Հ.Մ.Մ.ի իգական շարժումը իր աշխոյժ գործունէութեամբ ծանօթ է յատկապէս 60-ական թուականներէն մինչեւ 80-ականները վերյիշող եւ մարզական կեանքին առնչակից լիբանանահայու մտապատկերին մէջ: Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթպոլի աղջկանց կազմը այդ օրերուն ազդու ներկայութիւն էր գաղութի մարզական իրադարձութիւններուն մէջ: «Անոնք ոչ միայն կը հաւասարէին, այլեւ, տեղ-տեղ, կը գերազանցէին իրենց այր միութենակիցներուն աշխատանքը։ Երբեմն կը հանդիսանային մղիչ ուժ ձեռնարկներու, անոնց գերազանց յաջողութեան մէջ ունենալով իրենց մեծ բաժինը»։
Լուսանկարները եւ անոնց մէջ երեւցող հերոսուհիներուն մասին տեղեկութիւնները քաղեցինք Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի պասքէթպոլի խումբին նախկին եւ երկարամեայ անդամուհիներէն ընկերուհի Մարալ Եագուպեանի անձնական արխիւէն: Հետաքրքրական բազմաթիւ պատմական փաստերու հանդիպեցանք մեր պրպտումներու ընթացքին: Կը պատմուի, թէ Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթպոլիստուհիները, սկսած 1960-ականներէն, սարսափազդու մրցակից մը եղած են այն տարիներու Լիբանանի իգական այլ խումբերուն համար: Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, յապաւումներով հանդերձ, որպէս Հ.Մ.Մ.-ը ներկայացնող մարզաձեւ շարունակած է իր միութենական առաքելութիւնը: Անդամուհիներուն մեծամասնութիւնը հետագային ամուր ընտանեկան միասնութիւն մը կազմած են իրե՛նց իսկ միութեան պատկանող երիտասարդ հայերու հետ, որոնց անունները մեր շրջանակին մէջ արդէն իսկ յայտնի են: Լուսանկարներուն մէջ զգալի է քաղաքացիական պատերազմի ռմբակոծումներուն հետքերը: Այնտեղէն կարելի է եզրակացնել, թէ ինչպիսի՞ խիզախ ու միութենանուէր պատրաստակամութիւն կար մեր աղջկանց մօտ:
Այսօր, այս յիշատակներէն 50-60 տարիներու հեռաւորութեամբ, անոնցմէ ոմանք կ’ապրին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: Մէկ մասն ալ մեր քովն են, մեզի հետ են: Սակայն ուր ալ որ գտնուած են, «պասքէթ»էն դրոշմուած իրենց միութենական ոգին այնքան ամուր դաջուած էր, որ անկարելի էր զանոնք չտեսնել հայապահպանման գոյապայքարին համար մղուող տարբեր միութենական ծառայութիւններուն մէջ:
Անոնք հաւատացած էին, եւ մինչեւ այսօր ալ կը հաւատան, որ հեռուէն կամ մօտէն ամէն մէկ գնդակը «կողով»ին մէջ նշանակելը ոչ միայն անհատական յաջողութիւն էր, այլ՝ հայրենի հողին ձգտելու տարածութեան կրճատում եւ այլասերման դէմ պայքարի իրագործում:
Այսօր, դժուա՞ր է վերակազմակերպել սիրողական աղջկանց խումբերը: Չկա՞ն արդեօք այս մարզաձեւին մէջ որոշ յատկանիշեր ցուցաբերող պատանիներ, երիտասարդներ: Ընդհանուր 10 անդամուհիներու հետ այս մարզաձեւը հաստատելու համար միթէ՞ մեծ գումարները յաղթահարելի չեն: Մինչ այդ եւ նմանօրինակ հարցերուն մասին խորհելու առիթը տանք, կը ներկայացնենք փունջ մը պատմական լուսանկարներ:
Նկար 1: Հաւանական տարին՝ 1980 – 1981, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի դաշտը, «Ջանից» խումբին դէմ մրցումէն առաջ:
Ոտքի՝ ձախէն աջ.
Ժիրայր Գապաքեան (Պասքէթի դիւանապետ)
Նազիկ Թոքճեան-Մանուկեան
Ալիս Չիլինկիրեան
Սալբի Ճունտուրեան
Արմիկ Էմիրեան-Արապեան
Զելա Պաղսարեան-Ալպարեան
Հուրի Սարաֆեան-Սաթեան
Մարալ Խաչատուրեան-Սեմերճեան
Շողիկ Օղլուքեան-Թորոսեան
Յովսէփ Մելքիսէթեան (մարզիչ)
Նստած՝
Հուրի Պէքմէզեան-Կիւտեշեան
Մարալ Սուլթանեան-Եագուպեան
Աստղիկ Քերեսթէճեան-Ասլանեան
Ռիթա Հալաճեան
Նկար 2: Հաւանական տարին՝ 1978, Թ.Մ.Մ.-ի դաշտը:
Ոտքի՝ ձախէն աջ.
Հուրի Սարաֆեան-Սաթեան
Շուշան Մխիթարեան
Արմիկ Էմիրեան-Արապեան
Թագուշ Գույումճեան
Տաթեւիկ Ճուլֆայեան
Շողիկ Օղլուքեան-Թորոսեան
Սեւակ Ալպարեան (մարզիչ)
Նստած՝
Զելա Պաղսարեան-Ալպարեան
Աստղիկ Քերեսթէճեան-Ասլանեան
Մարալ Սուլթանեան-Եագուպեան
Ռիթա Հալաճեան
Մարալ Խաչատուրեան-Սեմերճեան
Նկար 3 –1984-1985
Աջէն ձախ.
Աստղիկ Քերեսթէճեան-Ասլանեան
Սիլվա Սարաֆեան-Եփրեմեան
Նինա Աբարդեան
Մարալ Սուլթանեան-Եագուպեան
Հուրի Պէքմէզեան-Կիւտեշեան:
Ծանօթ. Մեր պրպտումներուն մէջ դժբախտաբար ոչ բոլորին ամուսնական մականունները կրցանք հաստատել: Այնպէս որ կ’ապաւինինք ձեր ներողամիտ հասկացողութեան: