Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼ 2-3 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

September 18, 2024
in Հայաստան
0
ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍՑՆԵԼ 2-3 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Հայաստան կ՛ակնկալէ, որ վիզաներու ազատականացման գործընթացը իր աւարտին հասնի 2-3 տարուան ընթացքին: Արտաքին գործերո փոխնախարարներ Պարոյր Յովհաննիսեան եւ Վահան Կոստանեան այայտնեցին, թէ մօտաւորապէս այդքան ժամանակ կը պահանջուի Հայաստանէն՝ անհրաժեշտ բարեփոխումներ իրականացնելու համար:

Պրիւքսէլի հետ վիզաներու ազատականացման հարցով երկխօսութիւնը մեկնարկեց անցեալ շաբաթ:

«Կը կարծեմ, որ իրատեսական է երկու-երեք տարուան մէջ աւարտել գործընթացը: Հայկական կողմը պատրաստակամ է, առանց ժամանակ կորցնելու, յառաջ ընթանալու: Յոյս ունինք, որ կարճ ժամանակի մէջ կը հասնինք դրական արդիւնքներու», ըսաւ Կոստանեան:

Յովհաննիսեան իր կարգին աւելցնելով՝ ըսաւ. «Անյաղթահարելի որեւէ բան չկայ: Աշխատանք կը պահանջուի բոլոր նախարարութիւններուն հետ, ներառեալ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, թէ՛ Պրիւքսէլի, թէ՛ անդամ երկիրներու հետ, բայց կը կարծենք՝ այդ գործընթացը պիտի կարենանք տանիլ հնարաւորինս արագ: Բաւականին լաւատեսական տրամադրուած ենք. Կը կարծեմ՝ երկու-երեք տարի առնուազն պէտք պիտի ըլլայ, որ աւարտենք այդ բոլոր գործընթացները»:

Հայաստանցիներուն համար Եւրոպական միութեան վիզայի դրութիւնը պիտի վերցուի, եթէ Երեւան զգալի բարեփոխումներ կատարէ շարք մը ուղղութիւններով՝ մարդու իրաւունքներէն, փտածութենէն եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարէն մինչեւ առողջապահական համակարգի բարեփոխումներ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մօտ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարաքոս տակաւին կանուխ կը նկատէ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն մուտքի արտօնագրերու ազատականացման գործընթացի մանրամասնութիւններուն մասին խօսիլը՝ միաժամանակ յայտնելով, որ միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ այդ կարեւոր նպատակի իրագործման:

Share64Tweet40
Previous Post

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Next Post

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ «ԿԱՐ ՈՒ ՉԿԱՐ» ՊԱՍՔԷԹԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱՐ

Next Post
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ  «ԿԱՐ ՈՒ ՉԿԱՐ» ՊԱՍՔԷԹԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱՐ

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ «ԿԱՐ ՈՒ ՉԿԱՐ» ՊԱՍՔԷԹԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.