Հ.Մ.Մ.-Անթիլիասի ընդհանուր անդամական ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 8 Օգոստոս 2024-ին, ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանի, եզրափակուեցաւ հետեւեալ վարչական կազմով:
Ընկ. Գաբրիէլ Փաթափութեան – ատենապետ
Ընկ.հի Սիւզի Նաճարեան – փոխատենապետուհի
Ընկ. Ռազմիկ Օղլուքեան – ատենադպիր
Ընկ. Կարօ Մազաքեան – գանձապահ
Ընկ. Երուանդ Տատուրեան – հաշուապահ
Ընկ. Արա Գոճաօղլանեան – խորհրդական
Ընկ. Յովիկ Նագգաշեան – խորհրդական եւ ֆութպոլի դիւանապետ:
Ընտրութենէն եւ անորմէ ծնունդ առած փորձառու վարչականներով համալրուած կազմը ինքնին գօտեպնդող երեւոյթ ըլլալէ աւելի, խրախուսիչ եւ ուրախալի է իգական սեռին ներկայացուցիչով մը վարչական աշխատանքներուն մասնակից դառնալու փաստը, այն ալ փոխատենապետութեան պաշտօնին:
Մեր շնորհաւորութիւնները օրին փոխանցեցինք նորընտիր վարչութեան: Այս սիւնակով փափաքեցանք մտերիմ զրոյց մը ունենալ վարչական անդամներէն ատենապետին եւ ֆութպոլի դիւանապետին հետ, յոյս ունենալով որ անոր ընդմէջէն մեր յարգելի ընթերցողներուն գաղափար մը տուած կ’ըլլանք Անթիլիասի նման մարզական եռուն շրջանի մը համար նախատեսուող ծրագրերուն մասին:
Հ.Մ.Մ.-Անթիլիասի վարչութեան ատենապետ Ընկեր ԳԱԲՕ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆի հետ:
«Ա.» – Նախ, դարձեալ կը շնորհաւորենք Հ.Մ.Մ-Անթիլիասի նորընտիր վարչութիւնը եւ առաջին հարցումով կը փափաքինք, որ մեր ընթերցողներուն մօտէն ծանօթացնէք Անթիլիասի նման հայահոծ շրջանի մը մէջ Հ.Մ.Մ.-ի հաստատման մօտիկ անցեալին ամփոփ տեղեկութիւնները:
Գ.Փ.- Անձնապէս իմ եւ վարչական ընկերներուս անունով կ’ողջունեմ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ մամուլին պարտադրած դժուարութիւնները յաղթահարելու ձեր նուիրական ճիգին մէջ: Ի սրտէ շնորհակալ եմ, որ առիթ տուիք մեր մասնաճիւղի աշխատանքները հանրութեան ծանօթացնելու համար:
Հ.Մ.Մ-Անթիլիասի մասնաճիւղը իր վերելքը սկսաւ ապրիլ քաղաքացիական պատերազմէն ետք, երբ հայկական նշանակալի հոսք մը սկսաւ նախկին հայկական շրջաններէն դէպի «ապահով» նկատուող Անթիլիասի, Զալքայի կամ Նաքքաշի շրջանները: Նախկին Հ.Մ.Մ-ի ակումբը կը գտնուէր Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին յարակից փողոցներէն մէկուն մէջ, վարձակալական պայմաններով: Ժամանակի ընթացքին յարմար նկատուեցաւ զայն փոխարինել աւելի ընդարձակ եւ յարմարաւէտ եւ, ամենակարեւորը, սեփական վայրով: Ուստի այս որոշման գործադրութիւնը Հ.Մ.Մ.-Անթիլիասի ղեկավարներուս ամենաառաջին եւ լուրջ մարտահրաւէրն էր: Եւ շնորհիւ մեր մեծահոգի ազգայիններուն, պէտք է ըսել որ մեր անկարելի թուացող երազը իրականացաւ՝ Հ.Մ.Մ-Անթիլիասը օժտուեցաւ սեփական ակումբով:
«Ա.» – Որո՞նք էին ակումբին գնման նուիրատու ազգայինները:
Գ.Փ.– Սեփական ակումբ մը ունենալու ոգեւորութիւնը զգալի էր բոլոր Հ.Մ.Մ.-ականներուն մօտ: Պէտք է նշել, որ բոլորն ալ անխտիր ջանք չխնայեցին անոր իրականացման ճամբուն վրայ: Անկախ նիւթականէ, Հ.Մ.Մ-ականներուն քով զգալի էր բարոյական աջակցութեան ճիգերը, որ նոյնքան կարեւոր էր այդ պատասխանատու օրերուն: Այս իմաստով մեծ էր Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանի եւ ընկեր Յովսէփ Գալթաքճեանի նեցուկը եւ քաջալերանքը, իսկ նիւթական աջակցութեան առիւծի բաժինը իր ուսերուն առաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ անխոնջ Հ.Մ.Մ.-ական ընկեր Վազգէն Գալթաքճեանը: Ահա այս եռակի միասնականութեան շնորհիւ է, որ մենք այսօր հպարտութեամբ կ’արձանագրենք, թէ ունինք սեփական ակումբ հայահոծ այս շրջանին մէջ, ուր կը կատարենք ձեռնարկներ, հաւաքներ, դասախօսութիւններ, խրախճանքներ եւ ժողովներ:
«Ա.» – Վարչական վերջին ընտրութիւններէն ետք ինչպիսի՞ն է ծրագրերու ձեր ճանապարհային քարտէզը:
Գ.Փ.– Մեր նախատեսած ծրագրերը հիմնականին մէջ կ’ընդգրկէ ապագայ սերունդի մարզական դաստիարակութեան ապահովումը, յատկապէս ֆութպոլի մարզաձեւին մէջ: Անցեալին մեր հոգատարութեան տակ ունէինք հազիւ քանի մը տասնեակի հասնող պատանիներ, որոնցմէ շատեր արդէն հասունացման տարիքը կը բոլորեն եւ շուտով կրնան համալրել Հ.Մ.Մ-ի առաջին խումբի կազմը: Սակայն այսօր այդ թիւը կրկնապատկուեցաւ հասնելով 75-ի, վարչական աշխատանքները ընդհանրապէս եւ ֆութպոլի դիւանը յատկապէս դնելով գերպատասխանատու մարտահրաւէրներու ընդառաջ: Այժմ ալ, դիւանը խոհեմաբար եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կը գլխաւորէ ընկեր Յովիկ Նաքքաշեանը, որուն կ’աջակցին վարչական բոլոր ընկերները, ինչպիսիք՝ Երուանդ Տատուրեանը, Արա Գօճաօղլանեանը, նաեւ Յարութ Պասմաճեանը, որոնք երբեմն անձնական պարտականութիւնները մէկդի դրած, պատանիներուն կը հետեւին քայլ առ քայլ, մինչեւ իսկ շատ մը պատանիներուն փոխադրութիւնը անձնական միջոցերով ապահովելով եւ հասնելով տարիքային չորս խումբերու բոլոր կարիքներուն: Ունինք նաեւ Հ.Մ.Մ.-Անթիլիասի հեծելարշաւի բաժինը զարգացնելու ծրագիրը: Մտադրած ենք այս տարեշրջանին եւս մասնակցիլ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան եւ յոյսով ենք որ կ’ունենանք պատուաբեր նուաճումներ:
«Ա.» – Այս աշխատանքները բնականաբար նիւթականի եւ այլ դժուարութիւններու կրնան դուռ բանալ, այնպէս չէ՞:
Գ.Փ.– Միութենական կեանքի իմ տարիներու փորձառութենէս եկած եմ այն համոզումին, թէ բաւարար նիւթականի չգոյութեան հարցը պատուհաս մը դարձած է մեր հայկական բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն համար: Սա անխուսափելի երեւոյթ է: Սակայն, նաեւ համոզուած կը պնդեմ, որ անշահախնդիր զոհաբերութեամբ կատարուած աշխատանքը արդիւնք կը բերէ: Իսկ արդիւնքն ալ իր կարգին՝ մարդուժ: Աշխատող ձեռքերն ալ՝ նիւթական նուիրատու ազգայիններ: Այնպէս որ մեր վարչութիւնը, նախորդ աշխատելաոճին շարունակութեամբ, նոյնիսկ աւելի հաստատակամ, իր ներուժը պատրաստ է դնելու անշահախնդիր ծառայողական ոճին վրայ, իսկ մնացեալը վստահ եմ, որ մեր ծնողներն ալ, նուիրատու բարեկամներն ալ եւ Աստուած պիտի նկատեն եւ ճաշկերոյթներու, պարահանդէսներու, խրախճանքներու եւ այլ միջոցառումներու ընդմէջէն ի հարկի գնահատական տան:
