելի ընդարձակ հակամարտութեան», ահազանգեց Պու Հապիպ, ՄԱԿ-էն պահանջելով ճնշում բանեցնել Թել Աւիւի վրայ, որպէսզի կանգնեցնէ ոտնձգութիւնները:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտ էլ-Ֆաթթահ Սիսի Գահիրէի աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին՝ ընդդէմ իսրայէլեան անարգ յարձակումներուն: Ան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքընը: Վերջինս շեշտեց, որ տարածաշրջանային լարուածութիւնը մեղմելու լաւագոյն միջոցը Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելն է: Աւելի ուշ, իր եգիպտացի պաշտօնակիցին հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին, Պլինքըն հաստատեց, որ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին եգիպտական եւ քաթարեան կողմերուն հետ՝ Կազայի մէջ իրավիճակը հանդարտեցնելու ուղղութեամբ: Նախարար Պատըր Ապտ էլ-Աաթի եւս Գահիրէի զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանցիներուն, դատապարտելով երկրին գերիշխանութիւնը խախտող որեւէ գործողութիւն: «Տարածաշրջանային առճակատումին պատճառը Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներու շարունակութիւնն է», ըսաւ Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարարը:
Իրաքի եւ Յորդանանի իշխնութիւնները բժշկական եւ մարդասիրական օգնութիւններով բեռնուած մէկական օդանաւ ուղարկեցին Պէյրութ՝ նպաստելու շտապ օգնութեան աշխատանքներուն: Յորդանանի արտաքին գործերու նախարար Այման Սաֆատի կոչ ուղղեց «չթոյլատրելու, որ Իսրայէլի պատմութեան ամէնէն ծայրայեղական կառավարութիւնը տարածաշրջանը մղէ լայնածաւալ պատերազմի եզրին: Անոր խօսքով, Ամմանի կառավարութիւնը քննարկած է իսրայէլեան խախտումներուն նկատմամբ քաղաքական եւ օրինական պատշաճ միջոցներու ձեռնարկելու հնարաւորութիւնը:
Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը Իսրայէլը ամբաստանեց Լիբանանի մէջ հաւաքական սպանդ գործելու մէջ եւ այդ արարքը համարեց ահաբեկչական գործողութիւն: Թեհրան հաւաստիացուց, որ պայթումներէն թեթեւօրէն վիրաւորուած Իրանի դեսպանը առողջ է: Յեղափոխական պահակագունդն ալ հերքեց, թէ իր անդամներէն ոմանք մահացած են Լիբանանի պայթումներուն հետեւանքով:
Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորել մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ պատահածին հարցով, առնչակից բոլոր կողմերէն պահանջելով խուսափիլ ընդարձակ պատերազմէն, որուն հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան տարածաշրջանին համար: Պելճիքայի փոխվարչապետը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումները համարեց «ահաբեկչական մեծ արարք», պահանջելով բանալ միջազգային հետաքննութիւն եւ վերջ տալ արիւնահեղութեան: Իրլանտայի արտաքին գործերու նախարար Մայքըլ Մարթին նախանցեալ օրուայ յարձակումը որակեց Ժընեւի ուխտի խախտում եւ անմեղ մարդոց կեանքի վտանգում, նկատի առնելով որ պայթումները պատահած են հանրային վայրերու մէջ: Ռուսիոյ նախագահութիւնը ահազանգեց, որ «փէյճըրներու յարձակումը» կրնայ պատճառ հանդիսանալ տարածաշրջանային իրավիճակի սրումին, կոչ ուղղելով կատարելու ամբողջական հետաքննութիւն, իսկ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը տեղի ունեցածը համարեց Լիբանանի գերիշխանութեան բացայայտ խախտում եւ միջազգային օրէնքի ոտնձգութիւն: Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ֆրանսացիներուն խորհուրդ տուաւ Լիբանան չճամբորդել, իսկ այստեղ գտնուողներէն պահանջեց ուշադրութեամբ շրջագայիլ: