Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ՍԱՐՔԵՐՈՎ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱԼԻՔ

September 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ՍԱՐՔԵՐՈՎ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱԼԻՔ

 

Հըզպալլայի գործածած հաղորդակցութեանց կազմածներուն (փէյճըր) նախանցեալ օրուայ պայթումներուն պատկերը տակաւին չամբողջացած, պայթումներու նոր շարք մը տեղի ունեցաւ երէկ, այս անգամ հարուածելով Հըզպալլայի անթել հաղորդակցութեանց սարքերը (walkie-talkie): Նախանցեալ օրուայ նման, յետմիջօրէի գրեթէ նոյն ժամերուն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն, հարաւի ու Պեքաայի մէջ տեղի ունեցան թիւով նուազ, սակայն ուժգնութեամբ աւելի ծանր պայթումներ, որոնք պատճառեցին յաւելեալ զոհեր ու բազմաթիւ վիրաւորներ, նաեւ հրդեհներ եւ նիւթական ծանր վնասներ: Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ յարձակումի երէկուայ ալիքին պատճառով կայ առնուազն 14 զոհ եւ շուրջ 450 վիրաւոր: Զոհերուն թիւը դարձեալ բարձր եղած է, նկատի առնելով պայթուցիկ նիւթին ուժգնութիւնը, սակայն վիրաւորներուն թիւը չէ հասած նախանցեալ օրուայ սահմանին, որովհետեւ, ըստ մասնագէտներու, «փէյճըր» ունեցողները եւ զայն միշտ իրենց մարմնին վրայ կրողները թիւով շատ աւելի են քան հաղորդակցութեանց անթել սարք ունեցողները, որոնք յաճախ սարքերէն համեմատաբար հեռու կ’ըլլան:

Այն ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օրուայ յարձակումներուն, ապա առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ կէսօրին յայտնեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 12-ի՝ ներառեալ երկու երեխայ, մինչ վիրաւորներւն թիւը մօտեցած է 2800-ի՝ ներառեալ շուրջ երեք հարիւր վտանգաւոր պարագայ: Ըստ Ապիատի, վնասուածքներուն մեծամասնութիւնը հասած է վիրաւորներու աչքերուն եւ ձեռքերուն, որ շտապ դարմանելու համար կատարուած է վիրաբուժական 460 գործողութիւն: Լիբանանեան կարմիր խաչի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քըթթէնէ յայտնեց, որ շտապ օգնութեան գործողութիւններուն մասնակցած է 450 ծառայող եւ 134 ինքնաշարժ, մինչ պայթումներու ականատես չդարձած շրջաններուն մէջ տեղակայուած 450 ծառայող եւ 150 ինքնաշարժ դրուած է պատրաստուածութեան բարձր վիճակի մէջ՝ անհրաժեշտութեան պարագային միջամտելու նպատակով:

Երէկուայ պայթումներէն ետք շուտով յայտարարուեցաւ, որ հաղորակցութեանց ականուած սարքերուն ապրանքանիշն է «iCOM V82», որ կը կրեն մասնաւորաբար Հըզպալլայի կազմակերպչական կառոյցի անդամները: Ի յայտ եկաւ նաեւ, որ նախանցեալ օր պայթած «փրյճըրներուն» ապրանքանիշն է «Gold Apollo», որուն կեդրոնատեղին Թայուանի մէջ է: Ընկերութիւնը սակայն հաղորդագրութեամբ մը յստակացուց, թէ Պէյրութի մէջ պայթած կազմածները արտադրուած են իր հեր համագործակցող BAC ընկերութեան կողմէ, որ կը գործէ Պուտափեշտի մէջ: Մայր ընկերութիւնը շեշտեց, թէ երբեք ուղիղ մատակարարում չէ կատարած Լիբանան: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, յարձակումի զոյգ ալիքներէն ետք նախնական եզրակացութիւնը այն է, որ Հըզպալլա հինգ ամիս առաջ միաժամանակ պատուիրած է հաղորդակցութեանց զոյգ տեսակի քանի մը հազար կազմած, այն համոզումով, որ ռազմական գործողութիւններուն ընթաքին անոնց գործածութիւնը աւելի ապահով է քան համացանցի միացած աւելի արդիական որեւէ սարքի կիրարկումը: Սակայն, կը կարծուի, որ իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւնները յաջողած են ինչ որ տեղ մը խոչընդոտել բեռներու Լիբանան փոխադրումը եւ զանոնք լեցնել սաստիկ պայթիւնավտանգ նիւթով, որպէսզի այդպէս ականուած վիճակի մէջ հասնին Հըզպալլայի անդամներուն: Իսկ երէկ գիշեր, հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի անդամներուն գործածած «iCOM V82» սարքը չունի Լիբանանի մէջ գործածելու օրինական արտօնութիւն եւ անոր գնումը չէ կատարուած համապատասխան ընկերութեան միջոցաւ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Հ.Մ.Մ.-ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Next Post

ՄԻՋԱԶԱԳԱՅԻՆ ՁԵՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ

Next Post
ՄԻՋԱԶԱԳԱՅԻՆ ՁԵՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ

ՄԻՋԱԶԱԳԱՅԻՆ ՁԵՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.