«Ա.» – Ձեր եզրափակիչ խօսքը:
Գ.Փ.– Աստուծմէ բարին եւ մեր երկրին խաղաղութիւն կը խնդրենք, որպէսզի կարենանք մեր ապագայ ծրագրերը յաջողութեամբ իրագործել:
Շնորհակալութիւն «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին:
Հ.Մ.Մ.-Անթիլիասի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏ Ընկեր ՅՈՎԻԿ ՆԱՔՔԱՇԵԱՆի հետ:
«Ա.» – Ընկեր Նաքքաշեան, ըստ երեւոյթին բաւական պատասխանատու աշխատանքներ կը նախատեսուին ֆութպոլի դիւանէն ներս:
Յ.Ն. – Վերջին վարչական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք լծուեցանք շարունակելու մեր պատանիներուն տարիքային խումբերուն վերակազմակերպումն ու փորձերը: Ամենապատասխանատու աշխատանքը 2008-2009 եւ 2011–2012 ծնունդ ֆութպոլի խումբերուն մասնակցութիւնն է Լիբանանի տարիքային ախոյեանական խաղերուն, որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ աշնան: Միւս՝ 2014 -2015 եւ աւելի փոքր տարիքայիններուն հետ հերթական փորձերը առանց դադարի կը կատարենք սովորական ծրագրերով եւ յայտագրերով:
«Ա.» – Ի՞նչ են ձեր նախատեսութիւնները ախոյեանական պատասխանատու մրցումներուն մեր ապագայ ֆութպոլիստներուն արդիւնքներուն մասին:
Յ.Ն. – Ֆութպոլի մէջ նախատեսութիւններ հրապարակելը երբեմն տեղի կու տայ սխալ հասկացողութիւններու: Սակայն որպէսզի պատասխանս խուսափողական չըլլայ, կրնամ հաստատել, որ մեր պատանիները պատրաստ են մրցունակ դառնալու իրենց հասակակից որեւէ խումբի դէմ: Անոնք ունին բաւարար փորձ եւ կամք Լիբանանի պատանեկան որեւէ ախոյեանական մրցաշարք պատուով ամբողջացնելու համար: Այս մրցումները առիթ պիտի տան նաեւ երէց պատանիներուն յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք բերելու, քանի որ մօտ ապագային Հ.Մ.Մ-ի ներկայացուցչական խումբին մաս կազմելու տուեալները անոնց մէջ արդէն իսկ նկատելի է:
«Ա.» – Պիտի կարենա՞ք նոյնպիսի պատուախնդրութեամբ դիմակայել նախատեսուած նիւթական դժուարութիւնները:
Յ.Ն. – Այո՛, դժուարութիւննրը շատ են, սակայն վարչական բոլոր ընկերներուն համագործակցական ջանքերով մենք լիայոյս ենք որ դէմ կը կենանք այս դժուարութիւններուն:
«Ա.» – Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ֆութպոլի դիւան-մարզիչ եւ Ֆութպոլի դիւան-ծնողք յարաբերութիւնները:
Յ.Ն. – Հ.Մ.Մ.-Անթիլիասի ֆութպոլի դիւանի բոլոր անդամները սերտ համագործակցական փոխյարաբերութիւններ ունին մարզիչներուն հետ: Ընդհանրապէս հարցերը կը լուծուին հասկացողութեան մթնոլորտով: Առիթն է, որպէսզի անձնապէս իմ եւ դիւանի բոլոր անդամներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնենք մեր մարզիչներուն՝ գլխաւոր մարզիչ Ճօ Ապտալլա, մարզիչներ Յարութ Պասմաճեան, Վարդան Վարժապետեան եւ Պասսէմ Հիւսէյն:
Դիւանի եւ ծնողաց յարաբերութիւններն ալ միշտ եղած են անկեղծ եւ ընտանեկան մօտեցումով: Կը կարծենք որ այս մօտեցումն ալ պիտի շարունակուի նաեւ այսուհետեւ:
2008 – 2009 տարիքային խումբ
2011 – 2012 (Ա.) տարիքային խումբ
2014 – 2015 տարիքային խումբ
2011 – 2012 (Բ.) տարիքային խումբ